Ըստ 4News-ի աղբիւրներուն՝ 20 Մարտի գիշերը, ատրպէյճանական կողմէ կրակ բացուեցաւ սահմանի հարաւ-արեւելեան հատուածին մէջ` Գեղարքունիքի մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ:
«Մեր աղբիւրի փոխանցմամբ, անկանոն կրակահերթ է եղել: Մենք փորձեցինք Գեղարքունիքի մարզի սահմանապահ մի շարք գիւղերի ղեկավարների հետ խօսել, հասկանալ` արդեօ՞ք լսուել են գիւղում ձայներ: Կութ, Սոթք համայնքի ղեկավարները նախ նշեցին, որ հետեւենք ՊՆի հաղորդագրութիւններին, բայց եւ յաւելեցին , որ գիւղում իրավիճակը հանգիստ է, ինչպէս երէկ է եղել», կը յայտնէ 4News-ը:
Աւելի կանուխ, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան յայտարարած էր, որ ատրպէյճանական զօրքերու տեղաշարժ չկայ: «Որպէսզի նման գնահատական տամ, պէտք են հետախուզական տուեալներ: Այս պահին գետնի վրայ նման երեւոյթ տեսանելի չէ: Մամուլում ապատեղեկատուութիւնը, որ տեղի են ունենում կուտակումներ, զօրքերի տեղաշարժեր, ՊՆն չի հաստատում: Բոլոր վտանգաւոր կրակոցները, խախտումները, որոնք ուղղուած են մեր դիրքերի, մեր անձնակազմի վրայ, մշտապէս ՊՆի կողմից տրուել են հաղորդագրութիւններ եւ բացատրութիւններ», ըսաւ Պապիկեան՝ կոչ ուղղելով՝ նախքան այսպիսի տեղեկութիւններու հրապարակումը զանոնք ստուգելու պաշտպանութեան նախարարութեան հետ:
Պատասխանելով «Ազատութեան» հարցումին, թէ՝ Սոթի ուղղութեամբ կրակոցներ եղա՞ծ են՝ Պապիկեան յստակ պատասխան չտուաւ, փոխարէնը վկայակոչեց պաշտպանութեան նախարարութեան նոյն օրը աւելի կանուխ տարածած հաղորդագրութիւնը, որուն միջոցով նախարարութիւնը «յորդորում է զերծ մնալ բանակին եւ սահմանային իրադրութեանն առնչուող ոչ ստոյգ, սխալ ու մտացածին տեղեկութիւններ հրապարակելուց եւ հետեւել ՊՆ պաշտօնական լրահոսին»:
Ան նաեւ յայտնեց, որ եթէ Ատրպէյճան զինադադարի խախտումի փաստեր ներկայացնէ, Երեւան պատրաստ է զանոնք ուսումնասիրելու եւ քննարկելու՝ հաստատելով, որ ցարդ Պաքուէն այդպիսի փաստեր չեն ստացած։
Պապիկեան խորհրդարանին մէջ կը մասնակցէր Պաշտպանութեան յանձնաժողովի նիստին` ներկայացնելու իր ղեկավարած գերատեսչութեան կառավարութեան ծրագիրի կատարման ընթացքին մասին զեկոյցը:
Նոյն մօտեցումը դրսեւորեց նաեւ Հայաստանի Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան պետ Քրիստինէ Գրիգորեան՝ շեշտելով. «Ադրբեջանի յարձակման հաւանականութիւնը բարձր գնահատելու համար անհրաժեշտ բոլոր փաստերի եւ ազդակների համախումբը բացակայում է։ Իրավիճակը արագ է փոխւում, հետեւում ենք իրավիճակին»։