
Ուրախութեամբ տեղեկացանք, որ հովանաւորութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, նախաձեռնութեամբ տոքթ. Յակոբ Այնթապլեանի՝ 28 Փետրուար 2025ին, երեկոյեան ժամը 7ին, «Համբար» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի երեկոյ մը՝ նուիրուած 20րդ դարու պոլսահայ մեծանուն բանաստեղծ Զահրատ Զարեհ Եալտըզճեանի ծննդեան հարիւրամեակին առիթով, տոքթ. Յակոբ եւ Լուտովիկա Այնթապլեաններու մեկենասութեան շնորհիւ հատընտիրին հրատարակութեան:
Մեծապէս գնահատելի է այս գաղափարը յղացող տոքթ. Յակոբ Այնթապլեանի 2024ին կատարած առաջարկը, որ ընդունուեցաւ Պոլսոյ պատրիարքարանին կողմէ եւ գնահատուեցաւ այն առումով, որ ան պոլսահայ չըլլալով, մեծ համակրանքի արժանացաւ։

Տոքթ. Այնթապլեան բժիշկ, գրող-հրապարակախօս, ազգային գործիչ եւ Նիւ Եորքի գիտութիւններու ակադեմիոյ պատուաւոր անդամ է: Ան բազմապիսի ներդրումներ ունեցած է տարբեր առիթներով եւ զանազան բնագաւառներու մէջ, ինչպէս՝ կրթական օճախի հիմնադրումը, հայրենանպաստ եւ հայակերտումի անփոխարինելի ու խիստ կարեւոր ծառայութիւնները՝ իրենց դրոշմը ձգած են հայրենիքէն Սփիւռք։ Վերոնշեալ երեկոյին նախաձեռնութիւնը վկայութիւնն է այդ բոլորին:
Ան իր ելոյթով ամփոփ կերպով ներկայացուց Զահրատի կենսագրական գիծերը, որոնք լաւագոյնս կը վկայեն անոր գրական ստեղծագործական 65 տարիներուն հրապարակած 11 բանաստեղծական գիրքերը, որոնք թարգմանուած են 22 լեզուներու։ Ան արժանացած է նաեւ ազգային եւ միջազգային մրցանակներու եւ շքանշաններու: Զահրատ մշակեց նորարական եւ առարկայական աշխարհի իրերու ինքնատիպ հայ գրականութեան ոճ մը, որ յատուկ կերպով կը յատկանշէ Զահրատի բանաստեղծութեան արդի եւ նորարարական արժէքը։
Զարհատ ծնած եւ մահացած է Պոլիս (10 Մայիս 1924- 21 Փետրուար 2007): Ան զաւակն էր Մովսէս Եալտըզճեանի եւ Անգինէ Վարդանեանի։ Հազիւ երեք տարեկան՝ կ՛որբանայ հօրմէն, իսկ մայրը կ՛ամուսնանայ՝ թողնելով որդիին հոգածութիւնը իր հօր՝ հաճի Լեւոն Վարդանեանին։
Զահրատ յաջողութեամբ աւարտած է Փանկալթըի Վիեննայական Մխիթարեան վարժարանը։ Վաղ տարիքէն գրելու տաղանդը ձեւաւորած գրողը աշխատած է «Մարմարա» եւ «Սան» թերթերու գրական բաժիններուն մէջ։
Երբ ան մուտք գործեց գրական ասպարէզը, նախկին պոլսահայ բանարուեստի փայլքը չկար եւ ինք դատապարտուած էր ոչ միայն գրական միջավայրի միայնութեան մէջ մնալու, այլ նաեւ՝ իր անձնական կեանքի միայնութեան։ Յուսահատ՝ Զահրատ գրական բանարուեստի կտրուկ շրջադարձ մը կատարեց: Այդ շարժումը կապուած էր նոր իրականութեան, նոր միջավայրին եւ նոր ժամանակի պահանջին հետ: Ան համապատասխան արդիական տեսակէտով նկարագրեց Պոլիսը: «Մեծ Քաղաքը» խորագիրով գիրքը պարզ եւ համեստ դասակարգին առօրեայ իրողութիւնները ու մեր մայրենի լեզուի հարուստ բառապաշարին կառչած՝ յաջողապէս թափանցեց թաղեցիներուն իմացական ու հոգեկան տառապանքներու խորքը։
Զահրատ նոյնպէս ապրեցաւ այդ իրականութեան մէջ, գտաւ իր հոգեւոր մինակութեան «Կիկօն», իր ստեղցած կերպարի Կիկիոն, որ ինքն էր, փոխանցումն էր Կիկոյի մէջ իր մտածելակերպին. ան Կիկոյի միջոցով ներկայացուց իր հոգիի պատմութիւնը։

1967ին Զահրատ կ՛ամուսնանայ իր ազգակից Անայիս Անդրեասեանի հետ՝ գտնելով իր կեանքի երջանկութիւնը։
Զահրատի արդի բանաստեղծութիւններուն վրայ հպանցիկ ակնարկ մը բաւարար է՝ համոզելու, որ անոր ընկալումը շրջապատի մարդոց սովորական կեանքի եւ իրերու նուրբ թախծող բնութագրական արտայայտութիւնները պարզ, յստակ եւ տպաւորիչ բառերով՝ ունին պարզութեան գեղեցկութիւն, իսկ անյանգ տողաչափ եւ նորարական ոճով ձեւաւորումը ունին, խոր փիլիսոփայական վերլուծում. անոնք կը հմայեն մեզ՝ ընթերցողներս, իրենց սրամտութեամբ, զուարթախոհութեամբ եւ յուզական երգիծանքով։
Գրականագէտ Ռոպէր Հատտէճեան հիացմունքով անոր մասին, ըսած է. «Զահրատ միշտ կը մնայ բառերու վարպետ մը»։
Կիսեմ անոր բանաստեղծութենէն առնուած` թաղեցիներու հոգիէն մէջբերում մը.
«Ամէն թաղ իր երազը ունի
Ամէն մարդ իր երազը ունի
Տաղերուս միակ հարստութիւնը կը կազմեն
թաղեցինեերուս հոգերը»։
Նկարագրուած թաղի մարդոց հոգեկան ընկճուած վիճակները մի պատեանի մէջ չմնալու խորհուրդով, ինքը որպէս թշուառ անճարակ ըսաւ,
«Այդ Կիկոն չի պիտի մեռնի, չմեռաւ
Տունը ճաթած պղպջակ
կ՛երերայ սակայն պիտի չփլի»
Կոմիտասում «Արեւ կայ, սիրտ տաքացնող տերեւ կայ,
Անձրեւ կայ, բարեւ կայ».
Այս է Զահրատի բնորոշ յատկութիւնը՝ մարդկային ու վսեմ զգացումներով բանաստեղծ։
Զահրատի դամբարանին գրութիւնը՝ Ի ՎԵՐՋՈՅ
«Ինչ որ կը խորհիս, ինչ որ հոն ունիս,
Ինչ որ մնաց քեզի այս աղուոր ճամբորդութենէն
Այն որ տակաւին հարցումի պէս հետդ կը տանիս»:
Երեկոյի աւարտին, Յովնան արք. Տէրտէրեան իր յատուկ շնորհակալութիւնը յայտնեց տոքթ. Յակոբ Այնթապլեանին՝ այսպիսի նախաձեռնութիւն մը՝ Զահրատի հատընտիր հատորին հրատարակութիւնը կազմակերպելուն համար։ Ան նաեւ շեշտեց, որ իւրաքանչիւր բանաստեղծի համար կայ երազ մը՝ ունենալ իր գիրքը։ Գիրքի լինելիութիւնը աշխարհի մէջ ամէնէն երկարակեացն է, եւ անիկա տան մէջ աղօթաբոյր է։ Այնուհետեւ, սրբազանը իր խօսքը ուղղելով ներկայ գրականասէր բոլոր մասնակցողներուն, որոնք թիւով քիչ էին՝ ըսելով. «Յիսուս նաեւ ունեցած էր միայն 12 առաքեալներ, մենք ալ կ՛ըլլանք Զահրատի առաքեալները որ տարածենք իմ պատգամս. «Պոլիսը եղած է հայ գրականութեան Զարթօնքի կեդրոնը, ուրկէ ճառագայթած են հայ գաղթօճախները, Զահրատի գրիչով եւ ջերմ սիրտով դարձեալ փայլեցաւ պոլսահայ գրականութիւնը։ Նոր լոյս ընծայուած հատընտնիր հատորը իւրաքանչիւրս ունենալով իբրեւ նուէր Զահրատի յիշատակին՝ մենք ալ տարածենք Զահրատի բանարուեստը»։