ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ»․- Թուրքիոյ օրակարգը 27 Փետրուարին յեղաշրջուեցաւ Ապտուլլահ Օճալանի պատմական կոչով, որուն միջոցով ան Անգարայի կողմէ ահաբեկչական նկատուող Քիւրտիստանի Բանուորական կուսակցութեան անդամները հրաւիրեց զինաթափուելու եւ ինքնալուծարման գործընթացը սկսելու։
Թէեւ անցեալ աշունէն ի վեր այս գործընթացը կը հասուննար, սակայն, Օճալանէն ակնկալուած այս կոչին վերջապէս հնչելը դարձաւ առանցքային իրադարձութիւն մը։ Իմրալը կղզիի իր բանտէն ան ունեցաւ ելոյթ մը, որուն ընթացքին ան շեշտեց, որ կը ստանձնէ այդ կոչին պատմական պատասխանատուութիւնը։ Ան պահանջեց, որ Քիւրտիստանի Բանուորական կուսակցութիւնը կազմակերպէ համագումար մը եւ որոշէ բոլոր խմբաւորումներու զէնքերը վար դնելը եւ երթայ ինքնալուծարման։ Իր կոչը, որ սփռուեցաւ ուղիղ եթերով՝ հնչեց չորս լեզուներով՝ քրտերէն, թրքերէն, անգլերէն եւ արաբերէն։ Ելոյթին ընթացքին, անոր կողքին էին քրտական քաղաքականութեան շարք մը առաջատար դէմքեր։
Քաղաքական մեկնաբանները ուշադրութիւն կը հրաւիրեն, թէ Օճալանի կոչին մէջ որեւէ ակնարկութիւն չկայ առանձին պետութեան մը, դաշնակցութեան մը կամ վարչական ինքնավարութեան մը։
Օճալանի այս կոչը շատ լայն արձագանգ ունեցաւ ։ Սպիտակ տունը մաղթեց, որ անիկա խաղաղութիւն ապահովէ։ Պերլինէն տեղեկացուեցաւ, որ Գերմանիա այս կոչը կը համարէ պատմական հնարաւորութիւն մը։ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կիւթերեշ այս կոչը բնորոշեց յոյսի լոյս մը, իսկ Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութիւնը տեղեկացուց, որ կոչը պէտք է գործադրուի։