Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 6 Մարտին հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ վրացի իր պաշտօնակիցին՝ Մաքա Պոճորիշկիլիի հետ: Արտաքին գործոց նախարարութենէն կը յայտնեն, որ անոնք, բացի երկկողմ օրակարգէն, խօսեցան նաեւ տարածաշրջանային հարցերու մասին եւ անդրադարձան Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան ապահովման ուղղութեամբ քննարկումներուն:
Նոյն օրը Պոճորիշկիլի զրոյց ունեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ: Ըստ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ անոնք քննարկեցին երկու երկիրներուն համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային հարցեր:
Աւելի կանուխ, Թիֆլիս վերահաստատած էր իր պատրաստակամութիւնը՝ նպաստելու Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման գործընթացին:
Յիշեցնենք, որ Պոճորիշկիլի Երեւանի մէջ յայտարարած էր, թէ Թիֆլիս կը փափաքի տեսնել տարածաշրջանը խաղաղ՝ նշելով, որ իրենք պատրաստ են կարելին ընելու այդ նպատակին հասնելու համար: