ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Լիբանանեան «Հըզպալլա» կուսակցութիւնը Ուրբաթ, Փետրուար 29ին դատապարտեց ամերիկեան երեք մարտանաւեր Լիբանանի մօտերը ղրկելու ամերիկեան որոշումը եւ պահանջեց Լիբանանի վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի կառավարութենէն, որ նմանապէս դատապարտէ այդ քայլը: «Հըզպալլա» ամերիկեան մարտանաւերը նկատեց Լիբանանի «անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան դէմ առնուած քայլ մը»:
Սակայն, Սինիորա, որու կառավարութիւնը ընդդիմութեան կողմէ կը քննադատուի Ուաշինկթընի կամակատարը ըլլալու յանցանքով, յայտարարեց, թէ իր կառավարութիւնը նման քայլ մը առնելու դիմում չէ կատարած Ուաշինկթընի եւ աւելցուց, թէ ամերիկեան մարտանաւերը Լիբանանի ջուրերէն ներս մուտք չեն գործած, այլ միջազգային ջուրերու վրայ կը գտնուին:
Իր կարգին, Սպիտակ տան բանբեր Կորտըն Ճանտրօ յայտարարեց, թէ ամերիկեան մարտանաւեր Միջերկրական ծովու արեւելեան ափերը ղրկելու որոշումը «շրջանային կայունութեան նեցուկ կանգնելու» համար առնուած քայլ մըն է:
Ֆրանսական դիւանագիտական աղբիւրներ յայտնեցին, որ ամերիկեան մարտանաւեր շրջան ղրկելու որոշումը Սուրիոյ դէմ «մագլցողական» քայլ մըն է։