
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ ԱՐԹԻՆԵԱՆ
(Ներկայացուած բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի յուղարկաւորութեան եկեղեցւոյ կարգի ընթացքին, Ապրիլ 9ին)։
Անգամ մը եւս, իբր Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ, ինծի վիճակուեցաւ խօսիլ գործակիցի մը եւ մտերիմ ընկերոջ մը մասին, որ առյաւէտ բաժնուեցաւ մեզմէ։
Արդ, առաջին հերթին կ՛ուզեմ Կեդրոնական վարչութեան խորազգաց ցաւակցութիւնները յայտնել բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի կողակցին՝ տիկ. Էլիզապէթ Պտղունի Հարպոյեանին, դուստրերուն եւ ամուսիններուն՝ Դալար ու Գէորգ Գալլողլեաններուն, Լոռի ու Տանիէլ Զաքարեաններուն եւ Փաթիլ ու բժիշկ Արի Մկրտիչեաններուն, ինչպէս նաեւ իրենց համայն հարազատներուն՝ բժիշկին այս անժամանակ կորուստին առթիւ։
Անկասկած բժիշկ Հարպոյեան իր մասնագիտական, հասարակական թէ գրական գործունէութեամբ իր իւրայատուկ ու արժանաւոր տեղը կը գրաւէ Սփիւռքի տարեգրութեան մէջ։
Առաջին յատկանիշը, որ կը հաստատենք՝ իր ծառայութեան յօժարակամութիւնն է. ան ամբողջ կեանքը ծառայած է ժողովուրդին։ Ի՛ր ժողովուրդին եւ շրջապատին։ Ծառայած է նուիրումով, անշահախնդրօրէն, առանց ծափ ու ծնծղայի։
Երկրորդ յատկանիշը իր անսպառ կորովն է. ժրաջան, աշխատասէր, համագործակցող, մանաւանդ իր ստանձնած գործը անպայման իրագործելու եւ մասնագիտակա՛ն մօտեցումով իրագործելու իր ունակութիւնը։
Երրորդ յատկանիշը իր սէրն է իր պատկանած ժողովուրդին, անոր մշակոյթին եւ յատկապէս լեզուին նկատմամբ։ Եւ, փոխադարձաբար, ինքն ալ սիրուած ու յարգուած է իր գործակիցներուն, պատկան մարմիններուն եւ հանրութեան կողմէ։
Այստեղ նշենք յատկապէս «Համազգային»ի հետ իր առնչութիւնը, որ կը սկսի 1958էն՝ երիտասարդ տարիքին իր անդամակցութեամբ, իր ջանքերով 1968ին՝ Անթիլիասի «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղի հիմնադրութեամբ, ապա, իբր անդամ, հուսկ ատենապետ՝ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, 1977ին՝ «Ծնծղայ» մանկական երգչախումբի, իսկ 1983ին Պուրճ Համուտի երաժշտական դպրոցի ստեղծումով, վերջապէս 1998էն 2002՝ Կեդրոնական վարչութեան իր անդամակցութեամբ։ Աւելի ուշ ան մաս կազմած է նաեւ Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութեան։
Ի զուր չէ, որ տարիներ շարունակ հայ հասարակական կեանքի եւ յատկապէս Համազգայինի ծիրին մէջ իր տարած աշխատանքին առ ի գնահատանք, 2009ին Կեդրոնական վարչութեան կողմէ արժանացած է «Համազգայինի շքանշան»ին․ ազգային եկեղեցական ծառայութեանց ծիրէն ներս նաեւ 2015ին ստացած է Գանատայի Հայոց Ազգային առաջնորդարանի «Յովհան Մանդակունի» շքանշանը, այլեւ 2016ին պարգեւատրուած է «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»ի Պէյրութի կեդրոնի տնօրէնութեան կողմէ` «Գնահատանք» յուշատախտակով, Պէյրութի խորհրդատու յանձնախումբին մէջ իր բազմամեայ ծառայութեան համար, վերջապէս 2020ին ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս իրեն շնորհած է Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան ասպետի»ի շքանշանը։
«Համազգային»ի Կեդրոնական վարչութեան համար ան պիտի մնայ տիպար հայու եւ տիպար համազգայնականի այն կերպարը, որուն օրինակէն պիտի ներշնչուին գալիք սերունդները։