Թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հետ նախօրօք ճշդուած ժամադրութեամբ, «Լինսի» հիմնարկի նոր նախագահ Ճէյ Ռաքօ եւ փոխնախագահ Յարութ Սասունեան Հինգշաբթի, Փետրուար 21ին այցելեցին ազգային չորս վարժարաններ, ծանօթանալու համար անոնց կրթական վիճակին ու զանազան ծրագիրներուն։ Առաջնորդը ու Ազգ. վարժարաններու խնամակալ մարմինի ներկայացուցիչներ՝ Մարք Կէտիկեան, Վարդգէս Թովմասեան եւ Սօսի Յովսէփեան հիւր ներկայացուցիչները դիմաւորեցին «Ֆերահեան» վարժարանին մէջ։ Այնուհետեւ, շրջապտոյտը ընդգրկեց «Ալէք Փիլիպոս» վարժարանը, «Թիւֆէնքեան» մանկամսուրն ու «Շամլեան» վարժարանները։ «Փիլիպոս»ի հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Խնամակալ մարմինի անդամներէն Մակի Սարգունի ու վարժարանին Ուսումնական մարմինի ներկայացուցիչներ։ Մեր վարժարաններու տնօրէններն ու անձնակազմերու ներկայացուցիչները հիւրերը հաղորդ դարձուցին ուսումնական աշխատանքներուն։ «Փիլիպոս»ի տնօրէնութիւնը նաեւ ճաշով հիւրասիրեց հիւրերը։ Քննական շրջապտոյտը պիտի շարունակուի։ Առաջին օրուան շրջապտոյտի աւարտին, առաջնորդը, ժողովականութեան ներկայացուցիչներն ու հիւր պաշտօնատարները հասան Առաջնորդարան, ուր ծանօթացան նոր շէնքին ու հոն տարուող աշխատանքներուն։ Հրաժեշտի պահուն առաջնորդը յուշանուէրներ յանձնեց «Լինսի» հիմնարկութեան ներկայացուցիչներուն։
Նկարին մէջ, ձախէն աջ՝ Մարք Կէտիկեան, Ճէյ Ռաքօ, առաջնորդը, Յարութ Սասունեան եւ դոկտ. Ալպերթ Թոմասեան: