Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիները, անոնց հետ նաեւ մօտակայ ու հեռաւոր երկիրներու ժողովուրդներն ու մամուլը, նաեւ՝ սակարանները, աւելի քան ամիսէ մը ի վեր հանդիսատես են Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրապայքարի առաջին փուլի մրցավազքին։
Երկու գլխաւոր կուսակցութիւնները՝ նախագահ Պուշի հանրապետականներն ու նախկին նախագահ Քլինթընի դեմոկրատները կրկէս իջեցուցին իրենց ախոյեանները, որոնք մրցելու սկսան՝ ճշդելու համար թէ իւրաքանչիւր կուսակցութեան ո՞ր արժանաւորը յառաջիկայ Նոյեմբերի ընտրութիւններուն պիտի դիմակալէ միւս կուսակցութեան ախոյեանը։ Ընտրապայքարը գրաւեց լրատուութեանց «առիւծի բաժինը». գրաւոր թէ լսատեսողական մամուլը, ինչո՞ւ չէ, նաեւ համացանցը լայն տեղ տուին թեկնածուներու յայտարարութեանց, մրցակիցներուն ու հակառակորդներուն հասցէին ամբաստանութեանց, սեփական յաւակնութիւններուն, քուէարկութեանց մասին տեղեկութիններուն, մանրուքներով եւ ոչ-մանրուքներով ողողեցին զգայացունցը փնտռող աչքերն ու ականջները…
Ընտրապայքարի շոգեկառքը արդէն այցելած է նահանգներէն աւելի քան կէսը, բաւական բան յստակացուցած է ընդհանուր պատկերին մէջ, վերիվայր շրջած է բազմաթիւ նախատեսութիւններ, մանաւանդ հանրապետականներու զօրակայանին մէջ, նաեւ շրջանառութեան մէջ դրած է հսկայական գումարներ, որոնց մէկ կարեւոր մասը հոսած է քարոզչական-մամլոյ մեքենաներու գանձանակներուն մէջ։
ԱԽՈՅԵԱՆՆԵՐԸ՝ ԴԷՊԻ ՅՍՏԱԿԱՑՈՒՄ
Փետրուարի երկրորդ շաբթուան վերջերուն, զոյգ կրկէսներուն պատկերները որոշ յստակացում գտած էին ու կը ներկայանային հետեւեալ ընդհանուր գիծերով.
ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆՆԵՐՈՒ զօրակայանին մէջ, Ճան ՄըքՔէյն կը թուի ապահոված ըլլալ իր կուսակցութեան թեկնածու նշանակուելու տոմսը. ան, որ ընտրապայքարի բացման նախօրեակին կը գտնուէր բաւական տկար դիրքի վրայ, մանաւանդ նիւթական կարողութեան առումով, քանի մը շաբթուան մէջ, մոգական չես գիտեր ինչպիսի՛ գաւազաններու ազդեցութիւններուն շնորհիւ, գլեց անցաւ բոլոր մրցակիցներն ու յեղաշրջեց անոնց նիւթական կարողութիւնները։ Ճիւլիանի, Թամսըն, Փօլ եւ ուրիշներ շուտով անդրադարձան, որ այս կրկէսը իրենց տեղը չէ. Միթ Ռոմնի, որ մեծ յոյսերով հրապարակ իջած էր առաջին օրերուն, ի վերջոյ հետեւեցաւ բախտակիցներուն ու Ս. Վալենթայնի օրն ալ յայտարարեց, թէ զօրավիգ է ՄըքՔէյնի եւ իր ապահոված պատգամաւորներուն կը թելադրէ կանգնիլ գլխաւոր թեկնածուին կողքին։ Վերջինին միակ մրցակիցը կը մնայ Հաքըպի, որ կը յամառի մնալ վազքուղիին վրայ։ Ընտրական մեկնաբաններ արդէն կը փութան ըսելու, որ հանրապետականներուն համար, մնացեալ հանգրուանները կրնան ծառայել պաշտօններու բաշխումի սակարկութեանց, այն հեռանկարով, որ ՄըքՔէյնի զօրակցող նախագահ Ճորճ Պուշ Ոուաշինկթընի ղեկը պիտի չզիջի դեմոկրատի մը։
ԴԵՄՈԿՐԱՏՆԵՐՈՒ զօրակայանին մէջ, մրցակցութիւնը աւելի սուր է ու վերջնական պատկերը՝ անորոշ։ Կրկէսին տիրապետող ախոյեանները երկուք են. Օպամա եւ Հիլըրի Քլինթըն։ Հոս եւս, ընտրական շոգեկառքին կտրած ճամբան ի յայտ բերաւ, որ Քուսինիչի, Էտուըրտզի եւ նուազ անուանի թեկնածուներու շունչը կարճ էր։ Փետրուարի երկրորդ շաբթուան վերջերուն, Օպամայի սակարանը նոր վերելքի նշաններ ցոյց կու տար, մանաւանդ որ Քլինթընի ընտրական մեքենան ի յայտ բերաւ տագնապ մը, երբ ընտրապայքարի վարիչ դասուն մէջ հրաժարականներ ու փոխարինումներ արձանագրուեցան։ Նիւ Մեքսիքոյի մէջ Քլինթընի ձեռք բերած երկու պատգամաւորի առաւելութիւնը (12ի դէմ 14) վճռորոշ չէր, այլ միայն կը ծառայէր ըսելու, որ ան յաղթական է այդ նահանգին մէջ։
ԽԱՂԱՔԱՐՏԵՐ
Ընտրապայքարը կը խաղցուի շարք մը խաղաքարտերով. գրեթէ բոլոր թեկնածուներն ալ հրապարակ եկած են մէկ հիմնական դրօշակով, որուն վրայ արձանագրած են «փոփոխութիւն» բառը։ Ընտրապայքարին մօտէն հետեւողին համար, յստակ դարձած է, թէ սա փոփոխութիւն բառը ինչպիսի՜ նրբերանգներ ունի եղեր, եւ ինչպիսի մեղքեր փաթթուած են անոր վիզին…։
Միւս խաղաքարտերուն վրայ արձանագրուած են Իրաք-Աֆղանիստան, առողջապահական ու ընկերային ապահովագրութիւն-հոգածութիւն, տնտեսութեան վերականգնում, կրթական մարզի բարեշրջում, ահաբեկչութեան դէմ պայքար, օտարականներու կեցութեան ու ներգաղթի հոսանքներու կանոնաւորում, քիչ մըն ալ կենսոլորտի հարցերու նման խորագիրներ։ Միւս կողմէ, այս կամ այն պատրուակով քաղաքացիները լրտեսելու մասին իշխանութեան առաջադրանքները քովընտի վէճերու առիթ տուած են, մինչդեռ հոն կայ քաղաքացիական տարրական իրաւունքերու ոտնակոխման պարագայ…։ Դեմոկրատներու զօրակայանէն կը բարձրանան երկիրը արիւնաքամ ընող պատերազմներուն աւարտի եւ ընկերային ապահովութեան մասին խոստումներ, մինչդեռ ՄըքՔէյնի պատկերացումով՝ ամերիկեան ուժերու Իրաք ներկայութիւնը կրնայ տասնամեակներու կարօտիլ )եւ ի՜նչ զուգադիպութիւն, զինական ճարտարարուեստի ու քարիւղի ընկերութեանց հեռանկարներն ալ նոյնպիսի ներշնչումներ ունին(, իսկ ընկերային հարցերու դասաւորման անոր պատկերացումը շատ տարբերութիւն չի խոստանար այժմու նախագահին գիծէն, ի խնդութիւն… ապահովագրութեան հսկաներուն։
ԿՐԿԷՍԷՆ ԱՆԴԻՆ
Ինչպէս որեւէ ընտրապայքարի, նոյնպէս ալ Օպամա-Քլինթըն ընդդէմ ՄըքՔէյն մրցավազքին ծիրին մէջ, լուսարձակները կեդրոնացած են այն հանդէսներուն վրայ, որոնք բեմ կը հանեն թեկնածուներն ու կը ներկայացնեն անոնց ընտրական ծրագիրները։ Այս բոլորը այնքան գրաւիչ են ու կլանող, որ ընդհանրապէս կը քօղարկեն կարգ մը իրողութիւններ, իրականութիւններ, որոնք իսկական հէնքը կը կազմեն ընտրապայքարին, տիրական են քաղաքական գրեթէ բոլոր գիծերուն վրայ։
Օրինակի համար, քարոզչական միտումներով շատ բան կ՚ըսուի թեկնածուներուն նիւթական կարողութիւններուն, հանգանակային արշաւներով ձեռք բերած հսկայական գումարներուն մասին, իբրեւ երաշխիք՝ անոնց արձանագրելիք յառաջխաղացքներուն )թէեւ ընտրարշաւի առաջին փուլերը ի յայտ բերին, որ շատ դրամ ունեցողն ու ծախսողը անպայման չի կրնար ապահովել թեկնածութեան տոմսը(, սակայն հազուադէպօրէն կը հարցադրուի այն, թէ ուրկէ՞ կը ֆինանսաւորուին ընտրարշաւները, եւ ինչպիսի՞ հաշիւներ կը թաքնուին անոնց ետին։ Ըստ մօտաւոր հաշուարկներու, այս տարուան ընտրարշաւները կրնան արժել մօտաւորպէս մէկ միլիառ տոլար։ Լրատու աղբիւրներ բնականաբար ուրախ են. անոնք աւելի ուրախ պիտի ըլլային, եթէ աւելի մեծ թիւով թեկնածուներ մնային վազքուղիին վրայ…։ Լուսարձակներէ հեռու կը պահուին մանաւանդ այն հաշիւները, որոնք մղում կու տան ընտրարշաւին, վեր կը հանեն թեկնածուի մը սակարանը, վար կը տանին ուրիշի մը յոյսերը։
Յետոյ, կան նաեւ որոշ հանգրուաններու հրապարակ նետուող իրաւացի ու ենթադրական մեկնաբանութիւնները։ Օրինակ, հանրապետականներու եւ դեմոկրատներու թեկնածուներուն «բնոյթն» անգամ մեկնաբանութեան նիւթ են, քան անոնց իսկական արժանիքները կամ ծրագիրները։ Առայժմ շշուկով, սակայն նաեւ հետզհետէ աճող հնչեղութեամբ հրապարակ կը նետուին հետեւեալ վարկածները. ՄըքՔէյն ներկայացուցիչն է որոշ խաւի մը, որոշ ընտրանիի մը հաշիւներուն ու շահերուն եւ պիտի ըլլայ շարունակողն ու զարգացնողը Ճորճ Պուշի քաղաքական ուղեգիծին, իր ներքին, տնտեսական, ընկերային ու միջազգային ճիւղաւորումներով։ Զուգահեռ գիծի մը վրայ յառաջ կը քշուին այն մեկնաբանութիւնները, թէ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ չէ իսլամական ծագումով սեւամորթ Օպամա մը, կամ՝ կին նախագահ մը ընտրելու, հետեւաբար՝ հանրապետականներու սակարանը ի սկզբանէ բարձր է արդէն։ Այլ խօսքով, նման մեկնաբանութեանց նիւթ կը ծառայեն թեկնածուներու անհատական տուեալներն ու յատկանիշները, քան անոնց առաջադրանքներն ու երկրին ուղղութեան ճշդումի հեռանկաները։ Մանաւանդ, գրաւներ կը դրուին անոնց անհատապէս ընելիքին ու կարողութեան վրայ, քան աւելի իրապաշտ մօտեցումներու։
Մինչդեռ, իրապաշտութիւնը կը թելադրէ հաշուի առնել տեղի ունեցող իրադարձութեանց ու անոնց որդեգրած զարգացումներու տուեալները։ Դնենք քանի մը հարցում:
Յառաջիկայ նախագահը երկրին ղեկը առանձի՞նն պիտի վարէ, թէ խորհրդարանը, իր զոյգ ժողովներով, դերակատար պիտի ըլլայ այս գործին մէջ։ Աւելի քան տարիէ մը ի վեր, խորհրդարանը ունի դեմոկրատ մեծամասնութիւն, սակայն զարգացումներու ընթացքին մէջ մեծ փոփոխութիւններ տեղի չեն ունեցած։ Նորագոյն օրինակներէն մէկն էր յառաջիկայ ամավարկին պատկերը. շուրջ կէս եռիլիոն տոլարի բացով ամավարկ մը մեծ բարիք չի խոստանար, մանաւանդ որ անոր մէջ պաշտպանութեան-զինական բաժինը արձանագրած է շուրջ 8 առ հարիւրի յաւելում, մինչ Իրաքի ու Աֆղանիստանի համար նիւթական ու զինուորական նոր ներդրումներ կը նախատեսուին։ Ժողովուրդը մտահոգող, տագնապեցնող միւս գիծին վրայ, այսինքն ընկերային հոգածութեան մարզին մէջ, ամավարկի կրճատումներ կը կատարուին, կրթական մարզը չի վայելեր անհրաժեշտ հոգածութիւնը, շահատուրքերու մարզին մէջ փոփոխութիւնները կը շարունակեն ընթանալ ի նպաստ դրամատիրութեան խորհրդանիշ ընկերութիւններու, որոնց շահու հաշիւները անպայման նկատի չեն առներ երկրի ընդհանուր բարգաւաճումը, իսկ անդին, ժողովուրդին կը նետուի շահատուրքերէն քանի մը հարիւր տոլար վերստանալու խաբկանքը…։ Այս ծիրին մէջ, նաեւ կը քօղարկուի դերակատարութիւնը դրամատիրական խորհրդանիշ այն ընկերութիւններուն ու հաստատութիւններուն, որոնք անուղղակի կերպով մասնակից են յաջորդ նախագահին կրելիք պատմուճանին ձեւաւորման, մոգական գաւազաններով կը վճռեն այս կամ այն խորհրդարանականին ընտրութիւնը կամ վարկաբեկումով պաշտօնազրկումը։
Ընտրելի նախագահը պիտի ունենա՞յ այս բոլորը հակակշռելու հեղինակութիւնը։ Ահա հոս է հարցերուն հարցը։
… Մեկնաբաններ կը խուսափին «ծայրայեղական» կարծիքներ հրապարակելէ. ծայրայեղական կարծիք մըն է, օրինակ, այն, որ ընտրական շոգեկառքին ընթացքն ու վախճանական կայանը վարպետօրէն կը սարքուին որոշ տրամաբանութեամբ մը, որ պետութեան ղեկին վրայ բերուի այն թեկնածուն, որ պիտի երաշխաւորէ մեծապետական այժմու վարքագիծին շարունակումը, անկախ, թէ այսօր ինչպիսի խոստումներ կը տրուին ընտրական հաւաքներու եւ պատկերասփռուած վիճաբանութիւններու պահուն։ Այլ խօսքով, կարծէք թէ կայ չերեւցող, չբացայայտուող կաղապար մը, որուն համապատասխան պէտք է ըլլայ ընտրելին, այլապէս, կրնայ մեր չտեսած միջոցառումներով դուրս նետուիլ ընտրապայքարի նախնական հանգրուաններէն իսկ։ Իսկ այսօր այս կամ այն խոստումին ալիքներով նաւարկող թեկնածու մը, վաղը, ընտրուելէ ետք, կրնայ մտնել այժմու ուղին շարունակողի կօշիկներուն (ըսել կ՚ուզենք՝ մատնանշուած կաղապարին) մէջ, ու հրապարակ կը նետէ «պետութեան շահերով կը ղեկավարուիմ» նշանախօսքը, կամ, քիչ մը աւելի անկեղծ ըլլալու պարագային, կրնայ յայտարարել մօտաւորապէս հետեւեալը. «Ես կարելիս կ՚ընեմ, բայց միակ որոշողը չեմ»։
Այդպէսով ալ, ընտրարշաւներուն եւ իրական վարքագիծերուն ճամբաները կը շարունակեն իրարու չհանդիպելու դրուածքով, առնուազն յետաձգելով կամ երբեք ալ նկատի չառնելով ժողովուրդին իսկական ակնկալութիւնները։
15 Փետրուար 2008