ԹԱՄԱՐ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ ԳՈՒԶՈՒԵԱՆ

Առատ եւ գանգուր մազերուն ներքեւ խորաթափանց, խոհուն, բոցավառ աչքեր. թուխ դէմքին՝ թեթեւ ժպիտ մը։
Անվարան սեւին` սեւ ըսող, սկզբունքի տէր եւ համոզումներուն մէջ հաստատ, նիհարակազմ հայ մարդը, որուն սիրտը, երկար տարիներու վատառողջ իրավիճակով հանդերձ, տիւ եւ գիշեր տրոփեց հայ ազգին, մշակոյթին, ապագայի հեռանկարներուն հետ եւ արիւնեցաւ, այո՛, աշխարհի, բայց մանաւա՛նդ՝ իր ազգին ցաւով։
Այսպէս կը յիշեմ ընկեր Ժիրայր Յովհաննէսեանը, Համազգայինի Թորոնթոյի մասնաճիւղի հիմնադիր անդամ, մեր հաւատաւոր երէց ընկերը. իր անունին հաւատարիմ՝ ժիր այրը, որ մասնաճիւղիս հիմնադրութենէն անդին, տասնամեակներ շարունակ, թէ՛ տեղական, թէ՛ շրջանային մակարդակներու վրայ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնելով՝ թեւ եւ թիկունք կանգնեցաւ մեր սիրելի միութեան եւ իր միութենականի վարքով ու ազնուութեամբ բոլորիս յարգանքին արժանացաւ։
«Շիւղ շիւղի՝ … լոյս օրերու հիւրընկալ», ինչպէս պիտի ըսէր Զահրատ։
Երբ առիթով մը հեռաձայնած ըլլայի եւ ինք վերցուցած ըլլար ընկալուչը, գնահատական խօսք մը կամ շահեկան թելադրութիւն մը կ’ունենար անպայման։ Միշտ տեղին, զուսպ եւ դիմացինը ոգեւորող։ Մակերեսային խօսքեր չկային. «բարեւ, Աստծու բարի»էն անդին՝ կը հարցնէր, կը հետաքրքրուէր իր սիրելի միութեան ծրագիրներուն մասին։ Համեստ, ազնիւ եւ բանիմաց մարդ էր ընկ. Ժիրայրը, ճամբայ կտրած եւ ճամբայ հարթած։ Հաճելի էին մեր զրոյցները, սարէն ձորէն, ինչպէս կ՛ըսեն. մէկ նիւթը միւսին կը յաջորդէր եւ կրնայիր ժամերով նստիլ հետը եւ զրուցել համայնքէն, հայրենիքէն, աւանդութիւններէն, անցեալի օրերէն, բայց մանաւա՛նդ գալիքէն։ Յուզումով կը յիշեմ Համազգայինի մէջ սկզբնական տարիներս եւ իր հոգատար վերաբերումը նոր եկողին, երիտասարդին ու անփորձին հանդէպ։ Զիս առաջին անգամ «Գլաձոր» մասնաճիւղի Ընդհանուր ժողովին հրաւիրողը ինքն էր. տակաւին չէի ամբողջացուցած ժողովի մասնակցութեան տուեալները, «բան մը կ՛ընենք» ըսաւ, ու այդ եղաւ։
Երբ ակնարկ մը նետենք 1969էն սկսեալ Համազգայինի Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղի յիսունվեց տարիներուն վրայ, ընկեր Ժիրայրը կը տեսնենք բեմահարթակին կեդրոնը, որպէս Համազգայինի «Ժորժ Սարգիսեան» թատերախումբի գործունեայ անդամ. զինք կը տեսնենք «Գուսան» երգչախումբի շարքին, քուլիսներու ետին, վարչական պատասխանատուութիւններու վրայ, ցուցահանդէսներու, երաժշտական հանդէսներու, գրական նախաձեռնութիւններու ընթացքին. իսկ լուսանկարներուն մէջ, մօրուքին ետին՝ միշտ համեստ ժպիտով մը։ Կը յիշեմ ժողովներու ընթացքին կրքոտ, անկեղծ քննարկումները. կրնայիր չհամաձայնիլ հետը, բայց անպայմանօրէն կը յարգէիր զինք, իր անկեղծ, տրամաբանական, շահեկան արտայայտութիւններուն համար։ Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղը իր հիմնադրութեան քառասնամեակին առթիւ մեծարած էր զինք, նաեւ մասնաճիւղիս հիմնադիր յանձնախումբի մնացեալ անդամները (Շուշիկ Պոյաճեան, Վահէ Մարտիրոսեան, Աբգար Միրաքեան, Ներսէս Կէտիկեան, Սուրէն Չէքիճեան). թէեւ ինք լուսարձակ փնտռող մարդ չէր։ Ընկեր Ժիրայրին մեծագոյն գոհունակութիւնն ու վարձատրանքը իր սիրելի միութեան եւ յատկապէս Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղի վերելքին ականատես ըլլալն էր։
Հակառակ անոր որ վերջին տարիներուն իր առողջական անկայուն վիճակը չէր արտօներ, որ յաճախակի կերպով ներկայ գտնուի միութեանս ձեռնարկներուն, գիտէինք, որ մեր քայլերուն հետեւող ու մեր մասին մտածող ընկեր Ժիրայրը, թէեւ մարմնով տկարացած սակայն հոգիով ու մտովի մեզի հետ է։
Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան մեծ ընտանիքին անունով՝ խորազգաց ցաւակցութիւն կը յայտնեմ ընկեր Ժիրայրին կնոջ՝ համազգայնական ժրաջան ընկերուհի Սոնային, որ քայլ առ քայլ իր կողքին կանգնեցաւ մինչեւ վերջին շունչը. զաւակներուն՝ Քրիստափորին եւ Սալբիին եւ իրենց կողակիցներուն՝ Քրիստինին եւ Թորսթընին, իր թոռներուն, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր համազգայնականի, որուն սրտին մէջ յատուկ տեղ ունի ընկեր Ժիրայրը։
Թող ընկեր Ժիրայրին վաստակը գօտեպնդէ մեզ մեր փշոտ երթին մէջ. ու մենք շարունակենք քալել անվհատ, հաւատարիմ մնալով Համազգայինի բնաբանին՝ «Լոյսով՝ լոյսին»։
Խունկ ու աղօթք մեր սիրելի ընկերոջ հոգւոյն. Բի՜ւր յարգանք իր վաստակին։
«ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ»