

Կիրակի, 23 Փետրուարի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան հանդիսապետեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Ս. պատարագին, քարոզեց եւ մատաղօրհնէք կատարեց, ապա նախագահեց ՀՕՄի ննջեցեալներու հոգւոցն խաղաղութեան համար հոգեհանգստեան պաշտօնին, պատարագիչ ունենալով Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերէն Կոմիտաս Ա. քհնյ. Թորոսեանը: Արարողութեան ներկայ եղան Ս. Նահատակաց Ֆերահեան Ազգային վարժարանի աշակերտական խումբեր, շրջանի ՀՕՄի մասնաճիւղի ընկերուհիներ եւ ժողովուրդի զաւակներ:
Սրբազան հայրը իր քարոզը սկսաւ հոգեւոր խորհրդածութեամբ մը, որ կը պատասխանէր այն հարցումին, թէ՝ «մէկ նախադասութեան մէջ ինչպէ՞ս կարելի է խտացնել Աստուածաշունչը»: Իբրեւ պատասխան՝ ան ըսաւ, որ Ս. Գիրքին մէջ արձանագրուած «սիրէ ընկերդ քու անձիդ պէս» պատուիրանը եթէ գործադրենք մեր կեանքին մէջ, գործադրած կ՛ըլլանք Աստուածաշունչի բոլոր մարգարէութիւնները եւ պատուիրանները այնպէս, ինչպէս Պօղոս առաքեալը կը թելադրէ:
Ընդարձակելով այս մտածումը՝ ան Քրիստոսի ուսուցանած առակները յիշատակեց՝ ցոյց տալով, որ Յիսուս կը փորձէր պարզաբանել ճշմարտութիւնները եւ զանոնք սորվեցնել իր հետեւորդներուն, որպէսզի մարդիկ չըլլան անձնասէր, այլ ըլլան ընկերասէր, այսինքն՝ իրենցմէ դուրս սիրեն նաեւ զիրենք շրջապատող մարդիկը եւ բոլոր մարդերը, վարուին այնպէս, ինչպէս իրենք կ՛ուզէին մարդիկ վարուին իրենց հետ:

Այս ծիրին մէջ, մանրամասնելով Յիսուսի կողմէ պատմուած «բարի սամարացի»ի օրինակը՝ առաջնորդը շեշտեց, որ առաջին՝ չի բաւեր կեանքի մէջ բարի բաներու հաւատալ ու ըլլալ բարի, այլ պէտք է մեր հաւատքը գործով ցոյց տանք (compassionate action). երկրորդ, որ չկան մակարդակներ կամ սահմաններ օգնութեան, այլ՝ պէտք է, մարդը մարդուն հասնի օգնութեան որքան որ պէտք է՝ նկատի չունենալով բոլոր շինծու սահմանները եւ սահմանափակող հանգամանքները, ապա սամարացիին բարի օրինակը պատշաճեցնելով Հայ Օգնութեան Միութեան դարաւոր առաքելութեան՝ սրբազանը նշեց, որ հայ ազգի բարի սամարացիներէն մէկն է կնոջական այս միութիւնը, որ առանց սահմանի եւ սահմանափակութեան նուիրուած է մեր ժողովուրդի վիրաւոր եւ կարիքաւոր հատուածին ու անհատին պէտքերու լիացման եւ դժուարութիւններու յաղթահարման՝ յաճախ առանց նախօրօք զգուշացման, մասնաւորաբար աղէտալի պահերու, երբ այս կազմակերպութիւնը՝ իբրեւ սամարացիական բուժող ձեռք, անմիջապէս կը փութայ հասնիլ օգնութեան, աշխարհի ո՛ր անկիւնէն որ հնչէ կարիքաւորի մը կանչը:

Իր խօսքին աւարտին, Գեղամ արքեպիսկոպոսը գնահատեց ՀՕՄի կամաւորական եւ կազմակերպ աշխարհատարած գործունէութիւնն ու պատրաստակամութեան ոգին՝ նուիրեալ, անշահախնդիր եւ բոլորանուէր հայ մայրերէ, հայ կիներէ եւ հայուհիներէ կազմուած այս կազմակերպութեան, զայն կոչելով «հայ ժողովուրդի բարի սամարացին»:
Յետ արարողութեան, սրբազանը օրհնեց ՀՕՄի ննջեցեալներու յիշատակը եւ այս առիթով պատրաստուած մատաղը:
Յայտնենք, որ ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան դիմումին ընդառաջ, առաջնորդին տնօրինումով, նոյն օրը Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄի ննջեցեալներու յիշատակին նուիրուած հոգեհանգստեան պաշտօն, որուն ներկայ եղան տեղական մասնաճիւղերու վարչական կազմերը, անդամներն ու մեզմէ առյաւէտ բաժնուած վաստակաւոր եւ նուիրեալ ՀՕՄուհիներու ընտանեկան պարագաները, հարազատներն ու բարեկամուհիները:
