4 Ապրիլին, հարցաքննութիւններով շարունակուեցաւ Պաքուի մէջ ապօրէն կերպով բանտարկուած Արցախի ռազմա-քաղաքական ղեկավարներու գործով դատավարութիւնը:
Միայն իշխանութիւններուն կողմէ վերահսկուող ատրպէյճանական լրատուամիջոցները կը փոխանցեն դատավարութեան մանրամասնութիւնները ։
Ըստ «Թելեկրամ»ի ալիքներու հաղորդումներուն` 4 Ապրիլի նիստին ընթացքին դատախազները հարցումներ ուղղեցին Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանին, որ հաստատեց, որ ինք եղած է ՀՅ Դաշնակցութեան աշխոյժ անդամ եւ երկու տարի Արցախի խորհրդարանին մէջ ղեկավարած է «Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնը:
Ան նաեւ ըսաւ, որ Արցախի պատերազմին միացած է 1992ի ամրան` իբրեւ Դաշնակցութեան անդամ:
Պատասխանելով գլխաւոր դատախազի աւագ օգնական Վուսալ Ալիեւի հարցումներուն՝ Դաւիթ Իշխանեան յայտնեց, որ 90ականներուն Արցախի բանակի ղեկավարումը կատարած է ինքնապաշտպանութեան կոմիտէն, որուն առաջնորդները եղած են Սերժ Սարգսեան եւ Սամուէլ Բաբայեան, բայց կառավարման գործիքակազմին մասին ոչինչ կրնայ ըսել:
Ան նաեւ յայտնեց, որ Արցախի առաջին պատերազմին ընթացքին ինք գումարտակի հրամանատար եղած է եւ իր Մոնթէ Մելքոնեան վերադասն էր: «Մարտունիում ութ գումարտակ կար, որոնցից մէկի հրամանատարը ես էի, այդ ութ գումարտակը գտնւում էր շրջանի պաշտպանական գծի ենթակայութեան տակ, որի ղեկավարը Մոնթէ Մելքոնեանն էր, իսկ բանակի հրամանատարը` Սամուէլ Բաբայեանը», ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն, ըսաւ Իշխանեան, որ նաեւ յայտնեց, որ Արցախի երկրորդ պատերազմին ընթացքին ինք այցելած է Մարտունիի շրջանի զօրամասերէն մէկը: «Իմ կրտսեր տղան այնտեղ ծառայում էր, եւ նաեւ որպէս պատգամաւոր` իմ պարտքն էր անել այդ», ըսաւ Իշխանեան:
Ան աւելցուց, որ ինք արժանացած է «Մարտական խաչ» շքանշանին իր մարտական գործունէութեան համար:
Դատախազը ըսաւ, որ Դաւիթ Իշխանեան 30 Օգոստոս 2023ի իր ասուլիսին ընթացքին յայտարարած էր, որ բաց նամակներ ուղարկած է Ռուսիոյ, Իրանի, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու եւ եւրոպական երկիրներու խորհրդարաններու նախագահներուն` կոչ ուղղելով ճնշում գործադրելու Ատրպէյճանի վրայ: «Ի՞նչ էր այդ նամակներու բովանդակութիւնը: Ինչպիսի՞ ճնշումներ գործադրելու կոչ կ՛ուղղէինք Ատրպէյճանի նկատմամբ», հարցուցած է դատախազը: Իշխանեան պատասխանեց՝ ըսելով. «Այո՛, ես նման նամակներ եմ ուղարկել, բայց տեղեակ չեմ` արդեօք այդ նամակները հասե՞լ են իրենց նպատակակէտին»:
Այնուհետեւ Իշխանեանին հարցուցին, թէ ի՛նչ եղած է «Ատրպէյճանի դէմ Հայաստանի ռազմական յարձակումին նպատակը». Իշխանեան պատասխանեց. «Այդ ժամանակաշրջանի մասին չեմ կարող խօսել, քանի որ այն ժամանակ շատ երիտասարդ էի, բայց երբ չափահաս դարձայ, հասկացայ, թէ որոնք են ռազմավարական նպատակներն ու ռազմավարական սկզբունքները. ռազմավարական նպատակը Արցախի միաւորումն էր Հայաստանին»:
Իշխանեան խօսեցաւ նաեւ Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի հետ յարաբերութիւններուն եւ իրեն պատկանող պանդոկին մէջ անոր գտնուելուն մասին: «Ռուբէն Վարդանեանի հետ ծանօթացել եմ 2010ին կամ 2011ին, նա սիրում էր այցելել մեր հիւրանոց, նա հանդիպումներ էր ունենում հիւրանոցում մինչեւ պետական նախարար դառնալը եւ դրանից յետոյ», պատմեց Իշխանեան, որ նաեւ նշեց, թէ իր ծննդեան վկայականին մէջ գրուած է, թէ ինք ծնած է Ատրպէյճանական Խորհրդային Համայնավարական Հանրապետութեան մէջ, սակայն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի է: «Խորհրդային Միութեան փլուզումից յետոյ, ինչպէս 150,000 հայերը, ես էլ եմ ընդունել ՀՀ քաղաքացիութիւն, ունեմ ՀՀ անձնագիր, ՀՀ քաղաքացի եմ, դա գրուած է նաեւ իմ անձնագրում, որը ներկայումս գտնւում է քննչական մարմնում», ըսաւ Իշխանեան: