Մարտ 5, 1946ին, Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Ուինսթըն Չըրչիլ կը գտնուէր Ամերիկա, Միսուրի նահանգի Ուեսթմինսթըր քոլէճէն ստանալու համար իր պատուոյ դոկտորան: Այս պաշտօնական առիթով իր արտասանած ճառին մէջ էր, որ անցեալ դարու երկրորդ կէսը յատկանշած Արեւելք-Արեւմուտք պայքարը բնութագրող ամէնէն դիպուկ բանաձեւումը ներկայացուց Չըրչիլ, ըսելով. «Պալթեան Սթեթին քաղաքէն մինչեւ Ադրիականի Թրիեսթէ քաղաքը երկաթեայ վարագոյր մը կիսած է Եւրոպան: Այդ գիծէն անդին կ’իյնան Կեդրոնական եւ Արեւելեան Եւրոպայի հին պետութիւններու մայրաքաղաքները»:
Նացի Գերմանիոյ եւ Ճափոնի պարտութենէն ետք, ճիշդ է, լռած էին թնդանօթները, սակայն համաշխարհային թատերաբեմին վրայ յառաջ եկած էր ուժերու նոր դասաւորում մը, ստեղծուած էր երկբեւեռ աշխարհ մը, որու քաղաքական կողմնացոյցներու սլաքները ցոյց կու տային երկու մայրաքաղաքներ՝ Մոսկուա եւ Ուաշինկթըն, իրենց մանր-մունր կամ միջին կշիռքի դաշնակիցներով:
Եղան անշուշտ այս նոր տեսակի պատերազմէն խոյս տալ փորձողներ, Նեհրուի եւ Նասէրի գլխաւորութեամբ, սակայն անոնց ստեղծած Ոչ Յանձնառուներու շարժումը շուտով վերածուեցաւ անուանական եւ ոչ թէ քաղաքական լուրջ կշիռ ներկայացնող երեւոյթի: Անոնք եւս, մեծ մասամբ, անխուսափելիօրէն ինկան այս կամ այն բեւեռի քաշողական-մագնիսական ծիրէն ներս՝ աննշան թփրտուքներով: Աշխարհի նոր քարտէս մը գծուած էր, որ գլխաւորաբար երկու գոյներէ կը բաղկանար: Բոլոր պետութիւններն ալ (ճիշդ ինչպէս երբ զանգէն ետք իւրաքանչիւր աշակերտ կը շարուի ի՛ր դասարանի շարքին մէջ) այլեւս կը գտնուէին Երկաթէ վարագոյրի պարտադրած քաղաքական սահմանագիծերու կա՛մ այս կողմը, կա՛մ այն կողմը, յարգելի բացառութիւններով:
Ամբողջ արաբ-իսրայէլեան տագնապը, 1948էն ասդին, առաւել՝ յետգաղութատիրական Ափրիկէի մէջ տեղի ունեցող պետական հարուածներն ու քաղաքական անկայունութիւնը (ներառեալ Մուհամմատ Նակիպի, Փաթրիս Լումումպայի, Մոյիզ Չոմպէի կամ Քատտաֆիի երեւոյթները, օրինակի համար), ինչպէս նաեւ Լատին Ամերիկայի՝ առհասարակ արիւնալի յեղաշրջումներն ու հակայեղաշրջումները եւ անոնց ընկերացող ընկերային-տնտեսական ծանր տագնապները (յատկապէս Արժանթինի, Պրազիլի, Քոլոմպիայի եւ Վենեզուէլլայի մէջ) ճիշդ ըմբռնելու համար, վերջին հաշուով, պէտք է դիտել Պաղ պատերազմի ստեղծած իրականութեան լոյսին տակ:
Մէկ բռնատէրը միւսով փոխարինելու, կամ դուրսէն դրդուած ու ֆինանսաւորուած յեղաշրջումներով իրենց համար նպաստաւոր վարչակարգեր հաստատելու Մոսկուայի կամ Ուաշինկթընի քաղաքականութիւնը «ընդունուած կարգ» էր Պաղ պատերազմի ընթացքին: Մոսատեղի տապալումը, Պապրաք Քարմալի մը յայտնուիլը Աֆղանիստանի մէջ, կամ Սալվատոր Այէնտէի դէմ յեղաշրջումը ասոր օրինակներէն են:
Դարձեալ, Պաղ պատերազմի, այսինքն «փոքրաւորներու արիւնով» մղուող մեծերու պատերազմի լոյսին տակ պէտք է դիտել նաեւ խորհրդային ուժերուն կողմէ Աֆղանիստանի գրաւումը (արդիւնք՝ Մոսկուայի կողմէ բրիտանական լեղի փորձառութեան տգէտ անտեսումին), որ կը միտէր խորհրդային սահմաններէն ներս իսլամական արմատականութեան թափանցումին առաջքը առնել: Պրեժնեւ, այդ օրերուն, անտեսած էր նաե՛ւ ամերիկեան փորձառութիւնը Վիեթնամի մէջ:
Զարմանալիօրէն, քսաներորդ դարու զարգացած արհեստագիտութեամբ զինուած, մարդկային, տնտեսական ու գիտական հսկայական կարողականութիւն ունեցող գերուժերը ողբալիօրէն կը ձախողէին նախատեսել իրենց բիրտ ուժի… ձախողութիւնը՝ ըլլա՛յ Վիեթնամի, ըլլա՛յ Աֆղանիստանի, կամ ամբողջ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ: Ալ ինչո՛ւ զարմանալ, երբ այս բոլոր առաւելութիւններէն զրկուած եւ բառացիօրէն ասիավարի բռնատէր մը, Յազկերտ անունով, կը գործէր այդ սխալը՝ 1500 տարի առաջ:
Եւ ահաւասիկ, պաղ պատերազմի այսպիսի մթնոլորտի մէջ էր, որ 66 թուականին Հռոմէական կայսրութիւնը Հայաստանի մէջ Տրդատ Ա.ը գահ բարձրացնելով, կը հաստատէր հռոմամէտ վարչակարգ մը, իբրեւ պատուար Պարթեւական կայսրութեան դէմ: Արշակունիներու վարչակարգով սակայն, հարցը չէր փակուեր Փոքր Ասիոյ մէջ: Հռոմի եւ Տիզբոնի միջեւ (այդ օրերու Մոսկուան եւ Ուաշինկթընը) պաղ պատերազմի դրսեւորումներն էր Արշակունի մէկ արեւմտամէտ, մէկ արեւելամէտ իրերայաջորդ թագաւորներու գահ բարձրանալը: Նոյնինքն Մեծն Տրդատի գահ բարձրանալը, երրորդ դարու վերջին քառորդին, Հայաստանի մէջ Բիւզանդիոնի՝ միայն ժամանակաւոր յաղթանակ մըն էր պարթեւական-պարսկական ազդեցութեան դէմ: Սակայն այս թագաւորի գահ բարձրանալով կացութիւնը այլեւս նախկինին նման չէր: Նոր իրականութիւններ կային այլեւս:
Քրիստոնէութեան ներկայութիւնը, թէ՛ իբրեւ կրօն, թէ՛ իբրեւ գաղափարախօսութիւն եւ թէ իւրայատուկ մշակութային երակ զարգացնող ազդակ, կարեւոր ու նոր երեւոյթ էր: Բան մը, որ չվրիպեցաւ Մեծն Տրդատի ուշադրութենէն:
Հայաստան գալով, ան շուտով նկատեց, թէ պարսկական կրօնամշակութային ազդեցութիւնը ինչքան հզօրացած էր երկրին մէջ: Այնքան մը, որ այլեւս վտանգուած էր հայ ժողովուրդի իբրեւ ինքնուրոյն հաւաքականութիւն գոյատեւումը: Ան փորձեց վերականգնել հին հայկական, հարազատ հայկական հեթանոսական կրօնա-մշակութային մթնոլորտը երկրին մէջ: Ասով կը բացատրուի Ագաթանգեղոսի այն պատումը, երբ իր յաղթանակէն ետք, Տրդատ կը պարտադրէր բոլորին զոհ մատուցանել Անահիտին: Ապա՝ իր քարտուղար Գրիգորի մերժումը, Խոր Վիրապ բանտարկուիլը եւայլն, ասոնք կը խորհրդանշեն Տրդատի «փրօ-հայկական» քաղաքականութեան վերադարձը եւ նոյն այդ քաղաքականութեան ձախողութիւնը, տրուած ըլլալով, որ իր դասական զէնքերը այլեւս մաշած էին:
Ասոր մէջ կը կայանայ քրիստոնէութիւնը պետական կրօն հռչակելու Մեծն Տրդատի քաղաքական որոշումի անկիւնադարձային բնոյթը: Այս որոշումով, Տրդատ կը փորձէր կրօնամշակութային անթափանց պատուար մը ստեղծել արտաքին մշակութային, կրօնական ու ասոնց քօղին տակ՝ նաե՛ւ քաղաքական թափանցումներուն դէմ, ըլլան ատոնք արեւելեան (պարսկական), կամ արեւմտեան (հռոմէական-բիւզանդական):
Այս ձեւով, հայ ժողովուրդի ինքնութեան բիւրեղացումի գործընթացին մէջ անկիւնադարձ մը կը ստեղծուէր: Հայութիւնը, իբրեւ ժողովուրդ, կը ստանար նոր տեսակի դիմագիծ մը, որ տարբեր էր իր հզօր հարեւաններէն:
Այս երեւոյթը աննկատ չանցաւ այդ օրերու պաղ պատերազմի երկու բեւեռներու մայրաքաղաքներուն մէջ: Երկուքն ալ շարունակեցին Հայաստանը իրենց ազդեցութեան գօտիէն ներս պահելու պայքարը, միշտ ի վնաս Հայաստանի: Հետագայ տասնամեակներուն, յատկապէս պարսից Շապուհ Բ.ի օրերուն, Արշակ Բ.ի, անոր որդի Պապի, Մուշեղ Մամիկոնեանի ու Վարազդատի օրերու անցքերը ազդեցութեան գօտիներու համար մղուող այս պայքարի դրսեւորումներն էին: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս Սուհարթոյի նման խամաճիկ մը տեղաւորելը (Ինտոնեզիոյ պարագային), կամ Մոսատեղը տապալելով Մոհամմէտ Ռըզա շահը Թեհրանի մէջ իբրեւ Արեւմուտքի կամակատար գահ բարձրացնելը, եւ կամ՝ Սալվատոր Այենտէին տեղ արիւնարբու Փինոշէ մը իշխանութեան բերելը Սանթիակոյի մէջ, Չիլի:
Քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակումէն դար մը ետք, հասած էր պահը կրօնական յեղափոխութիւնը մշակութային յեղափոխութեամբ ամրապնդելու (Եթէ Մաօ Ցէ Թունկ քիչ մը հայոց պատմութենէն դասեր քաղած ըլլար…)
Կը սկսի երկրորդ արարը: Բեմ կը մտնեն երեք այլ գործիչներ: Մեսրոպ Մաշտոց, Սահակ կաթողիկոս եւ Վռամշապուհ Արշակունի:
Գիրերու գիւտով, 5րդ դարու սկիզբը, կը սկսի հայկական մշակութային զարթօնքը, ինչպէս նաեւ քրիստոնէութիւնը ամբողջ երկրին մէջ աւելի հոգեհարազատ դարձնելու գործընթացը: Այլեւս ասորի կամ յոյն քարոզիչները գործ պիտի չունենային Հայաստանի մէջ: Այլեւս օտար արեւելումներու համար նպաստաւոր մշակութային ենթահող գոյութիւն պիտի չունենար Հայաստանի մէջ: Գիրերու գիւտը, այդ օրերուն, խորքին մէջ նոյն այդ օրերու globalization-ի դէմ մղուող պայքարին դէմ շահուա՛ծ յաղթանակ պէտք է համարել:
Մարզ(տ)ադաշտի լուսատախտակին վրայ, ցարդ՝ Հայաստան 2-արտաքին ուժեր (Տիզբոն եւ Կոստանդնուպոլիս)՝ 0:
Սակայն չուշացաւ մեծ ուժերու հակադարձութիւնը: Արդարեւ պատահական չէր, որ Գիրերու գիւտէն մօտաւորապէս երկու տասնամեակ ետք, 428ին Հայաստան կորսնցուց իր անկախութիւնը, եւ երկու գերուժերը զայն բաժնեցին իրարու միջեւ, ինչպէս որ մօտ 13 դար ետք եղաւ Լեհաստանի ճակատագիրը:
Սակայն քաղաքական անկախութեան կորուստը չկրցաւ կասեցնել հայկական մշակութային յեղափոխութիւնը: «Ճինի»ն շիշէն դուրս ելած եւ հայոց Ոսկեդարը սկսած էր իր ճամբան՝ անդառնալիօրէն:
Այդ օրերու երկու գլխաւոր բեւեռներու միջեւ պայքարը նոր հանգրուան մը թեւակոխեց 5րդ դարու կէսերուն, երբ քրիստոնեայ Արեւմուտքի քաղաքականութիւնը կը ստանար հոգեմտաւոր-գաղափարախօսական նոր արեւելում մը՝ Երուսաղէմը կիզակէտ-թիրախ համարելով, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ աշխարհի ինքնակոչ պաշտպանի դեր ստանձնելով: Սասանեան Պարսկաստանի համար այս մէկը վտանգաւոր էր եւ անհրաժեշտ էր հակադարձել, որովհետեւ կը վտանգուէին իր կայսրութեան աշխարհագրական նուիրականացած սահմանները:
Յազկերտ կը տրամաբանէր, որ նախ անհրաժեշտ է ապահովել Արեւմուտքի դէմ իր սահմանները, որու ամէնէն խոցելի կէտը, ըստ իր հաշուարկներուն, Հայաստանն էր (Սասանեան կայսրութեան հիւսիս-արեւմտեան սահմանագիծը), տրուած ըլլալով, որ իբրեւ քրիստոնեայ երկիր, Հայաստան կրնար շատ շուտով եւ շատ դիւրութեամբ թիրախ դառնալ Բիւզանդիոնի ծաւալապաշտ ձգտումներուն եւ իբրեւ այդպիսին, կը հանդիսանար իր սահմանային տկար կողը: Իրերու ներկայ, այսօրուան դրութեամբ, նոյն տրամաբանութեամբ կը բացատրուի Լիբանանի մէջ իր ազդեցութիւնը ուժեղացնելու Սուրիոյ քաղաքականութիւնը 1970էն, Հաֆէզ Ասատի իշխանութեան հասնելէն սկսեալ, որովհետեւ աշխարհագրական-ռազմագիտական առումով, Սուրիա-Իսրայէլ պատերազմի մը պարագային, Լիբանանը պիտի հանդիսանար այն աշխարհագրական գօտին, Սուրիոյ Աքիլլէսի գարշապարը, ուրկէ իսրայէլեան ուժերը կրնային մեծ առաւելութիւն ձեռք ձգել Սուրիոյ դէմ:
Ահաւասիկ, ասով կը բացատրուի հայերուն զրադաշտականութիւն պարտադրելու Յազկերտի որոշումը. ուժեղացնել եւ ապահովել իր սահմանները:
Հայաստանի մարզպան նշանակուած Վասակ Սիւնիի համար ստեղծուած էր ծանր կացութիւն: Ան, իբրեւ երկրի կառավարիչ, հաշուետու էր Սասանեան կայսրութեան, պատասխանատու էր իր կառավարումին յանձնուած տարածաշրջանի կայունութեան եւ խաղաղութեան համար: Ինք կը ներկայացնէր Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութիւնը: Իսկ Վարդան, բանակի հրամանատարի իր հանգամանքով, կը ներկայացնէր զուտ զինուորական թեւը. իբրեւ այդպիսին, ան զուրկ էր Վասակի վարչակառավարման մտածողութենէն ու մանաւանդ՝ փորձառութենէն: Այս պատճառով ալ, Յազկերտի որոշումին ստեղծած տագնապի ծանրութեան չդիմացաւ Վարդան եւ խոյս տուաւ երկրէն: Մարզպանը բանագնացներ ղրկեց իր ետեւէն ու զայն համոզելով վերադարձուց տուն:
Ի՞նչ կրնար ընել փոքրիկ Հայաստանը կայսրութեան մը դէմ, որուն ուժը կը տարածուէր Մ. Արեւելքէն մինչեւ Հնդկաստան: Առաջին բանը, որ մտածեց Վասակ, արտաքին զօրակցութիւն ապահովելն էր. ան բանագնացներ ղրկեց Կոստանդնուպոլիս: Երկրորդ, Սասանեան կայսրութեան այլ սահմանային շրջաններու մէջ բնակող ենթակայ ժողովուրդներու հետ զինակցիլ, որպէսզի անոնք եւս լուրջ գլխացաւ դառնային Յազկերտի համար, որպէսզի ան չկարենար իր ուշադրութիւնը կեդրոնացնել միմիայն Հայաստանի ուղղութեամբ:
Սակայն Հայաստանի կրօնական իշխանութիւնը, եկեղեցին, կաթողիկոսը (ներառեալ Ղեւոնդ Երէցով ներկայացուած մոլեռանդ խաւը), զուրկ էին արտաքին հարցերու առնչուող քաղաքական-դիւանագիտական մտածողութենէ կամ փորձառութենէ: Անոնք, հակառակ կացութիւնը հակակշռի տակ պահելու Վասակի ճիգերուն, նոր իրադրութիւն, տաք-գլուխ մթնոլորտ ստեղծեցին ամբողջ երկրին մէջ: Այս մթնոլորտին դրսեւորումն էր, ահաւասիկ, Բագրեւանդ գաւառի Անգղ գիւղին մէջ պարսիկ մոգերուն դէմ կազմակերպուած ծեծուջարդը, որուն լուրը կարելի է երեւակայել, թէ ինչ հակազդեցութիւն ստեղծեց Տիզբոնի մէջ. հայե՞րը, ի՜նչ յանդգնութիւն…:
Կացութիւնը այսպիսով ա՛լ աւելի բարդացաւ Վասակի համար: Մինչ ան կը փորձէր ժամանակ շահիլ եւ համապարփակ լուծում մը գտնել տագնապին՝ արտաքին զինակցութիւններով Տիզբոնի դէմ համընդհանուր ապստամբութեան մը միջոցով, անդին, քաղաքական մտածողութենէ զուրկ ամբոխավար խաւը, իր անհաշիւ քայլերով, կը խանգարէր իր առնելիք քայլերը:
Պարսկական հակազդեցութիւնը սարսափելի եւ անխուսափելի էր: Եւ չուշացաւ:
451 թուական, Մայիս ամիս: Հայաստան անհաւասար պայքարի մէջ կը մտնէր Սասանեան ուժերուն դէմ (1467 տարի ետք, նոյն օրերուն, Աւարայրէն հիւսիս, այս անգամ Արարատեան դաշտավայրին վրայ, Հայաստան նոյն անհաւասար պայքարին մէջ պիտի մտնէր Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի (այժմ Վանաձոր քաղաք) եւ Բաշ Ապարանի ճակատներուն վրայ, ի վերջոյ վերստեղծելով իր պետականութիւնը):
Փարպեցիի եւ Եղիշէի տուեալներով, այդ կռիւը («պատերազմը») տեւեց մէկ օր միայն եւ վերջ գտաւ այն պահուն, երբ նահատակուեցաւ հայկական բանակի սպարապետը՝ Վարդան: Ապա, լացուկոծ, սուգ ու շիւան, իշխաններու-նախարարներու գերեվարում դէպի Պարսկաստան, դատ-դատաստան եւ… վերջակէտ:
Իրականութիւնը այն է սակայն, որ 451ի Մայիսի վերջերուն Աւարայրի դաշտին վրայ տեղի ունեցածը սկիզբն էր միայն պատերազմի մը, որ տեւեց մինչեւ 484 թուականը: Այսինքն, պատերազմ մը, որ շարունակուեցաւ 33 տարի: 33 տարիներու արիւնալի պատերազմ մը, բացառաբար մղուած ֆետայական-կերիլլայական մարտավարութեամբ, որովհետեւ հայ քաղաքական-զինուորական մտածողութեան համար դժուար չեղաւ դասեր քաղել Աւարայրէն՝ կարելի չէ բաց դաշտի վրայ հաւասարէ-հաւասար պայմաններով պատերազմիլ կայսրութեան մը դէմ եւ յաղթելու յոյս ունենալ: Պէտք է ընտրել ուրի՛շ մարտավարութիւն մը:
33 տարի տեւած այս ֆետայական, մաշումի պատերազմը տուաւ իր արդիւնքը: Եթէ բրիտանական կայսրութեան ղեկավարները սերտած ըլլային մեր պատմութիւնը, պիտի չկրկնէին սասանեաններու արկածախնդրութիւնը Աֆղանիստանի մէջ: Եթէ Պրեժնեւ ապա Ճորճ Պուշ քիչ մը պատմութիւն սերտած ըլլային, պիտի չկրկնէին նոյն սխալը: Խորհրդային հսկայական զինուորական մեքենան արիւնոտած-ջարդուած քիթով դուրս ելաւ Աֆղանիստանէն: Նոյնը կը պատահի այսօր նոյն այդ երկրին, ինչպէս նաեւ բոլոր բռնագրաւումներու պարագային:
Տիզբոնի մէջ ա՛լ ձանձրացած էին հայերու յամառութենէն: Կարելի է երեւակայել, որ եթէ այդ օրերուն հեռատեսիլ եւ հաղորդակցութեան արդի միջոցներ գոյութիւն ունենայն, Տիզբոնի պետական հեռատեսիլը ի՜նչ-ի՜նչ սուտերով պիտի փորձէր օրօրել իր հանրային կարծիքը եւ ժողովուրդէն ծածկել Հայաստան կոչուած լեռնային երկրի մը մէջ իր տուած զոհերը՝ գրեթէ ամէնօրեայ կշռոյթով:
Տիզբոնի մէջ, սասանեան ղեկավարութիւնը անգամ մը եւս ստիպուեցաւ նստիլ քննարկումի սեղանի շուրջ եւ վերստին հաշուել խաղաքարտերը, եզրակացնելու համար՝ յետոյ ի՞նչ, մինչեւ ե՞րբ այս ծախսալից եւ անյոյս արշաւը (փառք Աստուծոյ, այդ օրերուն քարիւղի խնդիր ալ չկար): Ի՞նչ է հայերու ուզածը եւ ի՞նչ կ’ուզենք մենք: Կ’արժէ՞ շարունակել այս ընթացքը:
Փոխադարձ զիջումը սեղանին դրուեցաւ Նուարսակի դաշնագրի տեսքով: Հայերը պիտի մնային պարսկական ազդեցութեան գօտիէն ներս, սակայն ազատ պիտի ըլլային իրենց կրօնական-մշակութային կեանքը ինքնուրոյն ձեւով վարելու խնդրին մէջ: Այսինքն, կ’ուզէք իբրեւ հայ-քրիստոնեա՞յ ապրիլ, խնդիր չունինք, սակայն պէտք է մնաք մեր քաղաքական ազդեցութեան գօտիէն ներս. այս էր պարսկական տրամաբանութիւնը: Տարբեր խօսքով, տեղական լայն ինքնավարութիւն: Այդ օրերուն համար լաւագոյն լուծում մը՝ երկուստեք, որովհետեւ հայութեան համար եւս ակնբախ էր այն ճշմարտութիւնը, որ ֆետայական կռիւներով կարելի չէ տապալել Սասանեան կայսրութիւնը եւ վերականգնել հայկական անկախ պետականութիւնը: Անհրաժեշտ էր միջանկեալ, շունչ ու առիթ տուող հանգրուան մը թեւակոխել, մինչեւ որ միջագային քաղաքական պայմանները աւելի ձեռնտու ըլլային:
Հետագային արաբական արշաւանքներն էին, որ խափանեցին հայկական հաշուարկի այս կէտը եւ հայկական անկախ պետականութեան վերստեղծումը յետաձգուեցաւ մինչեւ 885, մինչեւ Բագրատունիներու վարչակարգի հաստատուիլը:
Եւ ուրեմն, մեր պատմութեան մէջ Վարդանանց պատերազմ անունով ծանօթ պայքարը ո՛չ թէ «բարոյական» յաղթանակով աւարտեցաւ մեզի համար, ինչպէս որ թիւրիմացաբար եւ թութակաբար դարեր շարունակ կրկնած ենք, այլ՝ քաղաքական լուրջ նուաճում մըն էր, որուն շնորհիւ հայ ժողովուրդը՝
Ա.- Կը պահպանէր քրիստոնէութեամբ յատկանշուող իր կրօնական դիմագիծը, իր բոլոր ստորոգելիներով հանդերձ,
Բ.- Կը պահպանէր Գիրերու գիւտով յատկանշուող իր մշակութային ուղին,
Գ.- Եւ մանաւանդ՝ այս երկուքին ընդելուզումով իր բիւրեղացուցած ազգային դիմագիծը կը պահպանէր: Այսինքն, 301ին եւ 406ին մղուած եւ շահուած անարիւն ճակատամարտները վերջնականապէս կ’ամրապնդուէին այդ օրերու միջազգային օրէնքով՝ Նուարսակի դաշնագրով:
Հետեւաբար, տօնել Վարդանանցը՝ առանց նշելու Նուարսակով ձեռք բերուած յաղթանակը, հիմնական թիւրիմացութիւն մըն է: Ահաւոր բան է, ամբողջ ենթամշակոյթ մը ստեղծուած է այս իբրեւ թէ «բարոյական» յաղթանակի գաղափարով եւ անյապաղ պէտք է վերջ տալ այդ ենթամշակոյթին:
Խօսիլ Վարդանանց պատերազմի, Վարդանի եւ 1035 նահատակներուն մասին, եւ չխօսիլ այս պայքարին պսակումը հանդիսացած Նուարսակի մասին, կը նշանակէ իր էութեան մէջ խեղաթիւրել այդ սերունդի շարք մը փայլուն դէմքերու (որոնց մէջ, իմ կարծիքով, Ղեւոնդ Երէցները հաստատապէս տեղ չունին) քաղաքական հասունութիւնը, կը նշանակէ իր բովանդակութենէն զրկել այդ դարու մեր մղած արդարացի պայքարը, կը նշանակէ խզուիլ մեր ամենաարդար ձեռքբերումէն, որուն շնորհիւ մեր ժողովուրդի ինքնուրոյն դիմագիծի բիւրեղացման գործընթացը կը հասնէր իր վերջնական փուլին:
Վարդանանց տօնը բարոյական յաղթանակի օր չէ: Պէտք է հրաժարիլ բարոյական կեղծ յաղթանակներու էապէս վնասակար հոգեբանութենէն. Վարդանանցի կապուած «բարոյական յաղթանակ»ի քարոզչութիւնը միայն ու միայն կը վնասէ մեր դիմագիծին, կը խեղաթիւրէ եւ կը ջլատէ մեր ազգային հաւաքական կամքը: Վարդանանց տօնը էապէս քաղաքական յաղթանակի մեծ տօն է, ու այս տրամաբանութեամբ պէտք է դաստիարակենք մեր սերունդները: