Շաբաթ, Մարտ 1ի երեկոյեան, առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հսկումի արարողութիւն, նախագահութեամբ թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի։ Արարողութեան աւարտին, անդրադառնալով Հայաստանի վերջին իրադարձութիւններուն, առաջնորդը խաղաղութեան, կայունութեան եւ համերաշխութեան կոչ ուղղեց, եւ հրաւիրեց մեր ժողովուրդի զաւակները աղօթելու, որ մեր հայրենի իշխանութիւնը ժողովրդավար սկզբունքներով, հաւատքով ու յոյսով առաջնորդէ հայրենի մեր ժողովուրդը խաղաղ եւ բարօր կեանքի։
Կիրակի, Մարտ 2ի առաւօտուն, Ս. Քառասնից Մանկանց տօնին առիթով, Ս. Պատարագի ընթացքին, թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ «Տէր, ողորմեա»ի արարողութիւն։ Առաջնորդ սրբազան հայրը պատարագեց եւ քարոզեց Օրէնճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ եւ դարձեալ բոլոր հայրենակիցներուն կոչ ուղղեց ըլլալու զգօն եւ արթուն, չտարուելու եւ չառաջնորդուելու կիրքերով, ատելութեամբ եւ իրարամերժ ոգիով, այլ գործելու փոխադարձ հասկացողութեամբ, համերաշխութեան ոգիով եւ քրիստոնէական սիրով։
Նաեւ, Արամ Ա. կաթողիկոսի որոշումով, յառաջիկայ Կիրակի, 9 Մարտին, բոլոր թեմերու մեր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան աղօթք պիտի կատարուի յիշեալ դէպքերուն զոհ գացած անմեղներու յիշատակին։