Թուրք վեթերան դիւանագէտ եւ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան անդամ Սիւքրիւ Էլէքտաղ, որ ծանօթ է Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման դէմ իր երկար պայքարով, յատկապէս երբ իր երկրի դեսպանն էր Ուաշինկթընի մօտ, մտադիր է հարցը Լա Հէյի Միջազգային դատարան տանիլ։ Թրքական զանազան թերթերուն մէջ լոյս տեսած տեղեկութեանց եւ Էլէքտաղի հանրային յայտարարութիւններուն վրայ հիմնուելով, Ճան Ս. Ք. Տէյլի «Ճէյմսթաուն» հիմնարկութեան կայքին Փետրուար 6ի համարին մէջ լոյս ընծայած է նիւթին անդրադարձող վերլուծական յօդուած մը։ Էլէքտաղի համաձայն, եթէ Միջազգային դատարանը որոշում կայացնէ, որ 1915ի «միջադէպերը» չեն համապատասխաներ 1948ի ՄԱԿի Ցեղասպանութեան ուխտին, ապա եւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ճիգերը ի դերեւ կ՚ելլեն եւ հարցը կը փակուի։
Էլէքտաղ այս գաղափարը յղացած է Թուրքիոյ Ազգային ժողովի պատուիրակութեան հետ Ֆրանսա իր կատարած վերջին այցելութեան եւ ֆրանսական խորհրդարանի մէջ իր ունեցած խօսակցութիւններու լոյսին տակ։ Անդրադառնալով Փետրուար 2001ին Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող օրէնքին, թուրք վեթերան դիւանագէտը դիտել տուած է, որ Ֆրանսայի օրէնսդիր իշխանութիւնը կրնայ իր որոշումը վերատեսութեան ենթարկել եթէ այն չի համապատասխաներ միջազգային օրէնքին։ Հետեւաբար, ինչպէս թրքական «Թուտէյզ զաման»ի 5 Փետրուարի համարին մէջ ան կը բացատրէ, եթէ Թուրքիա եւ Ֆրանսա միասին դիմեն Միջազգային ատեան, ապա կասկած, չկայ որ ատեանը ապօրինի պիտի համարէ 1948ի ուխտին վաւերականութիւնը՝ 1915ի իրադարձութիւններու բնորոշման համար։ «Այս կը նշանակէ, որ 1915ի միջադէպերը չեն կրնար բանաձեւուիլ որպէս ցեղասպանութիւն, հետեւաբար Հայաստանի առաջացուցած ամբողջ հիմնաւորումը փուլ կու գայ»։
Տէյլի կը յիշեցնէ, որ Էլեքտաղ ելոյթ ունեցած էր 2005ին Անգարայի «Ղազի» համալսարանին մէջ միջոցառման մը ընթացքին «Հայ-թրքական յարաբերութիւնները եւ 1915ի միջադէպերը» նիւթով, եւ իր ելոյթի ընթացքին յայտարարած էր, որ Սփիւռքը «իրաւական ոճիր» կը գործէ Թուրքիան ամբաստանելով ցեղասպանութեան հարցով։ «Հիւրրիյէթ»ի 4 Փետրուարի համարին մէջ նոյն ուղղութեամբ իր անդրադարձներուն մէջ Էլեքտաղ ըսած է, որ ոչ մէկ միջազգային ատեան բանաձեւած է 1915ի իրադարձութիւնները որպէս «ցեղասպանութիւն», եւ հարց տուած. «Արդե՞օք Ֆրանսայի խորհրդարանը դատարան է»։
Ինչ կը վերաբերի հարցը միջազգային ատեան բարձրացնելու հաստատ քայլերուն, ապա եւ առաջարկը հետեւեալն է. Թուրքիա կ՚առաջադրէ երեք դատաւորներ, Հայաստան իր կարգին կ՚ընէ նոյնը, դատաւորները իրենց կարգին կ՚ընտրեն ատեանի նախագահ մը։ Ատեանը, ապա, կը նախաձեռնէ աշխատանքի ուսումնաւիրութեան ենթարկելով Թուրքիոյ պետական արխիւները, Հ.Յ.Դաշնակցութեան Պոսթընի արխիւը, Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի փաստաթուղթերը եւ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու թուղթերը, ինչպէս նաեւ բոլոր այն պատմական տուեալներն ու իրողութիւնները որոնք առընչակից են 1915ի իրադարձութեանց, որոնց կարգին՝ ժողովրդագրական վիճակագրութիւններ, փոխանցիկ հիւանդութիւններու անդրադարձ, տարբեր կողմերու վկայութիւններ, եւայլն։ «Նոյնիսկ եթէ Թուրքիա յաջողի հարցը տեղափոխել Լա Հէյ, հազիւ թէ այն պիտի անհետանայ Անգարայի համար տրուած ըլլալով, որ Եւրոպական միութեան շատ մը քաղաքական անձնաւորութիւններ այսօր կը պնդեն, որ Թուրքիա պէտք է ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը նախքան Եւրոմիութեան մաս կազմելը», կ՚եզրակացնէ Տէյլի: Ակնարկելով ԱՄՆի Քոնկրէսին մէջ Ցեղասպանութեան հարցի առկայութեան, ան կ՚աւելցնէ. «Անելը բարացուցական է. քաղաքական դիրքորոշում ընդդէմ պատմական իրականութիւն դասական խնդրի մը, եւ հաստատ է միայն մէկ բան, որ հարցին մօտակայ լուծում չկայ»։
Յայտնի է, որ Էլէքտաղ կը փորձէ իր կառավարութիւնը համոզել իր առաջարկին պաշտօնական ընթացք տալու համար։ Նախաձեռնութեան ետին հազիւ թէ թաքնուած է քաղաքական ասպարէզի դասական տինամիզմ մը, եւ շատ հաւանաբար անձնական փառասիրութիւն. Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման դէմ տարիներու պայքարի «հարուստ» կենսագրութիւն ունեցող վեթերան դիւանագէտը եթէ յաջողի իր առաջարկով հարցին վերջնական լուծում մը տալ, անկասկած պիտի վերածուի ազգային հերոսի։ Միջազգային ատեանի ենթադրեալ վճիռով մը Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին վերջնական հարուած մը տալով Էլէքտաղ պիտի կարենայ Թալէաթի նման յոխորտալ Հայկական հարցին վերջնական լուծում մը տուած ըլլալուն համար եւ յայտարարել, թէ ինք ըրաւ այն ինչ ժխտումի քաղաքականութիւնը տասնամեակներ ամբողջ չէր յաջողած ընել: Թէ թրքական կառավարութիւնը պիտի ուզէ ընթացք տալ առաջարկին՝ այլ հարց է։ Ի վերջոյ, Կիւլ կամ Էրտողան իրենք ալ Էլէքտաղի չափ կ՚ուզեն հերոսանալ Հայկական հարցը, այս պարագային՝ պահանջատիրութիւնը, թաղելով։ Մէկ բան յստակ է, սակայն. Էլէքտաղի այս առաջարկը իր էութեամբ չի տարբերիր թրքական ժխտումի քաղաքականութեան վերջին առաջարկէն՝ հայ-թուրք պատմաբաններու միացեալ յանձնաժողովի մը ստեղծում, որ ուսումնասիրէ հարցը եւ որոշէ եթէ տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն էր թէ ոչ։ Էլէքտաղ հարցը կը նրբացնէ, կ՚ուզէ աւելի հեղինակաւոր մակարդակով մը Հայկական հարցին դագաղին վերջին գամը զարնել, թէեւ լաւ գիտէ որ ենթադրեալ ատեանը ի վերջոյ պատմաբաններու պիտի դիմէ իր ուսումնասիրութիւններու իրականացման համար։
Պարզ է, որ հայկական կողմին համար այս առաջարկն ալ իր էութեամբ մերժելի է։ Եթէ դատական ատեաններու ուղղութեամբ աշխատանք մը պիտի տարուի ապա եւ այդ մէկը պէտք է ըլլայ Ցեղասպանութեան պատճառած վնասին հատուցման եւ ոճիրի կանխարգիլման միջոցառումներու հաստատգրման հեռանկարով։ Ի պատասխան թրքական նման նախաձեռնութեան մը, Հայաստանի իշխանութիւնները, օրինակի համար, պէտք է լրջօրէն մտածեն դեսպան Արա Պապեանի բանաձեւած առաջարկին մասին եւ հետապնդեն Սեւրի դաշնագրով հայ-թրքական սահմանի իրաւական ճշդումին հարցը։ Հաւանական է, որ Էլէքտաղի առաջարկը իր հեղինակին տայ մամլոյ ապահոված ժամանակաւոր վարկը, իր մասին խօսեցնել տայ, ապա մոռացութեան մատնուի։ Նախաձեռնութիւնը, սակայն, կու գայ անգամ մը եւս բացայայտելու, թէ որքա՛ն անզիջող է ժխտումի քաղաքականութիւնը, եւ որքա՛ն յարատեւ «ստեղծագործ» փնտռտուքի մէջ է յարձակողական դիրքերէ։ Դէմ յանդիման պետականօրէն բանաձեւուած այս սպառնագին կեցուածքին հարցական է, թէ որքա՞ն իմաստուն կրնայ ըլլալ Հայաստանի պաշտօնական կեցուածքը որ դիւանագիտականօրէն մինչ այսօր կը շարունակէ պնդել «առանց նախապայմանի յարաբերութիւններու բնականոնացում» առաջարկին վրայ։
(*) Խ. Տէր Ղուկասեան քաղաքական գիտութեանց դասախօս է Պուէնոս Այրէսի մէջ եւ ծանօթ հրապարակագիր: