
1 Մարտին, Գանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբը ներկայացնող պատուիրակութիւնը մասնակցեցաւ Վենքուվըրի SUCCESS GALA ընդունելութեան։ SUCCESS Foundation-ը բարեսիրական հաստատութիւն մըն է, որ կը նպատակադրէ նուիրահաւաքներու միջոցով բարելաւել Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի համայնքային կեանքը։
Ընդունելութեան ընթացքին, Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութեան անդամներ Վաննէսա Յակոբեան, Վահէ Անտոնեան եւ Վահիկ Յակոբեան հանդիպում մը ունեցան Պրիթիշ Գոլոմպիոյ վարչապետ Տէյվիտ Էպիի հետ, որուն հետ առանձնազրոյցի մը ընթացքին արծարծուեցան հայ համայնքի գլխաւոր մտահոգութիւնները, ինչպէս նաեւ Պրիթիշ Գոլոմպիոյ կառավարութեան եւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին գործակցութեամբ իրագործուող Հայոց Ցեղասպանութեան ամէնամեայ ոգեկոչման հանդիսութեան կազմակերպման աշխատանքները։ Նոյն ատեն,, յանձնախումբի ներկայացուցիչները շեշտեցին Սումկայիթի եւ Պաքուի մէջ հայերու դէմ գործադրուած ջարդերու միջազգային հանրութեան կողմէ ճանաչման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ Ատրպճէյանի իշխանութիւններուն կողմէ 120,000 հայերու բռնի տեղահանումը իրենց պատմական հայրենիքէն եւ շարունակուող մշակութային ցեղասպանութիւնը։


Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը յատուկ կերպով շեշտեց Պաքուի մէջ անօրէն կերպով բանտարկուած հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքական բանտարկեալներու անյապաղ ազատ արձակումը։
Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները նաեւ երկար քննարկում մը ունեցան Գանատայի խորհրդարանի անդամ եւ արտակարգ իրավիճակներու նախարար Հարճիթ Սաճանի հետ՝ անդրադառնալով Ատրպէյճանի կողմէ շարունակուող յարձակողապաշտ քաղաքականութեան պատճառով Հայաստանի գերիշխանութեան սպառնացող վտանգին, ինչպէս նաեւ Պաքուի բանտերուն մէջ բանտարկուած հայ ռազմագերիներու հարցին։ Նախարարը ընդգծեց, որ տարածաշրջանային կայունութիւնը Գանատայի առաջնահերթ մտահոգութիւններէն է։ Ան յիշեցուց, որ այս տարի G7-ի համաժողովը տեղի պիտի ունենայ Ալպերթա նահանգին մէջ, եւ Գանատա մտադիր է հայ համայնքին կողմէ առաջադրուած շարք մը մտահոգութիւններ ընդգրկել օրակարգին վրայ։
Յանձնախումբի անդամները զրուցեցին նաեւ Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի նախարարներ Թերի Եանկի եւ Մայք Ֆարնուըրթի հետ, ինչպէս նաեւ Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի Մեծն Բրիտանիոյ Թագաւորութեան ներկայացուցիչ Ուէնտի Քօքքիայի հետ։