

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի Անթալիա «առաքելութեան» եւ պարտուողական (նորագոյն) յայտարարութիւններուն դէմ բարձրացած բողոքի ալիքը դեռ չէր մարած, երբ Հայաստանի վարչապետ կոչեցեալը Երկուշաբթի, 15 Ապրիլին, Ազգային ժողովի բեմէն հանդէս եկաւ… ծաղրածու հտպիտի դերով եւ դարձեալ ձայնը միացուց բազմաձայն նահանջին (յաճախ մենակատար է…): Անոնք, որ պատկերասփիւռէն հետեւեցան ՔՊապետին յայտարարութիւններուն (գոնէ ինչ որ տրուեցաւ լրատու աղբիւրներէ), վկայ եղան խելագարի մը շարժուձեւերուն, ու հասկցան, որ այս արարածը նման միջոցներու կը դիմէ՝ իբրեւ թէ ամբոխահաճոյ ըլլալու նպատակով: Բանիմաց հայն ու խելամիտ մարդիկ գիտեն, որ նման՝ կապկանման շարժումներ, բովանդակալից ԲԱՆի սովէ տառապողի ցոլացումը ըլլալու կողքին՝ ցոյց կու տան, թէ ան մրցումի ելած է ուրիշ այլանդակներու՝ Տանըլտ Թրամփի, Իլան Մասքի եւ նմաններու հետ (անոնք ալ յաճախ իրենց պաշտօնին ու դիրքին անյարիր շարժուձեւերով բեմ կ՛ելլեն համակիրներու դիմաց եւ… կը ծափահարուի), կամ ալ կը յիշեցնէ տիկնիկային թատրոնի «դերասան» պուպրիկները, որոնց մարմիններուն մասերը թելերով կախեալ են զիրենք խաղցնողին մատներէն (պէտք ունի՞նք յիշեցնելու, որ ՔՊապետին եւ «ուսապարկ»երուն աներեւոյթ թելերը որո՞նք կը շարժեն):
Փաշինեանական նման խեղկատակութիւններ նորութիւն չեն. նման «պոռթկումներ» ի յայտ կու գան՝ ամէն անգամ որ մարդուկը անկիւնը կը դրուի, երբ ընդդիմադիրներ եւ բանիմաց մասնագէտներ իր ձախաւերութիւնները լուացուած շապիկներու պէս կը փռեն Ազգային ժողովի ցուցադրասրահին մէջ կամ հրապարակներու վրայ:
***
Եկէ՛ք, աւելի երկար կանգ չառնենք ծաղրածուական բաժինին վրայ (որ, ի դէպ, կը ծառայէ, ինչպէս մի՛շտ՝ իսկական եւ մտահոգիչ հարցերէ ուշադրութիւն շեղելու), եւ տեսնենք, թէ ի՞նչ հանճարե՜ղ բացայայտումներ կատարեց ան, եւ թող ընթերցողը դատէ, թէ ինչպիսի՜ յանկերգներ կրկնեց իբրեւ թէ… նոր պատկերներով: Կրկնենք. այս մարդոց զիրար ամբողջացնող յայտարարութիւնները բազմաձայն նահանջ կը ցուցադրեն:
Խնայելու համար ընթերցողին ժամանակն ու համբերութիւնը՝ պիտի բաւականանանք քանի մը քաղուածքով:
– Ամէնէն ուշագրաւ կէտերէն մէկը այն էր, որ Հայաստան (այսինքն իր վարչախումբը) պատրաստ է լուծարքի ենթարկելու Մինսքի խմբակը, որովհետեւ, իր բառերով, ի՞նչ իմաստ ունի տագնապի մը լուծում հետապնդող խմբակ մը, երբ հարցերը լուծուած են: Չէ՞ որ ինք Արցախը վերջնականապէս ճանչցած է իբրեւ Ատրպէյճանի պատկանող հողամաս, ճանչցած է Ատրպէյճանի «տարածքային ամբողջականութիւնը» (իսկ Ատրպէյճան այդ մասին ոչ մէկ խօսք ըսած է ցարդ, բացի մի՛շտ բազմացող նախապայմաններէ), չէ՞ որ պատրաստ է ամէնէն վնասարար պայմաններով «խաղաղութեան համաձայնագիր» կնքելու Ատրպէյճանի հետ, չէ՞ որ արդէն առանց միջնորդի կը բանակցի թուրքին ու ատրպէյճանցիին հետ (եւ, ի՜նչ զուգադիպութիւն, Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութեան սեղան սարքող Իրանը նոյն օրը կը յայտարարէր, որ չ՛ուզեր երկկողմանի ձեւաչափը, այլ անհրաժեշտ կը նկատէ միջնորդներու մասնակցութիւնը: Իրանցիք աւելի իմաստուն են եւ գիտեն, որ սեղանին դիմացի կողմը նստողները… անհաւասարակշիռի մը ներկայացուցիչներն են): Անդին, ողջ հայութիւնը, անոր կողքին կանգնողներ կը հաստատեն, որ Փաշինեանի «վարկածներ»ը չեն ներկայացներ հայութեան կեցուածքը, պարզապէս թելադրուած են թշնամիին կողմէ:
– ՔՊապետը կարծէք թէ գիտէ, որ Մինսքի խմբակին լուծարման որոշումը իր ձեռքը չէ, որոշ անդամներ կրնան վերապահութիւն ունենալ, իսկ իրա՛ւ հայերը դէմ են նման քայլի: Միրզոյեան այս «նրբութիւնը» անտեսած էր Անթալիայի մէջ: Նախ պէտք է հարց տալ, թէ ՔՊապետը արդեօք իր ձեռքին ի՞նչ ունի, ապա նաեւ մտածել, որ արդեօք վաղը մատը թափ տալով պիտի բղաւէ՞ ամերիկացիներուն, ֆրանսացիներուն եւ ռուսերուն երեսին, թէ ձեր ի՞նչ գործն է Հայաստան-Ատրպէյճան հարցերը (մոռցէ՜ք Արցախն ու ցաւին բոլոր ծալքերը, երեսները): Ես իմ ժողովուրդիս ըսած եմ, որ Ատրպէյճանի հետ կը բանակցիմ այնպէս՝ ինչպէս կ՛ուզեմ: Եթէ պէտք զգամ՝ Հայաստանէն ընդարձակ տարածութիւններ ալ կու տամ (այժմ նուէր տրուածները ի՜նչ են որ): Ես «ազգընտիր» եմ, «մանտաթ ունիմ» մինչեւ իսկ ամբողջ Հայաստանը լուծարքի ենթարկելու, Մինսքի խումբին լուծարքը ստորակէտ մըն է: Իմ եւ «ուսապարկ»երուս բթամտութիւնը պատանդ կը պահէ համակիրներ եւ մեզմէ շահ ունեցողներ, ակնկալողներ…
– Ատրպէյճանէն Նախիջեւան փոխադրութեանց համար, կայ չնաշխարհի՜կ հնարք մը. փոխադրողները կանգ չեն առներ Հայաստանի մէջ, տարանցման կարգաւորումները կը կատարուին արդի միջոցներով: Նման «հնարքներ» հաւանաբար յաջողին խաբել բթացած եւ կուրացած համակիրները, սակայն բացայայտ է, որ Ատրպէյճանի հեռանկարները տարբեր են: Մարդիկը կրկին ու կրկին կը պնդեն – եւ Թուրքիա ալ որդեգրած է այդ տեսակէտը -, թէ «Զանգեզուրի միջանցք»ը պիտի ունենան այս կամ այն ձեւով: Հիմա, կարգ մը իրատես մեկնաբաններ կը նկատեն, որ «նրբանցք» մը ձեռք ձգելէ ետք, Ատրպէյճան վստահաբար պիտի պահանջէ անոր աջ ու ահեակ կողմերուն ունենալ «ապահովութեան գօտի», մէկ տարբերակը այն միջնացքին՝ որ Հայաստանը Բերձորի եւ Աղաւնոյի վրայով պիտի կապէր Արցախի: Փաշինեան յանձնեց այդ գօտին, յետոյ նաեւ՝ Արցախի մնացեալ մասը, որովհետեւ իր «պոս»ը՝ Ալիեւ, այդպէ՛ս պահանջած էր: Փաշինեան ինչպէ՞ս կրնայ «պոսին խաթր»ը կոտրել, եթէ ան վաղը «միջանցք» ուզէ Սիւնիքի վրայով, միջանցքներ՝ նա՛եւ Տաւուշէն ու Ջերմուկէն դէպի Նախիջեւան, ՔՊականները պիտի պատասխանեն. «Ասէ՛ք, կ՛անենք…»:
***
Կ՛արժէ՞ արդեօք իրականութեան նշոյլներ որոնել ճառին այն բաժիններուն մէջ, որոնք կը վերաբերէին Հայաստանի տնտեսութեան բարգաւաճման մասին իր սնամէջ հաւաստիքներուն, կամ՝ «կողոպտուած»ները վերադարձուցած ըլլալուն: Հարկերու բարձրացում, փոխադրամիջոցներու սակերու բարձրացում, մանր ու միջին առեւտուրի հեղձամահութիւն, եւ պաշտօնական կողոպուտի այլ հնարքներ նոր ճնշումներու տակ կը դնէ համեստ սպառողը՝ զանգուածը: Մարդը բարօրութիւն կը խոստանայ, սակայն բոլոր սլաքները ցոյց կու տան, որ բարօրութեան հասնողը իր անմիջական շրջանակի մարդիկն են, հին ու նոր փքուած գրպանաւորները: Բաւականանանք մէկ մանր նշումով. այս մարդը իր բռնած մրջիւնները կը դիտէ այնպիսի՜ հզօր մանրադիտակով, որ անոնք իր աչքին կ՛երեւին ուղտի, փիղի, մինչեւ իսկ… հոյամողէսի մեծութեամբ, իսկ հոյամողէսները շատո՜նց դադրած են գոյութիւն ունենալէ:
Իսկ ի՞նչ խօսք՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւն գոյացնելու իր ցնորքներուն մասին, որոնցմով կը փորձէ վարակել նաեւ ժողովուրդը: ՔՊապետն ու իրեն նման դրածոներ պատրաստ չեն տեսնելու իրականութիւնները եւ հազար ու մէկ արդարացում կ՛որոնեն ատրպէյճանական թշնամանքներուն: Սիւնիքի սահմանամերձ գիւղերու բնակիչները, վերջին օրերուն՝ նաեւ Տաւուշի եւ այլ շրջաններու գիւղացիներ իրենց տեսածին ու լսածին կը հաւատան, քան ՔՊականներու «միտք հանգստացնող» ստաբանութիւններուն: Գիւղացիները գիշերները չեն կրնար քնանալ՝ ատրպէյճանական կրակոցներու ժխորին ու ստեղծած սարսափին հետեւանքով, շրջանը թողլքելու «որդը» սկսած է սողոսկիլ իսկական խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում երազողներու հոգիներէն ներս: Անդին, իմաստակներ կը պնդեն, որ ատրպէյճանցիները «թիրախային կրակոցներ չեն արձակեր», հոգ չէ թէ բնակարաններ կը վնասուին, երկրագործին ու պարտիզպանին դաշտային աշխատանքը վտանգի տակ է: Արդեօք պէտք է սպասե՞լ, որ ատրպէյճանական արշաւանքներ սկսին, մարդիկ տեղահանուին, Գորիս-Կապան խլուած ճամբան նոր տարածք ստանայ, Արցախի հայաթափումի տեղափոխուի Հայաստան…: ՔՊապետը կէս-բերան կը խոստովանի, որ Ատրպէյճան կրնայ «իր տարածքին մէջ» (տեսէ՞ք, Արցախը վերջնականապէս կը նկատէ «Ատրպէյճանի տարածքէն ներս շրջան») եղած հակամարտութիւնը տեղափոխել Հայաստանի սահմաններէն ներս: Նման «կասկած» արդար է, սակայն չի կրնար իր կաշին փրկող պահպանակ ըլլալ:
***
Այս բոլորէն անդի՞ն: Օ՜, ինչե՜ր եւ ինչեր:
Արցախի քաղաքական եւ զինուորական պատասխանատուներու եւ բազմատասնեակ գերի-պատանդներու «հացը ջուրերուն երեսը նետուած է»: Դատարանը կը ծանրաբեռնուի շինծու մեղադրանքներու թղթածրարներով: Պաշտօնական Երեւանը մնջախաղի մէջ է, իսկ արդարամիտ պետութիւններէ եւ բեմերէ՝ այս խայտառակութեան վերջ տալու պահանջները կը բազմանան, ձայնակցելով ընդդիմադիրներու պահանջատիրութեան: Տեսանելի է, որ ուրիշներ աւելի՛ նախանձախնդիր են Արդարութեան, քան ՔՊական Երեւանը:
Ամէն օր նոր ահազանգ կը հնչէ, թէ ատրպէյճանցիները գիւղ առ գիւղ, եկեղեցի առ եկեղեցի, յուշակոթող առ յուշակոթող կը փոշիացնեն Արցախի հայկական պատկանելիութեան փաստերը: Երեւանի իշխանաւորներուն համար, այս ու նման ցաւոտ հարցեր «ջուրի ձայն» ալ չեն: Ասոնք իրենց դիտանկիւնէն լուծուած են, որովհետեւ Ատրպէյճան իրաւունք ունի «իրեն պատկանող հողերուն ու հոն բնակած մարդոց հետ վարուելու այնպէ՛ս՝ ինչպէս կ՛ուզէ»: Երեւան ի՞նչ կրնայ ընել. կրնա՞յ, օրինակի համար, որեւէ ձեւով միջամտութիւն կատարել… Թուրքիոյ «ներքին հարցերուն»՝ Իմամօղլուի մը հարցին ուղղութեամբ ձայն-ծպուն հանել եւ մատնացոյց ընել էրտողանեան բռնատիրութիւնը, անոր բազմատեսակ դրսեւորումները շրջանին մէջ:
Քանի մը օրէն Ապրիլ 24 է, Ցեղասպանութեան 110րդ տարեդարձը: Պետական մակարդակի վրայ ցարդ ո՛չ մէկ նշան կայ, որ պատշաճ ոգեկոչում պիտի ըլլայ: Շարժումը սկսած է ընդդիմադիր ճակատին մէջ. հաղորդուեցաւ, որ Դաշնակցութեան երիտասարդական թեւը որմազդներ փակցուցած է Երեւանի փողոցներու պատերուն եւ կոչ կ՛ընէ հայրենասէր ու հայրենատէր ժողովուրդին. «Մի՛ ուրացիր»: Շուտով պիտի իրականանայ նաեւ աւանդական ջահերթը:
…Ու պահ մը յիշենք, թէ Ցեղասպանութեան 100ամեակը (առանց մոռնալու 50ամեակն ու յաջորդող հանգրուանները) քաղաքական, դիւանագիտական, քարոզչական եւ այլ ոլորտներու մէջ ինչպիսի՛ հնչեղութեամբ նշուեցաւ, ինչպիսի՜ ալիքներ տարածեց հայութեան ներսիդին ու աշխարհով մէկ, շնորհիւ պետութեան եւ հայկական բազում կուսակցութեանց ու միաւորներու ճիգերուն (մարդիկ իրաւունք ունին ըսելու. կար ատեն, որ անկախ պետութիւն չունէինք, յետոյ ունեցանք, հիմա պետութիւնը ինկած է ծաղրածու իշխանաւորներու ձեռքը): Հիմա, Արցախի դատը թաղելու տենդէն անդին անցնելով՝ այս իշխանութիւնը ամէն գնով կ՛աշխատի նահանջի մատնել մեր արդար ու ամբողջական Դատին հետապնդման գործը: Ու զարմանալի՞ է, որ գործնական նախերգանքները իրարու կը յաջորդեն. Երեւան հրաժարած է ատրպէյճանցի ոճրագործի մը դէմ յարուցած դատական քայլերէն, թուրք պաշտօնատար մը քանի մը օր առաջ հաստատեց, որ Փաշինեան խոստացած է փոխել Սահմանադրութիւնը, թէեւ ՔՊականներ կը շարունակեն «ջայլամի խաղը». Թուրքիոյ համար, ամէնէն կարեւոր «փոփոխելին»՝ Արցախի եւ Ցեղասպանութեան մասին պահանջատիրութեան բաժինն է: Սպասե՞նք, որ այս իշխանութիւնը Ապրիլ 24ի առիթով նման «անակնկալ» մը հրամցնէ հայութեան:
Տխրեցնող կէտ մըն ալ այն է, որ ընդդիմադիրներ բանիւ եւ գործով կը փորձեն ապացուցել, թէ նման քայլեր «օրիկանական չեն»: Մարդիկ մոռցա՞ծ են, որ այս վարչախումբը ոտնատակ ըրած է ամէն օրէնք եւ ազգային աւանդութիւն, եղած քննադատութիւններն իսկ կ՛անտեսէ ու անոնց վրայ ասֆալթ կը փռէ…
Որքա՞ն կարելի է հանդուրժել ազգակործան ընթացքն ու զայն իրականացնողները: Ազգը որքա՞ն պէտք է սպասէ, որ հայրենիքի փրկութեան յանձնառուները օր առաջ միացնեն իրենց ձեռքերն ու կարողութիւնները: 110ամեակը պիտի վերածուի՞ անկիւնադարձի մը:
15 Ապրիլ 2025