Ուշագրաւ հրատարակութիւն մըն է Սուրիահայ գրողներու համախմբումի «Երթ» խորագրով տարեգիրքին Բ. հատորը, որ լոյս տեսաւ Հալէպ, 2007ին, հրամանաւ՝ Շահան եպս. Սարգիսեանի՝ առաջնորդ Բերիոյ հայոց թեմի եւ մեկենասութեամբ տեարք Ժոզէֆ եւ Էլի Սանոսեաններու:
Սոյն հատորը կը բաղկանայ 310 գեղատիպ էջերէ եւ կ՚ընդգրկէ հետեւեալ չորս բաժինները. «Գեղարուեստական գրականութիւն», «Ուսումնասիրութիւն եւ արխիւային հրապարակում», «Թարգմանական գրականութիւն» եւ «Ժամանակագրական»:
Տարեգիրքին Բ. հատորը կը սկսի Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդին «Աննահանջ երթ «Երթ»ին» խորագիրը կրող օրհնութեան խօսքով, ուր Շահան սրբազան դրուատելէ ետք «Երթ»ի առաջին հատորին մէջ արձանագրուած արդիւնաւէտ աշխատանքները, գոհունակութեամբ կ՚ողջունէ երկրորդ հատորը, որուն միջոցով, կ՚ըսէ, Սուրիահայ գրողներու համախմբումը վառ կը պահէ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի ջահը:
«Խմբագրական» եւ «Կարծիքներ «Երթ» տարեգիրքի մասին» յօդուածներով, խմբագրութիւնը կ՚անդրադառնայ «Երթ»ի առաջին հատորին մասին սփիւռքահայ մամուլին մէջ լոյս տեսած դրական եւ բացասական կարծիքներուն՝ խոստանալով յառաջիկային ըլլալ առաւել զգօն ու բծախնդիր:
«Գեղարուեստական գրականութիւն» խորագրով առաջին բաժինը ունի ճոխ բովանդակութիւն, որ բազմերանգ ծաղիկներով օժտուած գեղեցիկ դաշտանկարի մը տպաւորութիւնը կը թողու: Տպաւորիչ է 17 աշխատակիցներու պատկառելի ներկայութիւնը, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր խառնուածքին եւ նախասիրութիւններուն համապատասխան ոգեշնչումով կը հարստացնէ հատորին գրական բաժինը:
Ան կը բաղկանայ չափածոյ եւ արձակ գրութիւններէ, որոնք իրենց արծարծած նիւթերուն այլազանութեամբ, խորքով եւ յղացքով կը կազմեն հատորին ծանրութեան կեդրոնը:
Նկատելի է, թէ չափածոյ գրութիւններու հեղինակները իրենց քերթողական գործերուն նկատմամբ կը ցուցաբերեն անհրաժեշտ բծախնդրութիւն: Ունին մաքուր լեզու եւ հեզասահ ոճ: Ունին ճաշակ ու երեւակայութիւն: Կը սիրեն անոնք նորաշունչ պատկերներով բացայայտել զգացական պահ մը, սեփական ապրում մը կամ դառնախոհ մտավիճակ մը: Ոմանք ունին մեղմ խառնուածք. կը սիրեն թեւածել երազանքի ոլորտներուն՝ քաղելով իրենց վերացապաշտ ոգեշնչումները երազային աշխարհէն: Ուրիշներ կը դրսեւորեն համեմատաբար յանդուգն, բայց զուսպ արտայայտութիւններ: Սակայն բոլոր պարագաներուն ալ, չեն ընթանար անոնք դասական դպրոցի ուղիէն, այլ կը հետեւին գրական նորարարական շարժումին:
Բ. հատորին մէջ տեղ գրաւած են նաեւ կարգ մը պատմուածքներ, որոնց հեղինակներէն իւրաքանչիւրը կը նկարագրէ իր սեփական փորձառութենէն քաղուած զուարթ կամ տխուր դրուագ մը: Սոյն արձակագիրները ունին պատմելու շնորհ, հաղորդական շունչ եւ յստակ լեզու:
Հատորին այս բաժինը ունի կարգ մը գրաւիչ էջեր, ինչպէս՝ Պերճուհի Աւետեանի «Լաւագոյն մաղթանքը» եւ Թորոս Թորանեանի «Հա՛յր, գէթ մէկ անգամ» պատմուածքները: Գեղեցիկ են նոյնպէս Մանուէլ Քէշիշեանի «Պատմուածք-էսսէներ»ը, որոնք հակառակ հակիրճ գրութիւններ ըլլալուն՝ կը պարզեն լրիւ եւ ամբողջական իմաստ:
«Ուսումնասիրութիւն եւ արխիւային հրապարակում» բաժինին մէջ բանաստեղծուհի Մարուշ Երամեան ստորագրած է «Ուրուագիծ հալէպահայ բանաստեղծութեան» խորագրով երկարաշունչ ուսումնասիրութիւնը, ուր ամփոփ գիծերու մէջ կը ներկայացնէ հալէպահայ բանաստեղծութեան պատմութիւնը՝ գաղթականութեան շրջանէն մինչեւ ներկայ օրերը: Այս առաջադրանքով կը թուէ անունները դպրոցական հրատարակութիւններու, պարբերաթերթերու, հանդէսներու եւ տարեգիրքերու: Կը նկարագրէ թէ ինչ դժուար պայմաններու տակ Անդրանիկ Ծառուկեան 1941ին հիմնեց «Նայիրի» ամսագիրը: Եւ, ապա, անդրադառնալէ ետք յետեղեռնեան առաջին ու երկրորդ սերունդի գրողներուն, որոնք ունեցան ստեղծագործական բեղուն գործունէութիւն Հալէպի մէջ, Մարուշ Երամեան կը դրուատէ արժանիքը նորահաս սերունդի բանաստեղծներուն, որոնք իրենց ինքնատիպ եւ թարմաշունչ երկերով նոր խանդ եւ ոգեւորութիւն ներմուծեցին հալէպահայ բանաստեղծութեան մէջ:
Հրազդան Թոքմաճեան «Եկեղեցի եւ մշակոյթ շարքից» յօդուածով կը բացայայտէ այն միտքը, թէ Եւրոպայի մէջ վերածննդեան շրջանին, եթէ արուեստն ու գիտութիւնը դուրս եկան վանքերու կրօնաբոյր մթնոլորտէն, հայերուս պարագային, եկեղեցին մնաց իբրեւ գործօն ներկայութիւն մեր հանապազօրեայ կեանքին եւ հոգեմտաւոր իմացումներուն մէջ՝ մինչեւ 19րդ դարու վախճանը: Այս պատճառով, կ՚ըսէ յօդուածագիրը, հայ ժողովուրդը իբրեւ ջերմ պաշտպանը քրիստոնէական հաւատքի, զարկ տուաւ հայկական իւրայատուկ ճարտարապետութեան՝ կերտելով տաճարներ, սրբավայրեր ու վանքեր:
«Հիւսիսարեւմտեան Սուրիոյ հին վանքերը» խորագրով յօդուածը, որ թարգմանաբար տպուած է, հնագիտական արժէք ներկայացնող ուսումնասիրութիւն մըն է, որուն հեղինակը իտալացի հնագէտ եւ պատմաբան հայր Փասքուալէ Քասթելլանա 1946էն ի վեր կ՚ապրի Սուրիոյ մէջ: Սոյն երկարաշունչ յօդուածով հանգամանօրէն ան կը նկարագրէ Սուրիոյ հին վանքերն ու հայկական ծագում ունեցող գիւղերը՝ տալով շահեկան տեղեկութիւններ անոնցմէ իւրաքանչիւրին մասին:
Տարեգիրքին արխիւային բաժինը հարուստ է վաւերագրական բազմաթիւ էջերով, ըլլան անոնք հայ որբերու վերաբերող յուշագրութիւններ կամ պաշտօնական թղթակցութիւններ: Սոյն վաւերաթուղթերը կրնան ծառայել իբրեւ օգտագործելի աղբիւրներ՝ ապագայ պատմագէտին համար:
Տարեգիրքի «Թարգմանական գրականութիւն» բաժինին մէջ կը ներկայացուին օտար լեզուներէ թարգմանուած գրութիւններ, ուր կը պատմուին Հայկական Ցեղասպանութեան եւ տարագրութեան հետ առնչուած սրտաճմլիկ եղելութիւններ:
«Երթ» ի Բ. հատորը կը փակուի «Ժամանակագրական» խորագիրը կրող բաժինով, ուր մանրակրկիտ կերպով կը տրուի ժամանակագրութիւնը Հալէպի արհեստներու զարգացման:
Չերմապէս կը շնորհաւորենք «Երթ»ի խմբագրութիւնն ու աշխատակիցները, որոնք անձնուիրաբար կը ծառայեն հայ գրականութեան եւ մշակոյթին՝ նուիրաբերելով իրենց թանկագին ժամերը՝ հայ գեղարուեստի զոհասեղանին: Կը մաղթենք, որ անոր բովանդակութիւնը ճոխանայ տարուէ տարի՝ նոր աշխատակիցներու ստեղծագործական յարաճուն խանդավառութեամբ: