Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի նախագահութեամբ՝ սկիզբ առաւ Ազգային վարչութեան՝ թեմի ծուխերու մարմիններուն հետ հանդիպումներու եւ շնորհաւորական այցելութիւններու շարքը, նպատակադրելով հոգեւոր եւ աշխարհիկ պատասխանատուներու հետ հանդիպում՝ առ ի ծանoթացում նորընտիր կազմերուն ու անոնց ծրագիրներուն:
Արդարեւ, առաջինը այս այցելութիւններուն տեղի ունեցաւ 11 Փետրուարին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ, ուր սրբազան հայրը եւ Ազգային վարչութիւնը ու դիւանապետը հանդիպում ունեցան եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերուն, Հոգաբարձութեան նոր կազմի անդամներուն եւ շրջանի երեսփոխաններուն հետ, սիրոյ սեղանի մը շուրջ՝ հիւրընկալուած Հոգաբարձութեան կողմէ:


Շնորհաւորելէ ետք Հոգաբարձութեան նորընտիր կազմը՝ Գեղամ արքեպիսկոպոսը ծանօթացաւ եկեղեցւոյ ներկայ աշխատանքներուն եւ ապագայ ծրագիրներուն, կատարեց ցուցմունքներ՝ ընթացիկ տարուան հոգեւոր եւ ազգային տօներու ու ծիսական արարողութիւններու առնչութեամբ, ապա գնահատեց եկեղեցի-ժողովուրդ ջերմ կապը եւ իր հայրական խօսքին ընդմէջէն իր օրհնութիւնները բաշխեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի բոլոր անդամներուն: Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան, յանուն Ազգային վարչութեան՝ հրաւիրեց ներկաները սրտբացօրէն խօսելու իրենց դժուարութիւններուն եւ ծրագիրներուն մասին, պատրաստակամութիւն յայտնելով ըստ պահանջի օժանդակութեան ձեռք երկարելու:
18 Փետրուարի երեկոյեան, նոյն նպատակով, առաջնորդը նախագահեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարին հետ հանդիպում-սիրոյ սեղանին, որուն ներկայ եղան Ազգային վարչութեան կազմը, եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերը եւ Հոգաբարձութեան նորընտիր անդամներն ու շրջանի Ազգային երեսփոխաններ:

Գեղամ արքեպիսկոպոսը ներկաներուն հետ հաց կիսեց եւ մօտէն ծանօթացաւ համայնքի ներկայ իրավիճակին, դիմագրաւած հարցերուն, ներկայ աշխատանքներուն ու իրագործելիք ծրագիրներուն, ապա շնորհաւորեց նոր անդամները եւ իր հայրական յորդորներն ու թելադրանքները փոխանցեց գալիք օրերու եկեղեցական եւ ազգային տաղաւարներու առնչութեամբ, ինչպէս նաեւ գնահատեց Մոնթեպելլոյի համայնքն ու ազգային կառոյցներու գործունէութիւնը, թելադրելով յատկապէս վերակենսաւորել եկեղեցւոյ երիտասարդական ճամբարի եւ ընդհանրապէս երիտասարդութիւնը ներգրաւելու ծրագիրներն ու ջանքերը: Ազգային վարչութեան անդամները եւս կատարեցին շինիչ առաջարկներ աւելի եւս ջերմացնելով գործակցական մթնոլորտը: Երեկոյի եզրափակումը կատարեց սրբազանը՝ իր հայրական օրհնութիւններուն միախառնելով առաջնորդական բարեմաղթութիւններ: