Ուղիղ 20 տարի առաջ, այս օրերուն, ձայն մը հնչեց Արցախի լեռներէն, ալիք-ալիք ծաւալեցաւ դէպի Հայաստան ու դէպի հայկական օճախներ, անոր արձագանգներէն թունդ-թունդ ելան հայոց սիրտերը, ինչպէս եղած էր Էրզրումէն հնչած ձայնէն ետք…
1988ի Փետրուարի կէսերուն, Արցախի բարձունքներուն վրայ անգամ մը եւս ծածանեցաւ հայուն ազատատենչութեան դրօշը, որ տասնամեակներ առաջ փողփողած էր Սասունի, Զէյթունի, Վանի ու հայկական սխրանքի այլ խորհրդանիշներուն վերեւ։ Այդ դրօշը կ՚արտայայտէր իր արդար իրաւունքներուն տէր կանգնելու ամբողջ հայութեան եւ ոչ միայն Արցախի կամքը։
Արցախի բնակիչներն ու անոնց հետ ողջ հայութիւնը պահը հասած նկատեցին ի սպառ փակելու անարդարութեան այն էջերը, որոնց տակ դրուած էին ստալինեան եւ ատրպեճանական ստորագրութիւններ. առաջինը կը յուշէր 1923ին արձակուած եւ հայկական Արցախը Ատրպէյճանին «նուիրած» կամայական որոշումը, իսկ երկրորդը կը մարմնաւորէր Արցախը հայաթափուած տեսնելու Պաքուի աւելի քան 65 տարիներու խտրական քաղաքականութիւնը։
Արցախէն ծայր առած անկախական շարժումը մեր պատմութեան ընթացքը դրաւ անդառնալի նոր ճամբու մէջ, ճիշդ այնպէս, ինչպէս աւելի քան դար մը առաջ Հայկական Յեղափոխութիւնը վերակենսաւորած էր մեր ժողովուրդին կեանքը, վերաթարմացուցած՝ սեփական ճակատագիրի տիրութեան մեր զգայարանքը։ Այդ շարժումը նոր սնունդ առաւ Խորհրդային Միութիւնը քայքայման տանող աշխարհածաւալ զարգացումներէն, որոնք վերանկախացուցին նա՛եւ մեր մայր հայրենիքը՝ Հայաստանը, հակառակ Քրեմլինի երբեմնի վարիչներուն կողմէ բռնադատութեան վերջին փորձերուն, որոնք Արցախի պարագային արտայայտութիւն գտան անարդարութեան սրբագրումէն խուսափելու ճիգերով։
Երեւանը միջազգային լուսարձակներու տակ բերող ծովածաւալ ցոյցերուն յաջորդեցին բազկի ուժի հանգրուանները. Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը եղաւ Արցախի կոչին ընդառաջող յառաջամարտիկներէն։ Հայաստանի ու արտերկրի հայութիւնը շուտով միաձուլուեցան նոյն պայքարի ոլորտին մէջ։ Ու դէպքերը զարգացան կայծակնային արագութեամբ. Շահումեանի կորուստին յաջորդեցին Շուշիի ազատագրումը, Լաչինի «կամուրջ»ին վերականգնումը, բռնագրաւուած ու հայաթափումի սպառնալիքին տակ գտնուող այլ հողամասերու վերադարձը՝ մայր հայրենիքին ու հարազատ ժողովուրդին, ապա նաեւ՝ քաղաքական-դիւանագիտական ճակատումներու ցայսօր շարունակուող անհամար փուլերը…։ Ի գին բազմաթիւ զոհերու եւ անհաշիւ կորուստներու, Արցախը անսասան պահեց հայկական արմատներուն կառչած մնալու իր վճիռը: Արցախը իր ու Հայաստանի վերականգնումի գործին մէջ համախմբած է մեր ժողովուրդը, կը շարունակէ կուրծք տալ շրջանային ու միջազգային սպառնալիքներու, դաւադիր ծրագիրներու, անսալով դարերու ընթացքին բիւրեղացած այն իմաստութեան, որ կը պատգամէ գնայունն ու ժամանակաւորը զոհել մնայունին՝ հայրենիքին։
Այսօր, 20 տարիներու տարածութենէն, շատ աւելի յստակ կը տեսնենք մեր ինքնավստահութեան վերականգնումը, որ ծնունդ առաւ ու զարգացաւ իբրեւ արդիւնք Արցախեան Շարժումին։ Ճիշդ է, որ մեր յառաջխաղացքներուն դիմաց արձանագրուեցան Սումկայիթի նախճիրները, Հայաստանն ու Արցախը մինչեւ այսօր ալ շրջափակուած կը մնան մեր պատմական թշնամիներուն՝ Թուրքիոյ ու անոր դաշնակից Ատրպէյճանի կողմէ, մեր Զանգեզուրին ուղղուած թշնամական ախորժակները չեն փարատած տակաւին, սակայն նոյնքան ճիշդ է, որ անհաւասար կռիւին մէջ մեր դիմադրականութիւնը կը մնայ ամուր, իրաւատիրութեան մեր դիրքը ենթակայ չէ տատանումներու կամ սակարկութեան։ Թուրքն ու ազերին կառչած են յափշտակողի իրե՛նց նկարագիրին, իսկ մենք հաւատարիմ ենք մե՛ր վարքագիծին։
Բացասական զարգացումներու եւ աննպաստ պայմաններու դիմաց, հայուն դիմադրականութեան հզօրացումն ու աննահանջ ընթացքը պատահականութեան կամ երազային ցանկութիւններու արդիւնք չեն, այլ կը բխին իրաւատէր ըլլալու մեր կամքէն, անկէ ճամբայ ելլող բազմաճակատ պայքարէն։ Արցախը լոկ խորհրդանիշ չէ մեր վերականգնած պայքարին, այլ նաեւ մեկնակէտն ու մարմնաւորումը՝ հայապատկան հողերու վերահաւաքման գործընթացին, հիմնաքարը՝ մեր բոլոր անսակարկելի իրաւունքներուն վերահաստատման։ Այս խորհրդանիշները իրենց ծածկին տակ կը համախմբեն հայութեան բոլո՛ր զաւակները, ուր որ ալ գտնուին անոնք, Արցախի, Հայաստանի թէ հայկական որեւէ օճախի մէջ։ 20 տարիներու բազմաճիւղ պայքարները թօթափած են առաջին օրերու վերապահութիւնները, սեփական կարողութիւններու մասին թերահաւատութիւնը եւ մեզ գօտեպնդած են այն համոզումով, որ փոքր ժողովուրդներն ալ կրնան գտնել իրաւունքի կենսագործման բանալիները, այնքան ատեն, որ միասնականութիւնն ու գերագոյն շահերու մասին համախոհութիւնը տիրապետող են, ընդհանրականի դաշտէն դուրս կը վանեն հորիզոնները տեսնելու անկարող վեհերոտները։
Արցախեան Շարժումով վերահաստատուած պայքարի ուղին հայութեան մենաշնորհն է. անոր ճակատագիրին տէրն ալ մենք ենք՝ հայութեան զաւակներս, անկախ՝ մեր գաղափարական կամ այլ պատկանելիութիւններէն։ Այս ճամբուն մէջ լծակից են Արցախի ու Հայաստանի զաւակներն ու պետութիւնը, արտերկրի իւրաքանչիւր գաղութը։ Ա՛յս սորվեցուցած է մեզի դարաւոր փորձառութիւնը, որ կ՚ըսէ, թէ իւրաքանչիւր ժողովուրդ առաջին ու վերջին հերթին ի՛նք է իր պայքարի ուղին հունաւորողն ու ձեւաւորողը։ Ի վերջոյ, չենք մոռցած ու պիտի չմոռնանք, որ մեր հայրենիքը այլոց շահերու խաչմերուկին վրայ չէ կանգնած միայն նորագոյն տասնամեակներուն, խաչմերուկ՝ որ անցեալին կոչուած է կայսրութիւններու հանդիպման-անցման դաշտ, իսկ մեր ժամանակներուն կը կրէ համաշխարհայնացում կոչումը։
Պայքարի միջոցներուն ընտրութի՛ւնն ալ մաս կը կազմէ մեր իրաւունքներուն. թող ոչ ոք յաւակնի ինքն իրեն վերապահել այս կամ այն ընտրանքը մեզի արտօնելը կամ չարտօնելը, որովհետեւ իրաւունքի պաշտպանութեան համար բոլոր միջոցները արդար են այս կամ այն հանգրուանին, յարափոփոխ պայմաններու մէջ, հայուն եւ իրաւունքի համար պայքարող ո՛եւէ ժողովուրդի համար։
20 տարի առաջ սկիզբ առած Արցախեան Պայքարը նաեւ ա՛յս դասը վերաքաղ ընել տուաւ մեզի, եւ մենք բազմաթիւ քննութիւններէ անցանք յաջողութեամբ։
1988ի Փետրուարին ծառացած դրօշը նոյն բարձրութեան վրայ պիտի պահուի յառաջիկային եւս, մեր անկատար տենչերուն իրականացման իւրաքանչիւր փուլին, որովհետեւ ա՛յդ է միակ ընտրանքը, ա՛յդ է միակ կարելին։ Մեր նպատակը վաղուց նահանջ ու տկարութիւն չի ճանչնար։ Այդ նպատակը միացեալ պիտի պահէ հայութեան բոլոր ձեռքերը՝ Արցախէն մինչեւ Հայաստան ու Չաւախք, Ծայրագոյն Արեւելքէն մինչեւ մեր ափերը։