
Կլենտէյլ քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդը 15 Ապրիլին, Արա Նաճարեանը ընտրեց Կլենտէյլի քաղաքապետ: Ան պիտի փոխարինէ Էլեն Ասատրեանը:
Արա Նաճարեան Կլենտէյլի քաղաքապետի պաշտօնը պիտի ստանձնէ 5րդ անգամ ըլլալով: Ան առաջին անգամ այդ պաշտօնը ստանձնած էր Ապրիլ 2007ին:
Հանրային սպասարկութեան ոլորտին մէջ տասնամեակներու փորձառութիւն ունեցող Նաճարեան անցեալ տարի ընտրուեցաւ Պըրպենք-Կլենտէյլ-Փասատինա օդակայանի վարչութեան (BGPAA) նախագահ։
Նաճարեան Լոս Անճելըս գաւառի Փոխադրական հարցերու վարչութեան (MTA, «Մեթրօ») անդամ է եւ անցեալին եղած է անոր ատենապետը։ Ան եղած է նաեւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ շրջանային երկաթուղային վարչութեան՝ «Մեթրոլինք»ի անդամ եւ ատենապետը:
«Երախտապարտ եմ այս առիթին համար: Յոյս ունիմ գործընկերներուս եւ քաղաքային խորհուրդի աշխատակիցներուն հետ սերտ համագործակցութեան` Կլենտէյլը իբրեւ բարգաւաճ վայր պահպանելու համար», ըսաւ Նաճարեան: