Շաբաթ, 9 Փետրուարին, «Համազգային»ի «Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան» ճեմարանի «Չալեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայեցի կրթութիւն» նիւթով համագումարը՝ ներկայութեամբ լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններու, կրթական մարմիններու ներկայացուցիչներու, հայրենագիտական նիւթեր դասաւանդող ուսուցիչներու, մտաւորականներու, ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներու, երկրորդական դասարանի աշակերտներու եւ մամլոյ ներկայացուցիչներու։ Համագումարը կազմակերպուած էր «Համազգային»ի Կրթական խորհուրդին կողմէ։
Համագումարին բացումը կատարեց «Աբգարեան» վարժարանի տնօրէն Գեղանի Էթիէմէզեան, որ նաեւ վարեց նիստերը։ Ան յայտնեց, որ «Համազգային»ի 80ամեակին զուգադիպող այս ներլիբանանեան կրթական համագումարը անմիջական շարունակութիւնն է վերջին տասնամեակին իրագործուած համահայկական, համասփիւռքեան իրերայաջորդ կրթական խորհրդաժողովներուն: Ան նկատել տուաւ, որ համագումարը կը միտի քննել լիբանանահայ վարժարաններուն մէջ կիրարկուող հայեցի դաստիարակութեան կրթական ծրագիրներու թարմացման եւ բարեփոխման կարիքները եւ կարելիութիւնները:
Առաջին նիստին, «Համազգային»ի Կրթական խորհուրդին անդամ Յովհաննէս Թասլաքեան զեկուցեց «Հայեցի դաստիարակութիւնը» նիւթին շուրջ, իսկ ճեմարանի գործադիր տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան՝ «Դպրոցին դերը» նիւթին շուրջ։
Թասլաքեան նշեց, որ հայ մարդը պէտք է առնչուի հայ ազգային կեանքին, պէտք է հայօրէն ապրի իր առօրեան՝ ունենալով հայկական առաջադրանքներ ու իտէալներ եւ պատրաստ ըլլայ իր ապրած միջավայրին մէջ դերակատարութիւն ստանձնելու։
Թասլաքեան յայտնեց, որ հայեցի դաստիարակութեան նպատակն է պատրաստել հայ անհատը, հայութեան եւ հասարակական կեանքին համար օգտակար եւ պիտանի դերին։ Ան աւելցուց, որ հայեցի կրթութեան նպատակն է նաեւ պատրաստել ուսուցիչներ, հանրային գործիչներ, խմբագիրներ, որոնք պիտի փորձեն հայ մտքի արգասիքը ներկայացնել հայ ժողովուրդին եւ հայ ազգային կեանքը քննարկել։ Թասլաքեան յայտնեց, որ պէտք է պատրաստենք նաեւ բաց համակարգով, արդիականութեան ձգտող մարդը եւ հաւատք ստեղծենք հայ կեանքի հեռանկարին նկատմամբ։
Թասլաքեան աւելցուց, որ ազգային կառոյցները եւս իրենց դերակատարութիւնը ունին, ինչպէս՝ եկեղեցին, կազմակերպութիւնները, մամուլը, հրատարակութիւնները, տեղեկատուական միջոցները։
Ապա, Ճինպաշեան յայտնեց, որ դաստիարակութեան գործին մէջ դպրոցին դերը հաւանական բոլոր դերակատարներուն հետ բաղդատաբար կարեւորագոյնն է։ Ան աւելցուց, թէ դաստիարակութեան գործին մէջ կարեւոր եւ երբեմն որոշիչ մասնակցութիւն կը բերեն նաեւ ընտանիքը, բարեկամական շրջանակը, հասարակութիւնը եւ մանկապատանեկան միութիւններն ու կազմակերպութիւնները։ Ճինպաշեան շեշտեց, որ դաստիարակութիւնն ու կրթութիւնը կը հանդիսանան յիշեալ ազդեցութիւններուն եւ անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող փոխազդեցութիւններուն համախառն արդիւնքը։
Զեկուցաբերը հաստատեց, որ հայկական դպրոցը ստեղծուած ըլլալով հայկական հաւաքականութեան համար, պիտի ենթարկուի հայ համայնքի զարգացման հոլովոյթին։ «Հայկական դպրոցը կը ձգտի կազմաւորել իր խնամքին յանձնուած մարդը, որ հայ է, անդամ՝ աշխարհի տուեալ վայրի մը մէջ կայացած հայկական համայնքի մը», շեշտեց Ճինպաշեան եւ աւելցուց, որ համամարդկային արժէքները, գիտութիւնը, բնակութեան վայրի առանձնայատկութիւնները եւ հայկական պատկանելիութեան պահանջները՝ ամրօրէն կը զօդուին իրարու եւ կը կազմեն միասնական ամբողջութիւն մը։
Ճինպաշեան նաեւ հաստատեց, որ հայկական դպրոցի կարեւորագոյն դերն է հայերէնը դարձնել հաղորդակցութեան, դատողութեան եւ տրամաբանութեան բնական ու ճկուն գործիք։ Զեկուցումին վերջին բաժինով ան անդրադարձաւ գործնական միջոցառումներու, որպէսզի վերոյիշեալ կէտերուն մէկ մասը իրականացուի։ Ան յայտնեց, որ հայերէնագիտական նիւթերը նախապատուութիւն պէտք է վայելեն մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի մէջ։ Հայերէնի պահերուն թիւը ոչ միայն պէտք չէ նուազ ըլլայ այլ լեզուներու պահերու թիւէն, այլեւ՝ գերազանցէ զանոնք։
Համագումարին երկրորդ նիստին Հ.Բ.Ը.Մ.ի «Յովակիմեան-Մանուկեան» վարժարանի տնօրէն Ժիրայր Դանիէլեան ներկայացուց «Ուսուցիչին դերը» նիւթը, իսկ հայերէն դասագիրքերու հեղինակ եւ կրթական խորհուրդի անդամ Յարութիւն Քիւրքճեան՝ «Դասագիրք եւ մեթոտ» նիւթը:
Դանիէլեան յայտնեց, որ հայեցի դաստիարակութիւնը առաւելաբար Սփիւռքի յատուկ երեւոյթ է. հարազատ հողին վրայ ապրողը անհրաժեշտութիւնը երբեք չի զգար զանազանելու կրթութիւնը՝ հայեցի կրթութենէն: Անդրադառնալով ուսուցիչի եւ յատկապէս հայ ուսուցիչի սահմանումին դերակատարութեան՝ Դանիէլեան շեշտեց, որ «հայ ուսուցիչի ուսերուն կ՚աւելնայ հայեցի կրթութեան հիմնաւոր պարտաւորութիւնը, որմէ բնականաբար զերծ կը մնայ ուսուցիչը ընդհանրապէս»՝ աւելցնելով, որ ուսուցչութիւնը արուեստ է արհեստ ըլլալէ առաջ եւ առաքելութիւն՝ ասպարէզ ըլլալէ առաջ: Զեկուցաբերը հաստատեց, որ հայեցի դաստիարակութիւնը պայմանաւորուած է հայ ուսուցիչով, ո՛չ միայն հայերէնով դասաւանդուող նիւթերուն համար, այլ նաեւ՝ գիտական նիւթեր եւ օտար լեզուներ դասաւանդողներու պարագային: Ան շեշտեց, որ ոչ հայ ուսուցիչներ պէտք է դպրոցի ընդհանուր մթնոլորտին եւ իւրայատուկ կարգաւորումին հետ ընտելանան, որպէսզի հայեցի կրթութիւնը չտուժէ:
Եզրափակելով իր զեկուցումը, Դանիէլեան յայտնեց, որ հայ դպրոցը պէտք է պահպանէ իր գոյութիւնը՝ իբրեւ դարբնոց հայակերտումի եւ մարդակերտումի:
Իր կարգին, Քիւրքճեան հաստատեց, որ հայեցի կրթութիւնը կը նպատակադրէ Սփիւռքի տարածքին կերտել ինքնուրոյն, անկաշկանդ ազգային-մշակութային դիմագիծի տէր հայը՝ աւելցնելով, որ հայերէնի ուսուցումը՝ իբրեւ մեթոտ, պէտք է ըլլայ կենդանի, ապրող՝ իբրեւ դասանիւթի ընտրութիւն, փոխանցում, աւանդում, հայերէնի եւ հայ գրականութեան ուսուցման զոյգ ենթամարզերուն մէջ: Անդրադառնալով հայերէնի ուսուցումը հարուածող վտանգներուն՝ Քիւրքճեան յայտնեց, որ ակադեմական քարացած դասաւանդումը լեզուի ուսուցումը պատանի հոգիներուն առջեւ կը վերածէ լեզուագիտական չոր գիտելիքի՝ աւելցնելով, որ ուսուցումի թափթփած մօտեցումը եւս վտանգ կը հանդիսանայ, որովհետեւ գրական պատահական հատուածներու վերաբերեալ զրոյցները, պատանիին մէջ կրնայ արմատաւորել անլուրջ պատկերացում մը հայ լեզուի եւ գրականութեան մասին:
Անդրադառնալով երկրէ երկիր, շրջանէ՝ շրջան ուսուցման մեթոտի գործիքներու տարբերակման հարցին, Քիւրքճեան շեշտեց, որ պէտք է նուազագոյնի իջեցնել սփիւռքեան գօտիներու միջեւ դասաւանդման ոճի եւ մեթոտներու տարբերութիւնը:
Հայերէնի հարցը այսօր կ՚արձանագրուի լեզուներու ընդհանրական տագնապի մը ծիրին մէջ: Եզրակացնելով իր զեկուցումը՝ Քիւրքճեան յայտնեց, որ ուսուցիչը դասագիրքերը ուժականօրէն պէտք է գործածէ եւ աւելի պէտք է լռէ, քան խօսի, եւ աշակերտներուն առիթ պէտք է տայ խօսելու: Հորիզոնական հաղորդակցութիւն պէտք է ստեղծուի աշակերտներուն միջեւ եւ ասիկա փոխգործօնութիւնն է ոսկի բանալին: Ան յայտնեց, որ շնորհիւ ուսուցիչ-աշակերտ յարաբերութեան որակին կը յաջողինք սիրցնել հայերէնը աշակերտներուն:
Նշենք, որ իւրաքանչիւր զեկուցումի աւարտին, մասնակցողները առիթը ունեցան կարծիքներ փոխանակելու եւ հարցումներ ուղղելու զեկուցաբերներուն:
Կէսօրէ ետք համագումարին մասնակցողները բաժնուեցան աշխատանքային խմբակներու եւ ներկայացուցին առաջարկներ, ինչպէս նաեւ իրենց տեսակէտները:
Համագումարի եզրափակիչ խօսքը փոխանցեց «Համազգային»ի Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Վաչէ Փափազեան: Ան հաստատեց, որ ժամանակը եկած է, որ դիմենք գործնական քայլերու եւ նշեց անհրաժեշտ կէտերը, որոնք պէտք է իրագործուին, ինչպէս՝ ուսումնական խորհուրդներու գործակցութիւն, հայեցի կրթութեան միացեալ ծրագիրի յառաջացում, արդիական դասագիրքերու ստեղծում, եւայլն: