Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան 3 Մարտին յայտարարեց, որ խմբակցութեան պատգամաւորները ամէնօրեայ դրութեամբ կ՛օգտագործեն իրենց բոլոր կապերը եւ լծակները` Պաքուի բանտերուն մէջ անօրինաբար պահուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներու եւ հայ ռազմագերիներու ակնյայտ կերպով ոտնահարուած իրաւունքները օր առաջ վերականգնելու եւ զանոնք Հայաստան վերադարձնելու նպատակով։
Ան նշեց, որ նամակներ յղուած են ԵԱՀԿի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Փիա Քաումային, Մարդու իրաւունքներու զեկուցող Քարին Օտեպրիքին եւ Հարաւային Կովկասի հարցերու գծով ներկայացուցիչ եւ ԵԱՀԿի Խորհրդարանական վեհաժողովի փոխնախագահ Լուիշ Կրացիային՝ պահանջելով անյապաղ քայլերու ձեռնարկել Պաքուի մէջ գերի պահուող հայ ռազմագերիներու եւ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան դատավարութիւններուն նկատմամբ մշտադիտարկում իրականացնող փաստահաւաք առաքելութիւն կազմակերպելու ուղղութեամբ։
«Արդիւնաւէտ միջազգային դիտորդական մեխանիզմների (գործիքակազմերու) եւ հաշուետուողականութեան գործադրումն անխուսափելի անհրաժեշտութիւն է: Ադրբեջանին պատասխանատուութեան չենթարկելն ամենաթողութեան եւ անպատժելիութեան աղբիւր է միւս բռնատիրական ռեժիմների (վարչակարգերուն) համար: Լիայոյս ենք, որ ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովն անհրաժեշտ միջոցներ կը ձեռնարկի Ադրբեջանում տեղի ունեցող մարդու իրաւունքների ոտնահարման, մասնաւորապէս Լեռնային Ղարաբաղի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ապօրինի կալանաւորման եւ նրանց ազատ արձակման ուղղութեամբ», յ կը շեշտուի վերոնշեալ նամակներուն մէջ: