
3 Մարտին, համացանցին վրայ տարածուեցաւ տեսանիւթ մը, որուն մէջ կ՛երեւի Հայաստանի փողոցներուն մէջ երթեւեկող ինքնաշարժ մը, որուն սնտուկին վրայ Ատրպէյճանի դրօշակը դրուած է։
Ոստիկանութենէն «Թերթ»ին յայտնեցին, որ ոստիկանութեան կողմէ արձանագրութիւն կատարուած է՝ վարչական իրաւական խախտումին գծով։
Աւելի ուշ, ներքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նարեկ Սարգսեան տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի դրօշով ինքնաշարժը եւ վարորդը բերուած են ոստիկանութեան բաժինը: «Համացանցում տեսանիւթ է տարածուել, թէ ինչպէս է մի մեքենայ երթեւեկում ճանապարհին` բեռնախցիկին Ադրբեջանի դրօշ: Տրանսպորտային (փոխադրութեան) միջոցը վարող անձի գործողութիւններում իրաւախախտման հանգամանքները պարզելու եւ ըստ այդմ համապատասխան վարոյթ նախաձեռնելու հարցը քննարկելու նպատակով` վարորդը տրանսպորտային միջոցով ներկայացուել է Համայնքային ոստիկանութեան Վաղարշապատի բաժին: Կը տրուի լրացուցիչ տեղեկատուութիւն», յայտարարեց Սարգսեան: