Արդէն թափ առած է Հայաստանի նախագահական ընտրապայքարը, որուն գլխաւոր եւ ակներեւ առանձնայատկութիւնը, զարմանալիօրէն անշուշտ, դեռ չկատարուած քուէարկութեանց արդիւնքը «ստուգապէս» կանխատեսող եւ վճռորոշող պետական-պաշտօնական քարոզարշաւն է։
Հ.Հ. նախագահի թեկնածու եւ գործող վարչապետ Սերժ Սարգսեանի ընտրական յաղթանակը անվիճելիօրէն ապահով համարելու ոգեւորութեամբ վարակուած են գրեթէ բոլոր զանգուածային լրատուութեան միջոցները, որոնք բացարձակ մեծամասնութեամբ կը թաւալին օրուան իշխանութեանց ազդեցութեան ոլորտին մէջ։ Մէկ ձեռքի մատներուն համարանքն իսկ չեն ամբողջացներ մամուլի, ձայնասփիւռի եւ հեռուստատեսութեան այն բեմերը, որոնք չորրորդ իշխանութիւնը ներկայացնելու իրենց կոչումը զիջած չեն օրուան իշխանաւորին անպաշտօն խօսափողը հանդիսանալու շահաբեր պատեհապաշտութեան…
Աւելի՛ն. կարծէք անհարկի ժամավաճառութիւն են եւ պարզապէս ժողովրդավարական արարողակարգը յարգելու սիրոյն տեղի պիտի ունենան Փետրուար 19ի ընտրութիւնները։ Ի նպաստ թեկնածու Սերժ Սարգսեանի վկայակոչելով հարցախոյզներու կազմակերպման հարուստ փորձ ունեցող ամերիկեան գործակալութեանց «ստուգած» հանրային կարծիքի նախասիրութիւնները, հետեւողականօրէն լուսարձակի տակ պահելով արտասահմանեան եւ յատկապէս եւրոպական մամուլի գնահատական անդրադարձները եւ, մանաւա՛նդ, անդադար ներբողելով հայրենական որեւէ բնագաւառի յաջողութեան կամ յառաջխաղացքի իրագործման մէջ անձամբ Սերժ Սարգսեանի «հիմնական» ներդրումը՝ պաշտօնական քարոզարշաւը կը փորձէ, ըստ ամենայնի, ջլատել ընտրազանգուածի այլընտրանք ունենալու եւ իսկապէս ընտրանք կատարելու քաղաքացիական աշխուժութիւնն ու ինքնավստահութիւնը։
Փաստօրէն, իշխանաւոր վերնախաւը որդեգրած է 2008ի նախագահական ընտրութիւնները իմաստազրկելու եւ իրենց ուժականութենէն պարպելու քարոզչական ռազմավարութիւն մը, որ կարենայ ըստ կամս հակակշռի տակ պահել ընտրապայքարին՝ ժողովրդավարական որեւէ ընտրապայքարի անակնկալներով յղի բնականոն ընթացքը…
Զարմանալի չեն, հետեւաբար, այն մեծ հակասութիւնն ու անհեթեթ վիճակը, որոնց կը մատնուի ոեւէ անձ, երբ նախընտրական շրջանին Երեւանի մէջ իր տեսած իրողութիւնները կամ շօշափած տրամադրութիւնները կը բաղդատէ արտասահմանի տարածքին հեռարձակուելու առանձնաշնորհումը ունեցող պետական-պաշտօնական քարոզչութեան կողմէ հրամցուած «ճշմարտութիւններուն» հետ։ Այլապէս ալ, անշուշտ, նոյնինքն Երեւանի մէջ ապրողը եւս կը մատնուի միեւնոյն վիճակին, երբ առօրեայ իր կեանքին մէջ նկատած, բայց մանաւանդ սեփական մորթին վրայ զգացած անիրաւումները, ապօրինութիւնները, չարաշահումները եւ կամայականութիւնները կը բաղդատէ պաշտօնական քարոզչութեան գովազդած բարեփոխումներուն, կարգաւորումներուն, ընկերատնտեսական զարգացման ցուցանիշներուն եւ, յատկապէս, վաղուան «փայլուն» հեռանկարներուն հետ։
Ուշագրաւն ա՛յն է, որ Մայիս 2007ի խորհրդարանական ընտրապայքարի օրերուն արդէն կիրարկման մէջ դրուած եւ շատ արագ սպառած քարոզչական այս ռազմավարութիւնը վերաշխուժացման պարարտ հող գտաւ, երբ աշնանամուտին նախագահական ընտրապայքարի մրցադաշտէն ներս յայտնուեցաւ վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան անդրանիկ նախագահը։ ՀՀ նախագահութեան թեկնածու առաջադրուելով՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեան, գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ, օրուան իշխանութեանց ընձեռեց ընտրարշաւի պաշտօնական քարոզչութիւնը վերաթարմացնելու, հնչեղ ու համոզիչ դարձնելու շօշափելի հնարաւորութիւն։
ՀՀՇական վարչախումբի անցեալ իշխանութեան դառնագոյն յիշողութիւններէն դեռ լրիւ չազատագրուած, բայց միաժամանակ այսօրուան իշխանութեանց մօտ նոյն այդ անցեալէն յամեցող, նաեւ նորայայտ արատներէն արմատականօրէն ձերբազատուելու խնդիր ունեցող մեր ժողովուրդին լայն ընտրազանգուածը, յանկարծակի, դէմ յանդիման գտնուեցաւ անարդար եւ կեղծ երկընտրանքի մը։ Վաղուան իր բարօրութիւնն ու զաւակներուն ապագան երաշխաւորող ամէնէն յուսալի կռուաններուն շուրջ նախընտրական բանավէճի մը արժանանալու փոխարէն, մեր ժողովուրդը ստացաւ Տէր-Պետրոսեանական անցեալին եւ Քոչարեան-Սարգսեան երկեակի ներկային միջեւ բաղդատական ու ընտրանք կատարելու անհեթեթ քաշքշուքի «նուէր»ը։
Արագօրէն եւ անսպասելի սաստկութեամբ բեւեռացումի գնաց նախագահական ընտրապայքարին նախընտրական փուլը։ Եթէ մէկ կողմէ, տէրպետրոսեանական ճամբարին համար, նման բեւեռացում մը նպատակայարմար էր՝ այժմու իշխանութեանց դէմ առկայ դժգոհութիւնները ի նպաստ ՀՀՇի իշխանութեան վերադարձին ժողովրդային ալիքի վերածելու նկատառումով, միւս կողմէ սակայն ձեռնտու էր, այս պարագային գործող իշխանութիւններու հաշուարկով, որպէսզի անցեալի սեւ ու մուր պաստառին վրայ սպիտակով առաւելագոյնս տեսանելի ու գրաւիչ մատուցուի գործող իշխանութեանց գովազդային «հաշուեկշիռ»ը։
Դժուար է նախատեսել, որ լայն ընտրազանգուածը պիտի կարենա՞յ փորձութեան դիմանալ եւ չիյնալ 19 Փետրուար 2008ի նախագահական ընտրութիւնները նման կեղծ երկընտրանքի մը պատանդը դարձնելու ծուղակին մէջ։ Դժուար է ստոյգ պատասխան տալ, որովհետեւ մեր ժողովուրդին մեծ մասին համար իրապէս շատ ուժեղ է անցեալն ու ներկան սեւ եւ սպիտակով գնահատականի ենթարկելու փորձութիւնը։ Մանաւա՛նդ որ անցեալն ու ներկան, ազատ ու արդար հասարակութիւն ստեղծելու ճամբուն վրայ, այնքան ալ բաժանելի չեն սեւի եւ սպիտակի. ընդհակառակն՝ շատ ու շատ արատներով միեւնոյն մետալին երեսները կը կազմեն։
Բայց այդ մասին՝ առանձի՛ն։