Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի նպատակը Ռուսիան Չինաստանէն բաժնելն է ճիշդ այն ձեւով, որ նախկին նախագահ Ռիչըրտ Նիքսըն Չինաստանը հեռացուց Խորհրդային Միութենէն, կը հաղորդէ «Ռաշա Թուտէյ»ը:
«Չեմ գիտեր, եթէ բոլորովին յաջողինք Ռուսիան Չինաստանի հետ իր յարաբերութիւններէն անջատել, ինչպէս նաեւ Չինաստանի եւ Ռուսիոյ ուղղակի տագնապի մը մէջ ըլլալը աշխարհի կայունութեան համար լաւ չէ, որովհետեւ անոնք հիւլէական տէրութիւններ են, սակայն ներկայ կացութիւնը Ռուսիան կը մղէ Չինաստանէն հետզհետէ աւելի կախեալ ըլլալու, եւ այդ որեւէ կողմի համար լաւ արդիւնք չէ: Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի միջեւ յարաբերութիւնները պիտի ձեւաւորեն 21րդ դարը, եւ թէ՛ Ռուսիոյ, թէ՛ Ամերիկայի համար աւելի լաւ է, որ Ռուսիա «Չինաստանին հետեւորդ գործընկեր» մը չըլլայ: Ռուսիա արեւմտեան պատժամիջոցներուն պատճառով բոլորովին Չինաստանէն կախեալ դարձած է, ինչ որ զայն անկարող կը դարձնէ ապագային Միացեալ Նահանգներու հետ իր յարաբերութիւնները բարելաւելու», ըսաւ Ռուպիօ՝ աւելցնելով՝ «Պէտք է իրապաշտ կերպով վարուիլ մեծ պետութիւններուն հետ եւ տագնապները կառավարել` կանխարգիլելու համար պատերազմները: Դիւանագիտական յարաբերութիւններուն մէկ մասը հաղորդակցելու եւ մեծ տէրութիւններուն հետ հարցերը լուծելու կարողութիւնն է: Փանամայի ջրանցքի նաւահանգիստներուն վրայ Չինաստանի վերահսկողութիւնը ամերիկեան առեւտուրին սպառնալիք կը ներկայացնէ: Փանաման Ամերիկայի զօրակցող իր ներկայ ղեկավարութեան տակ սկսաւ վերատեսութեան ենթարկել նաւահանգիստներուն վերահսկող չինական ընկերութիւններու գործունէութիւնը: Կարելի է գտնել խախտումներ, որոնք կրնան յանգեցնել այդտեղ Չինաստանի ազդեցութեան վերջ տրուելուն»: