
Ամերիկահայ բժշկական միութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ իր հիմնադրութեան 40ամեակին նուիրուած ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 5 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ, Միշըն Հիլզի «Լենտմարք» սրահին մէջ։
Չորս տասնամեակներէ ի վեր հայութեան առողջապահական կարիքներուն հասնող սոյն կազմակերպութեան այս տարուան ձեռնարկին եւս պիտի մեծարուին շարք մը անձնաւորութիւններ, իսկ հասոյթը պիտի տրամադրուի Հայաստանի առողջապահական ոլորտը արդիականացնելու ջանքերուն եւ միութեան կրթանպաստի հիմնադրամին։
Նշենք,մ որ ներկայիս կազմակերպութիւնը Հայաստանի մէջ առողջապահական մասնագիտութիւններ ընտրած 16 ուսանողներու կրթական ծախսերը կը հոգայ, իսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ 113 կրթանպաստներ յատկացուցած է այդպիսի մասնագիտութիւններու հետեւող ուսանողներու։ Ամերիկահայ բժշկական միութիւնը կը հանդիսանայ Սփիւռքի մէջ իր տեսակին մէջ մեծագոյնը:
40ամեակի ձեռնարկին մասնակցութեան սակը 275 տոլար է։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ տեղեր ապահովելու համար դիմել (818) 943-4274 թիւին կամ այցելել կայքը: