Չորեքշաբթի, 13 Փետրուար 2008ի երեկոյեան, շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղերու խմբապետական կազմերը, Տեառնընդառաջի նախատօնակին, աւանդական խարոյկը վառելէն ետք, համախմբուեցան Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահը, ուր անգամ մը եւս, Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի գլխաւորութեամբ, ընթրիքի սեղանի շուրջ մտերմիկ երեկոյ մը անցուցին: Առաջին անգամ ըլլալով, սեղանին ընկերացաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Երիտասարդաց միութեան պատասխանատու կազմը:
Ուրախալի էր, որ երեկոյին մասնակցեցաւ նաեւ Սուրէն արք. Գաթարոյեան:
Օրուան հիւրընկալն էր Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը, որ լրիւ կազմով ներկայ էր, եկեղեցւոյ հովիւներուն հետ:
Բարի գալուստի խօսքերով ներկաները ողջունեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Արտակ քհնյ. Տէմիրճեան, որ առաջին հերթին երեկոն անուանեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ հոգեւորականներու հանդիպումի օր:
«Այսօր կը վայելենք այս գեղեցիկ երեկոն: Որպէս հայր եւ զաւակներ, համախմբուած ենք նոյն հոգիով, նոյն սիրով, նոյն ոգիով մեր ծառայութիւնը մատուցելու մեր եկեղեցիին ու ազգին: Հ.Մ.Ը.Մ.ը իր նուիրեալ ծառայութիւնը կը բերէ մեր ազգի երիտասարդ սերունդին, ջամբելով անոր ազգասիրութիւն, հայասիրութիւն, հայրենասիրութիւն: Հ.Մ.Ը.Մ.ականը նաեւ կը ստանայ կրօնական յատուկ դասընթացքներ՝ պարգեւատրուելով համապատասխան կրօնական շքանշանով», ընդգծեց ան:
Շրջանային վարչութեան անունով ելոյթ ունեցաւ քոյր Մարօ Քէշիշեան, որ վստահեցուց ներկաները, թէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական շարքերը ազգայինի կողքին, նաեւ մեծ կարեւորութեամբ կը ստանան կրօնական դաստիարակութիւն: «Կրօնական դաստիարակութիւնը միշտ գոյութիւն ունի սկաուտական մեր աշխատանքներուն մէջ, որուն լաւագոյն փաստը կրօնական շքանշանն է: Շատ գեղեցիկ երեւոյթ է այսօր տեսնել կրօնական դասը եւ մեր սկաուտները մէկ սեղանի շուրջ», ըսաւ քոյրը եւ ներկայացուց Շրջանային վարչութեան իր գործընկերները՝ Սթիւ Արթինեանը (ատենապետ), Յովիկ Պետեւեանը (փոխատենապետ), Խաչիկ Խալաթեանն ու Անօ Մանսուրեանը: Ապա՝ հրաւիրեց Շրջանային ընդհ. խմբապետ Հրայր Պոյաճեանը՝ իր սրտի խօսքը ըսելու:
Եղբ. Պոյաճեան առաջին հերթին ներկայացուց Շրջանային Սկաուտական խորհուրդի իր գործակից քոյր-եղբայրները, որոնց կարգին էին Շրջանային խմբապետուհի Թալին Հինտոյեան եւ Շրջանային փոխխմբապետներ Մարուշ Տէյրմէնճեան եւ Արի Պոյաճեան: Ապա, խնդրեց սկաուտ պատասխանատուներէն ներկայացնելու մասնակից մասնաճիւղերու խմբապետական կազմերը:
Այնուհետեւ, եղբայրը ընդգծեց կարեւորութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական կեանքին, պատասխանատուութեան գիտակցութեան եւ յատկապէս հաւաքական աշխատանքներու մասնակցութեան:
Սրտի իր խօսքը փոխանցեց նաեւ Արեւմտեան թեմի Երիտասարդաց յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Նալճեան, որ լայն բացատրութիւններ տուաւ կազմակերպութեան աշխոյժ աշխատանքներուն մասին եւ խնդրեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներկայ երիտասարդութենէն քաջալերել կազմակերպութեան գործունէութիւնը:
Օրուան խորհուրդը փոխանցեց Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, որ առաջին հերթին բացատրեց Տեառնընդառաջի իմաստը: «Տիրոջ երթալ, տիրոջ մօտենալ, հայութեան, մեր ստեղծիչին, Աստուծոյ, մեր փրկիչին, մեր արմատներուն, մեր մշակոյթին, մեր արժէքներուն երթալ է: Տիառնընդառաջը հայոց հին հեթանոսական տօներէն մէկն էր: Միհր կամ Արամազդ աստուծոյ պաշտամունքին, որ արեւը, կրակը կը խորհրդանշէր, կեանքը կը խորհրդանշէր, վերածաղկում, յարութիւն: Ազգային մեր տօնն է այս, մեր արմատներուն վերադարձի, դէպի մեր արժէքներուն երթալու, մեր հաւատքին, մեր պատմութեան. դուք այն զինուորներն էք, ապագայ այն սերունդը, որ պիտի վառ պահէք ջահը հաւատքի, հայրենիքի, մշակոյթի եւ հայութեան», ըսաւ ան:
Հոգաբարձութեան խօսքը փոխանցեց պրն. Ժիրայր Ղարախանեանը: Ան առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց այս հաւաքի կազմակերպման համար եւ կոչ ըրաւ ներկաներուն, որ Աստուծոյ հաւատքով ազգային մեր գործերուն առաջնահերթութիւն տան:
Ծրագրի վերջին բաժնով հայրական իր պատգամն ու օրհնութիւնները փոխանցեց առաջնորդը, որ ըսաւ. «Այս երեկոյի նպատակը՝ Աստուծոյ օրէնքին հաւատարիմ հետեւորդներ ըլլալ, մեր ազգային ժառանգութեան հարազատ ժառանգորդները ըլլալ է: Եթէ երբեք մենք մեր կեանքին մէջ իբրեւ հայ ժողովուրդի զաւակներ, լաւ քրիստոնեայ եւ լաւ ազգային կարենանք ըլլալ, Աստուծմէ ուրիշ բան չենք ուզեր»:
Ապա, առաջնորդ հայրը իր գոհունակութիւնը յայտնեց Ազգային առաջնորդարան-Հ.Մ.Ը.Մ. սերտ գործակցութեան համար եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի բանակավայրի գնումը ուրախալի երեւոյթ նկատելով, փափաք յայտնեց մատուռ մը կառուցել անոր մէջ: Եզրակացնելով, ան շնորհակալութիւն յայտնեց երեկոն հիւրընկալողներուն եւ մաղթեց, որ յառաջիկայ տարին աւելի մեծ թիւով երիտասարդութիւն կը հիւրընկալուի:
Երեկոյի մթնոլորտէն խանդավառուած, ներկայ հոգեւորականներուն գլխաւորութեամբ, ներկաները խմբերգեցին ազգային քանի մը երգերը: Ձեռնարկը վերջ գտաւ ժամը 10ին, «Յառաջ Նահատակ» Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայլերգի յոտնկայս խմբերգումով:
Սուրէն արք. Գաթարոյեան ոչ միայն պահպանիչով եզրափակեց երեկոն, այլ նաեւ հետեւեալ գեղեցիկ հաստատումը կատարեց. «Ամէն ինչ որ կորսնցնենք, անոր տեղը նորը կրնանք բերել: Բայց մեր երիտասարդութիւնը չկորսնցնենք: Եւ այս աղուոր երիտասարդութեան գանձատունը Հ.Մ.Ը.Մ.ն է, որ կը պահէ, կը թրծէ, կը դաստիարակէ եւ հայութեան կու տայ զանոնք»:
Ներկաները հոգեկան մեծ բաւարարութեամբ մեկնեցան տուն, իրենց հետ տանելով առաջնորդարանի տրամադրած նուէրները՝ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Ս. Պատարագի խտասալիկն ու «Յիսուսի տաճար ընծայում»ը պատմող դրուագը: