ՊԱՔՈՒ ԱՐՁԱԳԱՆԳԵՑ
Ատրպէյճան Ֆրանսիայէն պահանջած է «վերջ դնել խաղաղութեան չնպաստող եւ տարածաշրջանը ապակայունացնող քայլերուն»: 3 Ապրիլին այսպիսի յայտարարութիւն մը կատարեց ւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ՝ արձագանգելով Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոյէլ Պարոյի՝ նախօրէի յայտարարութիւններուն:
Պարօ Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ խորհրդարանական լսումներուն ընթացքին անընդունելի համարած էր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը կնքելու համար Պաքուի առաջադրած պահանջները՝ նշելով որ «այդ նոր պայմանները կը ձգձգեն ստորագրութեան գործընթացը»:
«Փարիզ ուշադիր կը հետեւի Պաքուի մէջ անօրինաբար պահուող բոլոր անձերուն իրավիճակին՝ կոչ ուղղելով ընթացիկ կարգաւորման գործընթացի ծիրին մէջ զանոնք ազատ արձակելու: Հարաւային Կովկասը պէտք է խաղաղութեան եւ բարգաւաճման գօտի դառնայ», ըսած էր Պարօ՝ ընդգծելով, որ Եւրոպական Միութիւնը կրնայ կատարել իր դերակատարութիւնը՝ «սահմաններու բացման եւ այս տարածաշրջանի բացման նպաստելու առումով՝ ի շահ տարածաշրջանի ժողովուրդին: Այդ պատճառով մենք կոչ կ՛ուղղենք՝ յարգելու գերիշխանութիւնը եւ յարգելու տարածքային ամբողջականութիւնը (…) այս խաղաղութեան պայմանագիրի ծիրին մէջ, որ այժմ պէտք է ստորագրուի երկու երկիրներուն միջեւ», ըսած էր Պարօ:
Ըստ Հաճիզատէի՝ Պաքու անընդունելի կը համարէ, որ Ֆրանսա կասկածի տակ կը դնէ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան Ատրպէյճանի պահանջը, որ շուրջ երկու տարիներէ ի վեր կը քննարկուի:
«Եթէ Ֆրանսա, ինչպէս որ կը յայտարարէ, իսկապէս կ՛աջակցի խաղաղութեան պայմանագիրը կնքելովն, այդ պարագային պէտք է յորդորէ Հայաստանը՝ համապատասխան քայլերու դիմելու», յայտնեց Հաճիզատէ:
Անդրադառնալով հայ ռազմագերիներուն մասին նախարար Պարոյի յայտարարութեան՝ Հաճիզատէ ըսաւ. «Անոնց յանցագործութիւնները քննելը եւ դատելը Ատրպէյճանի իրաւունքն է»: