Պաքուի ռազմական դատարանին մէջ, նախօրէին, Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներու դատավարութեան ընթացքին, 35ամեայ վաղեմութիւն ունեցող վկայութիւններ հրապարակուեցան: Անոնք տեղ գտած են Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի տարածքին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն առթիւ ԽՍՀՄ Գլխաւոր դատախազութեան կողմէ յարուցուած քրէական գործի նիւթերուն մէջ:
Խորհրդային քննիչներու հաւաքագրած նիւթերու հրապարակումով, մեղադրող կողմը փորձեց ապացուցել, որ Ղարաբաղի շարժումը սկիզբ առած է «հայկական կողմի բռնի գործողութիւններով, որոնք համակարգուած են Երեւանէն»:
Քննիչները մասնաւորաբար պնդեցին, որ Արցախի մէջ գործող հայկական ուժերը «սպառազինութիւն ստացած են Հայաստանի տարածքէն, եւ այդ գործընթացը համակարգած է Վազգէն Սարգսեան»:
Հայաստանի մէջ հաւաքագրուած ֆինանսական միջոցները, ըստ խորհրդային դատախազութեան, «ուղղուած են Ռոբերտ Քոչարեանին, իսկ անոնց առաքումով զբաղած է Վազգէն Մանուկեան»: