
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ դարձեալ պնդեց, որ Զանգեզուրը «ատրպէյճանական հող է, որ միտումնաւոր կերպով յանձնուած է» Հայաստանին՝ ատրպէյճանցիներուն կեանքը բարդացնելու համար: Ալիեւ այս յայտարարութիւնը կատարեց 5 Մարտին, Անգարայի մէջ՝ Իկտիր-Նախիջեւան կազատարի բացման արարողութեան ընթացքին:
«Ինչպէս դուք գիտէք, Նախիջեւանը հին ատրպէյճանական հող է: Սակայն, անիկա, արդէն առաւել քան մէկ դարէ ի վեր անջատուած է Ատրպէյճանի հիմնական տարածքէն: 1920ին՝ Ատրպէյճանի դեմոկրատական հանրապետութեան անկումէն հինգ ամիս ետք, խորհրդային իշխանութիւնները Արեւմտեան Զանգեզուրը դուրս բերին Ատրպէյճանի կազմէն եւ միացուցին Հայաստանին: Այդպիսով կտրուեցաւ Ատրպէյճանի հիմնական տարածքի եւ մեր երկրի անքակտելի մաս հանդիսացող Նախիջեւանի ցամաքային կապը: Առաւել քան մէկ դար շարունակուող այս անարդարութիւնը շատ բացասաբար անդրադարձաւ Նախիջեւանի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն վրայ», յայտարարեց Ալիեւ, որ խօսելով Նախիջեւանի մասին՝ առիթը օգտագործեց անգամ մը եւս գովելու իր հայրը՝ նախկին նախագահ Հէյտար Ալիեւը՝ պնդելով, որ անոր շնորհիւ այսօր ինքնավար հանրապետութիւնը կը շարունակէ մնալ Պաքուի վերահսկողութեան տակ:
«Երբ սկսաւ առաջին ղարաբաղեան պատերազմը, Հայաստանը բռնագրաւեց Ղարաբաղը՝ միաժամանակ շրջափակելով Նախիջեւանը: Հայերը նաեւ Նախիջեւանի բռնագրաւումը կը ծրագրէին: Բայց հայրս՝ Հէյտար Ալիեւ, որ այդ ժամանակ կը ղեկավարէր Նախիջեւանը, թոյլ չտուաւ այդպիսի բան իրականացնել: Բոլոր նախիջեւանցիները համախմբուեցան եւ պաշտպանեցին հայրենի հողը ու գրաւողները իրենց տեղը դրին», ըսաւ Ալիեւ:
Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահները այս արարողութեան մասնակցեցան հեռավար՝ Անգարայէն: Տեղւոյն վրայ՝ Նախիջեւանի եւ Թուրքիոյ սահմանին մերձակայքը, վերոնշեալ կազատարի բացման մասնակցեցան երկու երկիրներու ուժանիւթի նախարարները, որոնք բացին ընդամէնը մէկուկէս տարուան ընթացքին կառուցուած 80 քիլոմեթր խողովակաշարի խորհրդանշական փականը:
Ըստ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի՝ Իկտիր-Նախիջեւան կազատարի շահագործման մեկնարկը աւելիով պիտի ամրապնդէ Թուրքիա-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները եւ Անգարայի ազդեցութիւնը Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան մէջ: