Հայաստանի՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու գործընթացի մեկնարկի նախագիծին քուէարկութիւնը յետաձգուեցաւ, տեղեկացուց Ազգային ժողովի Եւրոպական համարկման յանձնաժողովի նախագահ Արման Եղոյեան։
«Առաջարկում եմ քուէարկութեան փուլում յետաձգել նախագծի քննարկումը եւ արդէն քննարկել եւս մէկ անգամ արդէն յաջորդ քառօրեային կամ արտահերթ նիստում», ըսաւ ան։
Եղոյեան բացատրեց, որ քննարկումը եւ քուէարկութիւնը պէտք է աւարտէին մինչեւ 3 Մարտ՝ կէսօրուան ժամը 12, որպէսզի ներառուէր խորհուրդի օրակարգին վրայ, իսկ իրենք չեն հասած այդ մէկը ընելու, առ այդ, նախագիծը յանձնաժողովին մէջ պիտի քննարկեն կա՛մ այս շաբաթուան աւարտին, կա՛մ յաջորդ շաբաթ։
Ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Էլինար Վարդանեան առաջարկեց յստակացնել՝ խօսքը, Ազգային ժողովի կանոնակարգ օրէնքով նախատեսուած, մինչեւ երկու ամիս ժամկէտով երկարաձգելու ընթացակարգին մասի՞ն է: Եղոյեան դրական պատասխանեց՝ նոյն ատեն շեշտելով, որ քննարկումը պիտի կազմակերպուի յառաջիկայ օրերուն եւ պիտի ընդգրկուի արդէն յաջորդ լիագումարի օրակարգին վրայ։
Յիշեցնենք, որ Եւրոպական Միութեան՝ Հայաստանի անդամակցութեան գործընթացի մեկնարկի նախագիծը, որ Ազգային ժողով հասած է «Եւրաքուէ» նախաձեռնութեան միջոցով, խորհրդարանը 12 Փետրուարին որդեգրեց առաջին ընթերցումով։ Օրինագիծը տակաւին պէտք է անցնի երկրորդ ընթերցումէ մը, որմէ առաջ պէտք է քննարկուի յանձնաժողովին մէջ: Նախագահին ստորագրելէն եւ վերջնական հաստատումէն ետք, օրէնքին ընդունումը չի նշանակեր Եւրոպական Միութեան անդամակցելու վերաբերող հանրաքուէի իրականացումը, այլ, ինչպէս կը նշեն իշխող ուժի ներկայացուցիչները, անիկա կը վերաբերի «քաղաքական կամքին»։