«Ապրելու Երկիր» կուսակցութեան նախագահ Մանէ Թանդիլեան իր հացադուլը դադրեցուց եւ յորդորեց Ռուբէն Վարդանեանի կինը եւ քոյրը դիմել աշխոյժ քայլերու, որոնց կարգին ՄԱԿի գրասենեակէն պահանջելով Պաքուի իրենց պաշտօնակիցները յորդորել ներկայ գտնուիլ Վարդանեանի դատավարութեան:
Թանդիլեանի առաջին պահանջը միջազգային ներկայութիւնն է Ռուբէն Վարդանեանի դատավարութեան, երկրորդը` հանրային պահանջ ներկայացնել կառավարութեան` աշխոյժ կերպով զբաղելու գերիներու ազատ արձակման գործով:
Նշենք, որ Մանէ Թանդիլեան 1 Մարտէն սկսած էր հացադուլի Ազատութեան հրապարակին վրայ` իբրեւ պաշտպանութիւն Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի եւ Պաքուի մէջ պահուող միւս հայ գերիներուն:
Թանդիլեան հացադուլի սկսաւ նաեւ Ռուբէն Վարդանեանէն խնդրելով՝ «դադարեցնել իր կեանքի համար անդառնալի սպառնալիք հանդիսացող հացադուլը»:
18 Փետրուարէն սկսեալ Պաքուի բանտին մէջ հացադուլ յայտարարած Վարդանեան կը ձգտի աշխարհի ուշադրութիւնը հրաւիրել «իր նկատմամբ դատական ֆարսի վրայ»: