Ռուբէն Վարդանեանի դատական գործով, 1 Ապրիլին, այսպէս կոչուած «տուժողներ» հարցաքննուեցան, կը յայտնեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցներ:
Ըստ տարածուած հրապարակումներուն՝ «տուժողներ» կը մեղադրեն Վարդանեանը, թէեւ նշած են, որ անձամբ անոր ծանօթ չեն:
Նշենք, որ 1 Ապրիլին, Պաքուի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուբէն Վարդանեանի դէմ շինծու դատական գործով 11րդ նիստը: Յաջորդ նիստը 8 Ապրիլին ճշդուեցաւ։