Հայ դպրոցը կը համարենք հիմնական եւ հոգեշահ խօսքեր կ՚ըսենք: Ոչ ոք կը կասկածի անոր կարեւորութեան եւ դերին՝ ազգի կազմաւորման եւ լինելութեան ճամբուն վրայ: Այս հասարակ տեղիք հաստատումէն ետք հարց պէտք է տալ, թէ աշակերտ, ծնողք եւ դպրոցի տէրեր՝ պետութիւն, միութիւններ կամ անհատներ, ինչպէ՞ս կ՚ըմբռնեն այդ դերը, ի՞նչ կ՚ակնկալեն անկէ, ինչպէ՞ս կը յաջողին իրականացնել իրենց ակնկալութիւնները, Հայաստան եւ Սփիւռք հաւասարապէս:
Տեղեկութիւններ եւ արտայայտութիւններ կան, զորս կը լսենք, կը ծալենք ու մէկդի կը դնենք: Այսպէս, չենք մտահոգուիր. Հայաստան համալսարան մուտքի քննութիւններուն մայրենի լեզուի որակը ցած է, անկում կրած է: Ահազանգ հնչեցնողներ եղան: Լուրը տրուեցաւ: Նորութիւն չէ. Գրիգոր Արծրունի, ԺԹ. դարուն, «ՄՇԱԿ»ի էջերէն ի հեճուկս հայերէնի ծաւալող ռուսախօսութիւնը կը քննադատէր: Նոյն դարուն, Պոլսոյ մէջ, օտարամոլութեան հունին մէջ ստեղծուած էր «լըվանթէն»ներու դասը, որոնք ազնուականութիւն կը համարէին ֆրանսերէն խօսիլ: Այդպէս էր Խորհրդային Հայաստանը, ուր ռուսական դպրոցներ կը ղրկուէին հայ մանուկները՝ վերնախաւի եւ մտաւորականութեան մէկ մասի, որպէսզի Մեծ Հայրենիքի տարողութեամբ ասպարէզ ունենան: Սփիւռքը նոյնքան մտահոգիչ է եւ բացասականութիւնը կու գայ նոյն գործնապաշտական աղբիւրէն: Բանակ են ունեւոր դասի զաւակները, որոնք ուսանած են եւ կ՚ուսանին օտար վարժարաններու մէջ, «լըվանթէն»ի հոգեբանութեան շարունակութիւնը: Նպատա՞կը՝ փայլուն ասպարէզ ունենալ: Հայկական վարժարանները իրենց յաջողութիւնը կը չափեն վկայականներու ձեռքբերման կամ համալսարան մուտքի տոկոսներով…: Հայերէնը տեղի կու տայ ընդհանրապէս, նաեւ՝ հայկական վարժարաններու մէջ: Աւարտող եւ վկայեալ տղոց եւ աղջիկներու ո՞ր տոկոսը անսխալ հայերէն նամակ մը կրնայ գրել, կամ ո՞ր տոկոսը տարին քանի մը հայերէն գիրք կը կարդայ: Ծնողք կ՚ուզեն, որ իրենց զաւակները յաջողին կեանքի մէջ: Աշակերտին եւ ծնողքին համար բնական առաջնահերթութիւն է այդ: Բայց անշրջանցելի պէտք է ըլլայ այն հարցումը, թէ այդ ի հեճուկս ազգային ինքնութեա՞ն պիտի ըլլայ. ինքնութիւնը՝ լեզու, մշակոյթ, պատմութիւն, գրականութիւն, այսինքն՝ ազգային ժառանգութիւն:
Վկայականներու կարելի է տիրանալ որեւէ երկրի որեւէ վարժարանը յաճախելով, եւ եթէ այդ է նպատակը, հայ դպրոցի կարիք չկայ: Ի հարկէ հայկական վարժարան յաճախողները եւս կեանքի մէջ պէտք է յաջողին, բայց չենք կրնար ըսել, որ հայ դպրոցի նպատակն է վկայականը:
Խելացի մարդու տպաւորութիւն կը կարծենք ձգել, մանաւանդ երբ երիտասարդ ենք, ամէն քայլափոխի կրկնելով ռազմավարութիւն եւ մարտավարութիւն բառերը: Հարց պէտք է տալ, թէ ի՞նչ է կամ ի՞նչ պէտք է ըլլայ հայ դպրոցի ռազմավարութիւնը, երբ կ՚ընտրուի հայ դպրոցը, ո՞ր ռազմավարութեան կ՚ուզեն հետեւիլ: Ի՞նչ է նպատակը այդ ընտրութեան, մանաւանդ՝ սփիւռքեան պայմաններու մէջ: Ղեկավարութիւններ, ծնողք, նոր սերունդ, այս հարցումը կ՚ուղղե՞ն՝ անկախաբար ամէն կարգի շահախնդրութիւններէ եւ կողմնապաշտութիւններէ: Հայ դպրոցը մրցակցութիւններու բեմ չէ, այդ կը հակասէ կրթութեան կոչումն իսկ:
Բաւարար չափով չենք կրկներ, որ մեր ժողովուրդը դարերով դիմացաւ առանց պետութիւն ունենալու: Առանց թագաւորի, առանց նախագահի: Յօդուածի մը մէջ գրած եմ հետեւեալը. «Հայն ու հայկական հաւաքականութիւնը, պատմական փաստով հաստատուած, ազգային մշակոյթի պահպանման եւ զարգացման կռուան եւ դերակատար պիտի ըլլան: Երբ ամրոցները եւ զօրքերը չեն կրցած պաշտպանել ազգը ներխուժող ամէն կարգի ուժերու դէմ, մտքի մշակներ եւ մշակոյթը պահած են ազգային ինքնուրոյնութիւնը, այսինքն ձախողութեան մատնած են Հայաստանի եւ հայութեան բացորոշ եւ լուռ թշնամիներու քաղաքականութիւնը»: Հարց պէտք է տալ. ինչպէ՞ս դիմացաւ հայութիւնը: Պատասխանը մէկ է. պահելով լեզուն՝ հայերէնը, խօսելով եւ գրելով այդ լեզուով եւ լայն ըմբռնումով՝ մշակոյթը: Մամիկներ եւ պապիկներ ո՛չ երկրաչափ էին, ո՛չ այլ կարեւոր գիտութիւններու եւ արհեստագիտութիւններու մասնագէտներ, բայց իրենց բարձին տակ Նարեկ ունէին, ի վերայ ամենայնի՝ գրաբար, եւ կը կարդային, կը հաւատային անոր զօրութեան եւ այդպէս ալ պահեցին ազգ եւ ազգի նկարագիր: Ընդոծին ողջմտութեամբ հասկցան եւ ըստ այնմ ապրեցան, պահեցին լեզուն, որ մեր ազգային մեծագոյն ժառանգութիւնն է: Ան մեր գոյութենական լարն է, ինքնութեան եւ ազգային հաւաքականութեան միջեւ ձգուած պարանը, եթէ փրթի այդ պարանը, հայը կ՚իյնայ անդունդ, կը տեւէ թերեւս լաւ ապրող ու կուշտ «ծագումով հայ»ը, որ կը հետապնդէ տեղական-տեղայնական փառասիրութիւններ: Այս «ծագումով հայ»երը միլիոնաւոր են, Հայկի, Արամի, Նարեկացիի, Վարուժանի աշխարհէն տարբեր տեղ կը գտնուին, մոլորակ փոխած են, իրենց համար հայկական ուղին վերջացած է, ինչպէս կ՚ըսէ Վիգէն Խեչումեան, կը գտնուին այլ ընթացքի մէջ, հայուն համար անհարազատ տեղ մը, սկիզբ՝ ուրիշ բանի, բայց ոչ՝ նախկինի շարունակութիւնը: Եւ մեր շրջապատը այդ կ՚ակնկալէ, չըլլալ նախկինի շարունակութիւնը, ըլլալ «ծագումով հայ», անուղղակի կերպով կը պարտադրէ, եւ յանուն պատշաճեցումներու, կը լսենք, կը հետեւինք, կ՚ըսենք, որ զգացումով հայ ենք, եւ շատեր հոն կանգ կ՚առնեն, կը թաղուին տեղականի եւ անմիջականի մէջ: Բախտաւոր պարագային՝ կը դառնան բարեսէր եւ հայասէր:
Յաջողութիւնը դրական է, կը վերաբերի անհատին, աշակերտ, ծնողք, շրջապատ: Հայկական վարժարան յաճախող տղուն յաջողութիւնը այլապէս պէտք է չափել, անոր հետ չափել նոյն այդ վարժարանին յաջողութիւնը: Ան այլ տեղ է, պիտի գայ այն ատեն, երբ բանիւ եւ գործով փաստուի, որ հայ տղաքն ու աղջիկները տէր են մեր մեծագոյն ժառանգութեան՝ հայերէնին, մեր մշակոյթին, երբ չաղճատուած հայերէն կը խօսին եւ կը գրեն, երբ համացանցով կը հաղորդակցին հայատառ հայերէնով, առանց համացանցը վերածելու աղէտի առաջնորդող միջոցի՝ գործածելով լատինական տառերը, չեն ընկրկիր վասն դիւրութիւններու: Հայ դպրոցին եւ անոր աշակերտներուն իրաւ յաջողութիւնը կը չափուի այն ատեն, երբ հայերէնով ընթերցումը կ՚ըլլայ սովորական, հայերէն գիրքը կը մտնէ տուները, իրեն հետ բերելով մեր արժէքները, դառնալով նեցուկ հարազատ ինքնութեան, որպէսզի օտարացման առաջնորդող բացասական կարգախօսներ չհարթեն մեզ եւ յառաջդիմութիւն չհամարուին: Այս ընելու համար պէտք է ապահովել հայ ծնողքին գիտակից աջակցութիւնը: Քաղաքի մեծ գրատուները երբ կ՚այցելենք հոգեմտաւոր սնունդ փնտռելու համար, եւ այդ լաւ է, պէտք է երթալ նաեւ հայ գրատուները, հոգ չէ, որ նուազ զանազանութիւն ունենան, նուազ ճոխ ըլլան: Հայերէն գիրքը հարկ է գնել եւ տանիլ տուն արմատներու հաւատարմութիւն նուաճելու համար, չըլլալու համար «ծագումով հայ»: Դեռ մէկ սերունդ առաջ հայ մարդիկ կը հպարտանային իրենց հայերէն գիրքերու գրադարանով: Ի՞նչ պատահած է, ի՞նչ կը պատահի, ո՛չ թուրքի ճնշումը կայ, ո՛չ ռուսի…
Կը լսենք, որ կեանքը դժուար է, մրցակցութիւններ կան, անապահովութիւն, եւ ի վերայ ամենայնի՝ ժամանակ չկայ, եւ ամէն անգամ որ արմատներու հաւատարմութեան մասին խօսուի, կ՚ըսենք՝ ժամանակ չկայ, յետոյ կը զբաղինք այդ հարցերով: Եթէ ամէնքս ժամանակ չունենանք, ի՞նչ պիտի ըլլայ ազգային-հաւաքական կեանքին պատկերը: Իմաստուն եւ հոգեհարազատ անձը այն է, որ ժամանակը կը ստեղծէ: Ո՞վ օրուան ընթացքին շատախօսութեան, բաժակ մը սուրճի կամ զուարճութեան համար ժամ կամ ժամեր չի յատկացներ: Եթէ յատկացուած-մսխուած ժամերու կէսը տրամադրուի մեր ինքնութեան կերտումին, հրաշքը կը պատահի, կը կարդանք հայերէն գիրք եւ թերթ, կը մասնակցինք հաւաքական նպատակասլաց կեանքին: Կ՚ըլլանք ներկայութիւն, որպէսզի ազգը տոկայ եւ տեւէ, ազգը, որ իւրաքանչիւրիս մէջ է, եւ ամէն անգամ որ տեղի կու տանք, ազգ կը քանդենք, մէկ առ մէկ, բջիջ առ բջիջ:
Սահմանափակ տպաքանակով լոյս կը տեսնեն հայերէն թերթերը եւ գիրքերը, որովհետեւ տեղի կու տանք՝ յաջողութեան հետամուտ ըլլալով եւ օտարամոլութեամբ: Անոնք դարձած են փոքրամասնութեան մը սեփականութիւնը, եւ ազգը կը փոքրանայ: Այդ փոքրամասնութիւնը կը բազմապատկուի իւրաքանչիւրի մասնակցութեամբ, առանց միջնորդի կամ թելադրութեան սպասելու, տէր կ՚ըլլայ ազգին, կը զօրացնէ անոր ներուժը:
Հայ աշակերտին եւ հայ դպրոցին իրաւ յաջողութիւնը չյետաձգել վաղուան, ինչպէս կ՚ըսուի՝ աւելի լաւ օրերու: Նախանձախնդիր հայը, իր ինքնութիւնը եւ ասպարէզի յաջողութիւնը պիտի չանջատէ: Դիւրին չէ, վստահօրէն: Բայց մեր ժողովուրդի ճակատագիրը դիւրին չէ եղած եւ չէ, չարիք կը գործենք, երբ եսասիրութեամբ կը քանդենք տոկալու եւ տեւելու առաքինութիւնը: Կը փոքրանանք, երբ Ճորճ Օրուէլի թուանշանով ճանչցուող անհատը կը դառնանք եւ կը սպաննենք հայը, նոյնիսկ եթէ ան ժամանակ մըն ալ տեւէ իբրեւ «ծագումով հայ», զուարճանայ կիսամիջոցներով, գոհանայ Ցեղասպանութեան ճանաչման թութակային կարգախօսով եւ կարծեցեալ իմաստութեամբ ձեռք քաշէ բռնագրաւեալ Հայաստանէն, Հայաստանի Հանրապետութիւնը շփոթելով Հայաստանի հետ:
Աշակերտ, երիտասարդ, ընդհանրապէս, պէտք է յաջողին: Բայց մտածենք. օտարացման մէջ հռչակաւոր դարձած «ծագումով հայ»ը որո՞ւ, որո՞նց ժառանգ կը ձգէ իր մտքի լոյսը եւ քրտինքը: Առանց խօսքի աճպարարութիւններու, կը յանդգնի՞նք ըսելու, թէ դէպի ո՛ւր պիտի հոսին վաղուան յաջողածներու մտքի լոյսը եւ քրտինքը: Հայածնունդ օտարագիր գրողներ կան, անոնց անունը թերեւս կը նպաստէ հայկական քարոզչութեան: Անոնց մտքի արգասիքը, ափսո՜ս, չի պատկանիր մեր ժողովուրդին: Կը մտնէ օտարի գանձարանը:
Հայ մարդիկ պիտի ըսե՞ն, թէ ի՛նչ պէտք է ընել եւ ի՛նչպէս, որպէսզի յաջողելու տենդը ծառայէ մեր ժողովուրդին: Կամ՝ յաջողութիւնները չըլլան ի հեճուկս Մովսէս Խորենացիի «փոքրիկ ածու»ին: Հեռատեսիլէն յիշեցին մեծ գրող Ալպէր Քամիւն, որ ըսած է, թէ՝ «երբ յոյսը կ՚անհետանայ, հարկ է զայն ստեղծել»: