Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ դարձեալ հայ ժողովուրդը թշնամի անուանեց եւ պնդեց, որ՝ «աշխարհը հայկական ֆաշականութեան նմանը չէ տեսած»։
«Անոնք մեզ ցեղասպանութեան ենթարկած են», յայտարարեց Ալիեւ` իր կնոջ հետ Աղդամի մէջ վերականգնած գիւղերը այցելելու ընթացքին:
«Աղդամը եւ շրջանի բոլոր գիւղերը ամբողջութեամբ քանդուած էին ատելի թշնամիին կողմէ. ոչ մէկ շինութիւն կանգուն մնացած էր: Ասիկա անգամ մը եւս ցոյց կու տայ թշնամիին էութիւնը, անոր բացարձակ անհիմն թշնամութիւնը մեզի հանդէպ», ըսաւ Ալիեւ` Աղդամը անուանելով «Կովկասի Հիրոշիմա»:
Խօսելով Արցախի երկրորդ պատերազմին մասին` Ալիեւ պնդեց, որ երբ սկսած են շարժիլ Աղդամի ուղղութեամբ, «թշնամիին զօրքը յայտնուեցան շրջափակման մէջ»:
«Ատրպէյճան անգամ մը եւս մարդասիրութիւն ցուցաբերեց` թշնամիին կարելիութիւն տալով ինքնակամ հեռանալու մեր հողերէն: Ատրպէյճանի պետութիւնը մարդասիրութիւն դրսեւորեց այն տարրերուն հանդէպ, որոնք անոր արժանի չեն», յայտնեց Ալիեւ` դիմելով Աղդամի վերաբնակիչներուն:
Շուրջ 15 վայրկեան տեւած իր ելոյթին եւ ատրպէյճանցիներուն հետ հարցում-պատասխանի բաժինին ընթացքին, Ալիեւ ոչ մէկ բառ ըսաւ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրին կամ անոր ստորագրութեան կարելիութեան մասին: