«Քնքուշ կեանքը ծանր է թւում հայ օրիորդին,
զէնքը ձեռին յորդորում է հայոց քաջերին»։
«Հայ տիկինը ստիպում է ամուսնուն գնալ,
պատերազմի դաշտին վրայ վէրք տալ ստանալ»։
Մեզմէ ո՞վ չի գիտեր եւ երգած չէ «Ձայն մը հնչեց» երգը եւ ո՞վ, պահ մը կանգ առնելով, մտածած չէ հայ կնոջ եւ հայ օրիորդին ակնարկող վերոյիշեալ տողերուն մասին։
Երբ փոքր էինք, աղջնակի արդար հպարտութեամբ կ՚երգէինք վերոյիշեալ երգին՝ հայ օրիորդին ու հայ կնոջ խիզախութեան, իր ժողովուրդի ցաւին հասնող նկարագրին ակնարկող այս տողերը։
Աւելի ուշ, հպարտութեամբ ու հիացումով լսեցինք կամ կարդացինք մեր կին ֆէտայիներու մասին գրուած տողերը։ Հիացանք Սօսէ Մայրիկի, Ռուբինայի, Սաթենիկ Արղութեանի եւ ուրիշներու գործերու մասին լսելով։
Անցան տարիները։ Եկան Արցախեան ազատագրական պայքարի ծանր օրերը…։ Եւ հիներուն վրայ աւելցան նոր անուններ…
Մարգարիտ, Անահիտ, Կարինէ, Հերմինէ եւ բազմաթիւ ուրիշներ, Արցախեան ազատամարտի նահատակ կիներ, որոնք արհամարհեցին կրակն ու մահը, նետուեցան կռուի դաշտ եւ հաւասարէ հաւասար կռիւ մղեցին իրենց ազատամարտիկ ընկերներու կողքին։
«Գնացին կանայք, կազմեցին ջոկատ…։ Շատերից լաւ էին կռւում՝ դիմացկուն էին, նաեւ՝ քաջ։ Նրանց հետ դժուար էր պարտուել։ Ե՛ւ կռւում էին, ե՛ւ վէրքեր բուժում, սովածին-ծարաւածին յագեցում էին տալիս. նրանք ոգին էին մարտիկի», կը կարդանք հերոսուհիներու մասին գրի առնուած տողերու մէջ։
Իսկ ուրիշ տեղ մը՝
«Այդ ո՞ւր ես գնում, Մարգարիտ,– հարց կը տրուի 1992ին զոհուած հայ հերոսուհիի մը յիշատակին գրուած տողերուն մէջ,– ո՞ւր ես գնում այդպէս անվրդով, այդպէս չմայրացած, դեռ զաւկի ճիչ չլսած…..»։
Ռուզաննայի հետ, յետ մահու այսպէս «կը խօսի» իր մէկ բարեկամը.
«Մի ներքին տագնապով Արցախէն վերադարձիդ, մայրդ դիմել է քեզ.
– Պատերազմ է, մահ ու կրակի մէջ աղջիկ մը ի՞նչ կարող է անել, գուցէ, Ռուզաննա, էլ չգնաս, չէ՞ որ դու մեր միակ աղջիկն ես։
– Մայրիկ, համարիր, որ ռազմադաշտում արեան մէջ թաթախուած քո զաւակներն են։ Բա մէկը չօգնի՞ նրանց։ Բոլոր ազատամարտիկներն էլ մեր եղբայրներն են։ Եթէ ամէնքն էլ այդպէս մտածեն, էլ ո՞վ պիտի պատերազմ գնայ։ Բոլոր պատերազմներին էլ կանայք մասնակցել են, նրանց էլ է մայր ծնել։
«Ձեր փողոցի ծայրից վերջին անգամ ետ ես նայել երկա՜ր-երկա՜ր։ Սիրտդ կռահել է, որ վերջին անգամ ես նայում մայրիկիդ, ձեր փողոցի մարդկանց ու ծառերին…։
«Բազում մարտերից յետոյ, ոմանք նորից դարձան իրենց տուները ամուսնանալու, խնամելու փոքրիկներին, կիսատ թողած լուացքը վերջացնելու…։
«Ոմանք էլ ետ չեկան. Մարգարիտը, Անահիտը, Կարինէն…։ Մնացին շարունակելու սկսած գործը՝ փաթաթելու վիրաւորների վէրքերը, մնացին, որ տղերքը հեշտ կռուեն…»։
Եւ այսպէս կը պատմեն ու կը գրեն հայ ազգային–ազատագրական պայքարի վերջին խոյանքին զոհուած նահատակներու մասին։
Մտածող մը, առիթով մը, կատարած է հետեւեալ հաստատումը՝ երկու բանակ երբ ճակատին, չես կրնար կռահել, թէ ո՛ր մէկուն պիտի տրուի յաղթականի դափնին, բայց երբ բանակ մը եւ ժողովուրդ մը կը կանգնին դէմ-դիմաց, երբ կանոնաւոր բանակին դէմ ժողովուրդը ի՛նք կը դառնայ բանակ, յաղթանակը անպայման կը պատկանի ժողովուրդին։ Այդպէս եղաւ Արցախի պատերազմը, Արցախեան ազատագրական պայքարը։ Հոն էին բոլորը, բոլոր խաւերը, երկու սեռերը։
Արցախի ազատագրական պայքարին մէջ, Ատրպէյճանի բանակներուն դէմ Արցախի ժողովուրդն էր՝ Հայաստանի ժողովուրդին մասնակցութեամբ, թիկունք ունենալով նաեւ Սփիւռքի բազմութիւնները, ողջ հայ ժողովուրդը։
Ահա թէ ինչո՛ւ զինամթերքով հարուստ ու բազմամարդ բանակով թշնամին խուճապահար խոյս տուաւ մեր սակաւաթիւ կտրիճներու յարձակումներու առջեւէն։ Թշնամին բարոյալքուած հեռացաւ իրեն չպատկանող հողերէն, իսկ Արցախի հայ ժողովուրդը, իր նորագոյն հերոսներու արեամբ անգամ մը եւս սրբացած հողին վրայ, բարձրացուց յաղթական դրօշը։
Այս արդիւնքը ձեռք բերուեցաւ շնորհիւ համընդհանուր գիտակցութեան ու այդ գիտակցութիւնը անխորտակելի ուժի վերածող հայո՛ւ հաւատքին։ Իսկ հայ կնոջ դերը անուրանալի եղաւ ազգային իրաւունքի պաշտպանութեան եւ հայու արժանապատուութեան պահպանման համազգային այդ ոգորումին մէջ։ Մանաւանդ որ Արցախեան շարժման պահանջատիրական պոռթկումի առաջին իսկ օրէն իրենց յառաջապահ տեղը գրաւեցին եւ կարեւոր մասնակցութիւնը բերին հայ կանայք։
Ինչպէս եղած է հայոց պատմութեան ամբողջ երկայնքին, հայու մեր ինքնութիւնն ու արժէքները, հաւատքն ու հաւաքական ուժը պահպանուած, վերանորոգուած եւ ամրապնդուած են յատկապէս այն ատեն, երբ հայ մայրն ու կինը իրենց օճախն ու հարազատները շնչաւորած են համապատասխան ոգիով ու գիտակցութեամբ։ Արցախեան շարժումը ոչ միայն տուաւ նորօրեայ վկայութիւնը ազգային մեր այդ անփոխարինելի ժառանգութեան, այլեւ վերանորոգեց զայն իւրայատուկ մարտունակութեամբ եւ մեր ժամանակներու կշռոյթով։
Արցախի ազգային–ազատագրական պայքարը դեռ աւարտած պատմութիւն չէ եւ այնքան ժամանակակից է, որ շատ ծալքեր եւ իրողութիւններ դեռ բերուած չեն լուսարձակի տակ։ Յատկապէս հայ կնոջ մասնակցութեան եւ դերակատարութեան մասին շատ քիչ բան գրուած է՝ մամուլի էջերուն օրը–օրին լոյս տեսած մահախօսականներէն կամ առօրեայ զարգացումներէն անդին։ Բայց այդ քիչն ալ կու գայ հաստատելու, որ երբ նոր սկսաւ շարժումը, երբ ատրպեճանական ու խորհրդային ճնշումներուն համակերպելու եւ կեանք ու ինչք չվտանգելու պահպանողականութիւնը տակաւին իշխող էր, ծառացման եւ պայքարի դրօշ պարզողներու շարքին կանգնած էին նաեւ Արցախի հայուհիները։
Ժամանակը կու գայ եւ պատմաբանը վստահաբար կը պարզէ, թէ Արցախեան մեծ յաղթանակի նուաճման մէջ հայ կնոջ դերը չսահմանափակուեցաւ միայն թիկունքը պահելով։ Ոչ ալ աւարտեցաւ ուղղակի մարտական գործողութիւններուն մասնակցելով կամ բժշկական խնամք ապահովելով։ Արցախահայուհին հիմնական ներդրում ունեցաւ նաեւ ու մանաւա՛նդ պայքարի ուղի բանալու եւ մարտունակ դիմադրութիւն կազմակերպելու ռազմավարական ճիգերուն մէջ։
Արցախեան ազատամարտի 20ամեակն է այս տարի։
Այս քանի մը տողերը թող ըլլան յարգանքի տուրք մը այն բոլոր նահատակներուն, որոնք վարակուած էին յաղթելու բացառիկ տենդով, որոնք շտապեցին առաջին գիծ, որոնք ընկճուիլ չգիտցան։ Առաջին յաղթանակէ մը ետք անոնք իրենց գործը աւարտած համարելով «ես պարտքս կատարեցի, կարգը քուկդ է հիմա» չըսին ու չգացին մխրճուելու իրենց առօրեային մէջ։
Այս քանի մը տողերը թող ըլլան նաեւ յատուկ յարգանքի տուրք մը եւ մեր բոլորին զգացումներով կազմուած ծաղկեպսակ մը՝ շիրիմ ունեցող կամ անթաղ մնացած, կամ առեւանգուած ու անհետ կորսուած այն բոլոր հերոսուհիներու յիշատակին, որոնց համար «ծանր թուեցաւ քնքուշ կեանքը» եւ որոնք ճակատ գացին ոչ միայն «յորդորելու հայ քաջերին»՝ ծանօթ երգի ներշնչումով, այլեւ՝ իրենց արիւնը նուիրաբերելու հայրենիքին։ Ցուրտ չըսին ձմրան ցուրտին, տաք չըսին ամրան կիզիչ արեւուն։ Անոնք հանդիսացան ամբողջ ժողովուրդի մը իրաւունքները վերահաստատելու պատասխանատուութիւնը կրող ընտրեալներ, որոնք չվարանեցան միանալու իրենց հայրերուն, եղբայրներուն, որդիներուն կամ ամուսիններուն՝ ծառանալու համար իրենց պապենական հողերը յափշտակած ոսոխին դէմ ու իրենց արեամբ վերստին սրբացուցին արդէն սրբազան հայրենի հողը։
Յարգանք՝ բոլորին։