Հեքիաթի աշխարհը ընդհանուր գրաւչութիւն ունի. ան ժողովրդական է եւ սիրելի՝ թէ՛ մանուկին եւ թէ չափահասին համար։
Հայ ժողովուրդը բախտաւոր է իր մեծ երգահան զաւակ Տիգրան Չուխաճեանով, որ 19րդ դարուն եկաւ կենդանացնելու հեքիաթի այս աշխարհը՝ վառ երեւակայութեամբ, զուարթ թատերատետրերով եւ պայծառ երաժշտութեամբ։ Դժբախտաբար սակայն, Չուխաճեանի երաժշտական ժառանգութիւնը, եւ անոր հսկայ նպաստը հայ երաժշտութեան եւ մշակոյթի պատմութեան հոլովոյթին մէջ, անտեսուած մնացին երկար տարիներ։
Հ.Բ.Ը. միութեան «Արտաւազդ» թատերախումբը եւ «Լարք» երաժշտական ընկերակցութիւնը անգամ մը եւս միացեալ ուժերով կու գան վերազարթնեցնելու ժողովրդային գիտակցութիւնը այս հսկայ երգահանին եւ իր գործին նկատմամբ։
Չուխաճեանի երկու երգախաղերը՝ «Զուարթ»ը եւ «Լէպլէպիճի Հօր-Հօր աղա»ն, արդէն ներկայացուեցան Հարաւային Քալիֆորնիոյ հասարակութեան, սոյն կազմակերպութեանց ջանքերով։
Երրորդ ներկայացումը կու գայ վերարտադրելու երգախաղ մը՝ «Զէմիրէ»ն, որ երբեք չէ հրապարակուած եւ չէ կրկնուած իր անդրանիկ ներկայացումներէն ի վեր (Պոլիս 1891 եւ 1893)։
Վաչէ Պարսումեանի եւ Գրիգոր Սաթամեանի միաձոյլ տեսիլքին որպէս արդիւնք եւ տաղանդի արգասիք՝ «Զէմիրէ»ն յարութիւն կ՚առնէ իր արարումէն աւելի քան դար մը ետք։
«Զէմիրէ»ն պիտի ներկայացուի միայն երեք անգամ, Pasadena Civic Auditorium-ի մէջ, Մայիս 30, 31 եւ Յունիս 1, 2008ին։
Ներկայացման իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն հռչակաւոր եւ տաղանդաշատ հայ արհեստավարժ արուեստագէտներ, ինչպէս նաեւ «Արտաւազդ» թատերախումբի եւ «Լարք» երաժշտական ընկերակցութեան անդամներ։
Չուխաճեանի երաժշտական ժառանգութեան վերարծարծումով եւ փոշիներու տակ թաղուած այս գործին ծանօթացումով չ’աւարտիր ծրագրող կազմակերպիչներու նպատակը։ Ներկայացման հասոյթով կը ծրագրուի տպագրութեան յանձնել Չուխաճեանի բոլոր գործերը, կորուստէ փրկելու եւ ազգային հարստութեան գանձարանին վերադարձնելու նպատակով։ Այդպիսով նաեւ անոնք տրամադրելի պիտի ըլլան միջազգային արուեստի բեմերուն։
Կը հաւատանք, թէ հայ հասարակութիւնը, զինուած նախորդ երգախաղերու բացառիկ փորձառութեամբ, իր նիւթական աջակցութեամբ եւ խուռներամ ներկայութեամբ ոչ միայն պիտի ապահովէ յաջողութիւնը այս անգամ եւս, այլ պիտի ապրի եւ ըմբոշխնէ սքանչելի ներկայացման մը անմոռանալի վայելքը: