Թուրքիոյ խորհրդարանը պետութեան կողմէ փոքրամասնութիւններու վագըֆներէն գրաւուած գոյքերը մասամբ վերադարձնելու մասին օրինագիծը հաստատեց եւ օրէնքը ընդունեց, որովհետեւ այդ մէկը Եւրոմիութեան լիազօր անդամակցութեան համար Թուրքիայէն պահանջուած կէտերէն մին էր:
Խնդրոյ առարկայ, նախապէս փոքրամասնութեանց պատկանող աւելի քան 354 գոյքերէն, նոր օրէնքին համաձայն, կարելի պիտի ըլլայ վերադարձնել 212 գոյքեր, որոնք 1974 թուականէն ետք, մասնայատուկ օրէնքով մը յանձնուած էին Թուրքիոյ պետական սնտուկին ու անշարժ կալուածներու տնօրինութեան: Ետ ստանալու համար դիմումի ժամկէտը տասնութ ամիս է:
Եւրոպական միութեան պաշտօնատար Օլի Ռէն ողջունեց Թուրքիոյ խորհրդարանի այս նոր օրէնքը:
Աւելի քան 70 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Թուրքիոյ մէջ այսօր կ’ապրին շուրջ 70 հազար հայեր, 23 հազար հրեայ, 2500 յոյն: Թրքական մամուլէն կը տեղեկանանք, թէ այս օրէնքով կարելի պիտի ըլլայ անոնց, որ իրենց պատկանած եկեղեցիները, մատուռները, աղօթատեղիները, դպրոցները, ծերանոցները, գործատեղերը, տուները, մանկատուները, հողամասերը եւ բժշկական հիմնարկներէ բաղկացած 212 գոյքեր վերադարձնել: Այս գոյքերու մեծամասնութիւնը կը պատկանի յոյներու, իսկ հայերուն կը պատկանի շուրջ 25 հատը: Հրեաներունը աւելի նուազ է:
Ըստ Օրմանեան պատրիարքի հետազօտական աշխատանքներու տուեալներուն, 100 տարի առաջ Թուրքիոյ հայութիւնը ունէր 2167 առաքելական ուղղափառ, 160 աւետարանական, 75 կաթողիկէ եկեղեցիներ, 818 հայկական վարժարաններ ու 156 վանք: Իսկ, ըստ Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքարանի 2004 թուականի օրատետրի տուեալներու, այսօր մնացած է 56 ուղղափառ եկեղեցի ու մատուռ, որոնցմէ 36ը՝ Պոլսոյ մէջ են, իսկ Անատոլուի մէջ միայն վեցը պաշտամունքի համար կը գործածուին: Ըստ Բարսեղ Թուղլաճեանի «Իսթանպուլի հայոց եկեղեցիները» գիրքին տուեալներուն, այսօր կան նաեւ կաթողիկէ 12 եւ աւետարանական 5 հայկական եկեղեցիներ: Այսօր Թուրքիոյ հայութիւնը ունի նաեւ 17 հայկական վարժարաններ, որոնցմէ 5ը լիսէի աստիճանին են: Հայութեան կը ծառայեն նաեւ առաքելական 14 (նախապէս 21)5 իսկ կաթողիկներու մէկ գերեզմաններ, 8 ազգային բարեգործական հիմնարկներ ու վագըֆներ:
Նոր օրէնքով, Թուրքիոյ փոքրամասնութեանց վագըֆներու պիտի արտօնուի.-
Ա. Իրենց հիմնադրութեան նպատակի իրականացման նպատակով նիւթական աղբիւրներ ստեղծելու համար առեւտրական գործունէութիւններ ունենալ.
Բ. Թուրքիայէն եւ արտասահմանէն անձերէ ու հաստատութիւններէ պաշտօնապէս օժանդակութիւններ ու նուիրատուութիւններ ստանալ.
Գ. Վագըֆի բարեգործական նպատակի չծառայող, անգործօն ու անարդիւնաբեր գոյքերը, եթէ, վագըֆի վարչութեան կողմէ փափաք յայտնուի, Թուրքիոյ խորհրդարանի որոշումով կարելի պիտի ըլլայ համայնքի մէկ այլ վագըֆին փոխանցել:
Դ. Իրենց հիմնադրութեան նպատակին ծառայելու պայմանաւ, կալուածներ գնել ու վաճառել:
Օրէնքին գլխաւոր թերութիւնները են.-
Ա. 1974 թուականէ առաջ, պետութեան գրանցուած գոյքերու հարցը կը մնայ նոյն ձեւով, այսինքն անվերադարձելի.
Բ. Պետութեան կողմէ երրորդ անձերու փոխադրուած ու կամ վաճառուած գոյքերու վերադարձման եւ կամ հատուցում վճարելու հարցը կը մնայ նոյն ձեւով, անլոյծ.
Գ. Վագըֆներու ընդհանուր տնօրինութեան կողմէ, վարչութիւններու վրայ ձեռք դրուող փոքրամասնութեան վագըֆներու, պաշտօնապէս վարչութիւն ընտրելու հարցը կը մնայ օրէնքէն դուրս: Հարցին լուծումը կը մնայ մասնաւոր կանոնագիրերու կարգադրութիւններու հնարաւորութեան:
Դ. Այս օրէնքով, վարչազուրկ վագըֆներու պատկանող գոյքերու եւ կալուածներու տնօրինութիւնը կարելի է պետութեան հսկողութեան տակ գրանցել.
Թէեւ օրէնքը թերի ու գոհացուցիչ չէ, սակայն դէպի բարելաւում ու բարենորոգում առնուած յուսադրիչ քայլ մը կարելի է նկատել:
Գերմանիա