Պաքուի զինուորական դատարանին մէջ, 21 Ապրիլին շարունակուեցաւ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կեղծ դատավարութիւնը, որուն դարձեալ անկախ լրատուամիջոցները, իրաւապաշտպանները եւ օտարերկրեայ դեսպանատուներու ներկայացուցիչները ներկայ չէին:
Ըստ ատրպէյճանական աղբիւրներու՝ 21 Ապրիլին «վկայութիւն» տուաւ Արցախի երկրորդ նախագահ Արկադի Ղուկասեան: Ան անդրադարձաւ Խոճալուի մէջ, Փետրուար 1992ին տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն՝ նշելով, որ անոնց մասին տեղեկացած է «պաշտօնական աղբիւրներէ»:
«Ողբերգութեան ծաւալների մասին մենք այն ժամանակ տեղեկացուած չէինք: Գիտէինք միայն, որ Խոջալուից հարիւրաւոր ադրբեջանցիներ են բերուել Ստեփանակերտ: Նրանց հետագայում փոխանցել են հակառակ կողմին», Ղուկասեանի խօսքերը փոխանցեց ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատուական գործակալութիւնը:
«ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ» ՄԵՂԱԴՐԱՆՔ՝ ՀԱՅ ՌԱԶՄԱԳԵՐԻՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ
Նախորդ շաբաթ եւս 5 հայ գերիներու դատավարութիւնը յատկացուած էր այսպէս կոչուած՝ «Խոճալուի ցեղասպանութեան», զոր, ըստ մեղադրողին, «կազմակերպած եւ գործադրած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը»:
Հարցաքննելով հայ գերիներէն Մադաթ Բաբայեանը՝ ատրպէյճանցի մեղադրողը զայն ներկայացուց իբրեւ այսպէս կոչուած՝ «Խոճալուի ցեղասպանութեան» մասնակցող: Իբր թէ Բաբայեան մանրամասնութիւններ փոխանցեց Խոճալուի իրադարձութիւններուն մասին, տուաւ անունները քանի մը հայերու, որոնք իբր թէ պատասխանատու եղած են ատրպէյճանցիներու սպանութիւններուն եւ վայրագութիւններու: Ան ըսաւ, թէ տեսած է 150 ատրպէյճանցիներու դիերը:
Ըստ պետական «Ազերթաճ» գործակալութեան՝ Մադաթ Բաբայեան ընդունեց, որ՝ «սխալ են գործել»: Այնուհետեւ այս դրուագով վկայութիւն տուին երկու տուժողներ Խոջճալու գիւղէն: Անոնցմէ մէկը՝ Եաշար Ալմամետով, ըսաւ, թէ Մադաթ Բաբայեանը կը ճանչնայ, ապա ան պատմեց, թէ ինչպէս «Փետրուար1992ին ան հայերու կողմէ գեր տարուած է»: Ան պնդեց, թէ իրեն «կտտանքներու ենթարկած է անձամբ Մադաթ Բաբայեան. իրեն թուրք ըսած է, ապա զինուորական դանակով հարուածած է»:
Ալմամետով նաեւ պնդեց, թէ նոյնպէս իր եղբայրը գերի տարած են ու Մադաթ Բաբայեանէն պահանջեց ըսել, թէ ո՛ւր է եղբայրը՝ Նամիկ Ալմամետով: Բաբայեան ըսաւ, որ զայն չի ճանչնար:
«Վնաս կրած» կողմին ներկայացուցիչը դժգոհեցաւ, որ Արցախի խորհրդարանի նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեան օգնած է Մադաթ Բաբայեանին՝ հարցումներուն պատասխանելու ատեն: Դատաւորը իբրեւ պատասխան յանձնարարեց Իշխանեանին իր տեղը փոխել:
Խոճալուի գործով նիստէն անմասն մնաց նաեւ Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան: Դատավարութեան ընթացքին ներկայացուեցաւ բրիտանացի լրագրող Թոմաս տէ Վաալին տուած անոր նշանաւոր հարցազրոյցը՝ պնդելով, թէ Սերժ Սարգսեան ընդունեց, որ «Խոճալուի մէջ ցեղային զտում իրականացուցած են» եւ, որ չեն զղջար տեղի ունեցածին համար: Սակայն, Սերժ Սարգսեանին վերագրուող այս խօսքերը տէ Վաալի որեւէ հարցազրոյցի մէջ կարելի չէ գտնել:
Ատրպէյճանի պետական մեղադրողը յայտարարեց, թէ Հայաստանի երրորդ նախագահին խօսքերը կը հաստատեն, որ՝ «Խոճալուի ցեղասպանութիւնը նպատակաուղղուած եւ համակարգուած իրականացուցած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը»: