Գիւմրիի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններուն առաջադրուած «Մեր Քաղաքը» դաշինքը պէտք եղած թիւով քուէներ պիտի տայ Վարդան Ղուկասեանին` առանց որեւէ պաշտօնի ակնկալութեան եւ որեւէ պայմանաւորուածութեան: Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է «Մեր Քաղաքը» դաշինքի Գիւմրիի քաղաքապետի թեկնածու Մարտուն Գրիգորեան:
30 Մարտին, Գիւմրիի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններուն անցողիկ շեմը յաղթահարած ուժերէն «Մայր Հայաստան»ը եւ «Իմ Հզօր Համայնք»ը պատրաստակամութիւն յայտնած էին աջակցելու Վարդան Ղուկասեանի ղեկավարած ուժին: Սակայն, անոնց քուէները միասին բաւարար չէին քաղաքապետ ընտրելու համար: Անցողիկ շեմը նոյնպէս յաղթահարած «Մեր Քաղաքը» դաշինքի առաջնորդ Մարտուն Գրիգորեանի որոշումէն կախեալ էր, թէ արդեօք ընդդիմութի՞ւնը կամ «Քաղաքացիական Պայմանագիրը» պիտի կարենան համախոհութիւն ձեւաւորել եւ քաղաքապետ ընտրել:
Հրապարակման մէջ Մարտուն Գրիգորեան կը յայտնէ, որ ասիկա եղած է իր քաղաքական անցած ուղիի բարդագոյն եւ ծանրագոյն որոշումը, որուն մասին շատ երկար մտածած է եւ մեծ դժուարութեամբ տուած է զայն:
«Քարոզարշաւի ընթացքում ես բացայայտ ասել եմ եւ միակն եմ եղել, որ խօսել եմ ինչ է լինելու ընտրութիւններից յետոյ, եթէ քաղաքապետ ընտրուի Վարդան Ղուկասեանը: Մնում եմ նոյն համոզմունքին, որ նա ամենախոցելի թեկնածուն է` քրէական գործերով պայմանաւորուած: Թէ ի՞նչ կը լինի յետոյ ու ինչպէս կը վարուեն տուեալ մարդու հետ` լաւ յիշէք այս օրը: Գիւմրին կը տանե՞ն Վանաձորի ճանապարհով, թէ ոչ` տայ Աստուած, որ սխալուած լինեմ», գրած է Գրիգորեան, որ նաեւ կը յայտնէ, թէ այս վտանգներուն մասին ուղղակի կամ միջնորդով խօսած եւ զգուշացուցած է միւս թեկնածուները, մասնաւորապէս Ռուբէն Մխիթարեանը եւ Կարէն Սիմոնեանը: Ան անհասկնալի կը նկատէ վերջիններուն շտապողականութիւնը` Վարդան Ղուկասեանին աջակցութիւն յայտնելու վերաբերեալ, որմով անոնք անկարելի դարձուցին այլընտրանքային քննարկումը եւ քիչ խոցելի տարբերակ գտնելու ճանապարհը:
«Իմ դիրքորոշմամբ, օրինակ` Ռուբէնին կամ Կարէնին կարող էինք ընտրել քաղաքապետ` 4 թեկնածուներիս համատեղ քննարկման եւ համագործակցութեան արդիւքնում: Եւ սա կը դառնար ամբողջական իշխանական համակարգի փլուզման իրական մեկնարկը: Իրենց որոշումով պայմանաւորուած ունենք այս իրավիճակը, որի մասին խօսելն էլի ուշ չէ», գրած է Գրիգորեան, որ նաեւ կ՛արձանագրէ, թէ Գիւմրիի մէջ «Քաղաքացիական պայմանագիր»ը այլեւս իշխանութիւն չէ:
«Սիրելի ազգականներ, ընկերներ, թիմակիցներ (խմբակիցներ), գիւմրեցիներ, դուք իմ կողքին կանգնեցիք, որ նախկին բարքերը չվերադառնային քաղաք: Իմանալով իմ սկզբունքներն ու յստակ, ընդգծուած կարմիր գծերը, որ այդ բարքերին միշտ դէմ եմ եղել ու ժամանակին իմ շնորհիւ է քաղաքն ազատուել այդ ամէնից: Իսկ հիմա այս երկու թիմերի շտապողականութեան ու իրենց կայացրած որոշման պատճառով ես ստիպուած եմ կայացնել մի այնպիսի որոշում, որին սկզբունքօրէն դէմ ենք եղել բոլորս», գրած է Գրիգորեան։