Իր վախճանումէն օր մը առաջ՝ 20 Ապրիլին, Ֆրանսիս պապը Սուրբ Յարութեան ուղերձին մէջ, Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին խաղաղութեան կոչ ուղղեց:
«Տօնական այս օրերուն եկէք յիշենք Հարաւային Կովկասը եւ աղօթենք, որ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ վերջնական խաղաղութեան համաձայնագիրը շուտով ստորագրուի եւ իրագործուի՝ տարածաշրջանին մէջ երկար սպասուած հաշտութեան ճամբայ բանալու համար», ըսաւ պապը:
Սուրբ Պետրոսի հրապարակէն յղած իր ուղերձին մէջ, Ֆրանսիս պապը նաեւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց Իսրայէլին, նոյն ատեն ընդգծելով Կազայի ժողովուրդի տառապանքները՝ կոչ ուղղելով հակամարտող կողմերուն՝ զինադադար հաստատելու եւ գերիները ազատ արձակելու:
Յիշատակելով մոլորակի այլ հատուածներուն մէջ շարունակուող հակամարտութիւնները՝ պապը դիմեց քաղաքական առաջնորդներուն՝ կարիքաւորներուն օգնելու եւ խաղաղութիւն տարածելու խնդրանքով: