Ծ.Խ. Փրոֆ. Պասքըն Օրանի Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու վերաբերեալ ուսումնասիրութիւնը օրին մեծ աղմուկ բարձրացուցած էր Թուրքիոյ մէջ. այս պատճառով, Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի տխրահռչակ 301րդ յօդուածով, Օրանի դէմ յարուցուած դատը ցարդ կը շարունակուի։ Այս ուսումնասիրութեան իբրեւ խտացում՝ Պասքըն Օրան երեք յօդուածներու մէջ ներկայացուցած է իր աշխատասիրութիւնը։ Ստորեւ կու տանք այս յօդուածաշարքին երրորդ եւ Թուրքիոյ փոքրամասնութեանց կալուածներու առնչուող բաժինը։
Ոչ իսլամ հիմնարկներուն գոյքերու գրաւումը առանձին դէպք մը չէ: «Ունեւորութեան տուրքը», «6-7 Սեպտեմբերի դէպքերը», «Թրքական ապրանք գործածէ»ի քարոզարշաւներուն նպատակը յայտնի էր՝ փոքրամասնութիւնները երկրէն հեռացնել: Անոնց ետին ձգած գոյքերը գրաւելով՝ ներքին դրամագլուխի մը կուտակումը առաջադրուած էր։
Յօդուածաշարքիս առաջին երկու բաժիններուն մէջ, երբ կը քննարկէինք ոչ իսլամ հիմնարկներու պատկանող կալուածներուն ապօրինի բռնագրաւումը, պէտք չէ մոռացութեան տրուի այն հիմնական կէտը, որ ոչ իսլամ հիմնարկներու պատկանող կալուածներուն գրաւումը առանձին դէպք մը չէ։ Անիկա Թուրքիոյ մէջ «դրամագլուխի կուտակում»ի առաջին եւ գլխաւոր իրագործումն է։
Թուրքիոյ մէջ այս գործընթացը հետեւեալ կարգով իրականացած է.
1. Զանազան եղանակներով ոչ իսլամներու պատկանող դրամագլուխին իսլամներու փոխանցումը.
2. Շուկայական տագնապներու իբրեւ հետեւանք՝ ժողովուրդին խնայողութիւնները յատուկ խաւի մը փոխանցումը.
3. 1930ականներէն սկսեալ պետութեան իրագործած դրամագլուխի կուտակումը (գործարաններ, ընկերութիւններ, դրամատուներ եւայլն) շատ աժանի ծախուելով՝ յատուկ խաւի մը փոխանցումը:
Վերոյիշեալ առաջին եւ կարեւորագոյն իրագործումին հանգրուանները հետեւեալ ձեւով կը դասաւորուին.
Ա. 1915ի հայկական ջարդերը.- հայերու բռնագաղթի ընթացքին դրացիներուն վստահուած կամ անոնց քով պահ դրուած շարժական գոյքերը կա՛մ թալանուած եւ կամ ալ ծախուած են։ Ասոնք շրջանի ազդեցիկ մարդոց ձեռքը պիտի անցնէին հետագային։
Բ. 1923ի Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ բնակչութեան պարտադիր փոխանակում.- տեղահանուած յոյներուն գոյքերը պէտք էր Յունաստանէն եկող իսլամներուն բաժնուէր։ Սակայն հոս պետութիւնն ու շրջանի ազդեցիկ անձերը ձեռք դրած են ատոնցմէ շատերուն վրայ։
Գ. Թուրքիոյ մէջ բնակող ոչ իսլամներ, իբրեւ հետեւանք գործադրուած ճնշումներուն, երկրէն գաղթելու հարկադրուած են. իրենց գոյքերն ու կալուածները կա՛մ չնչին գումարներու փոխարէն ծախած եւ կամ պարզապէս լքած են։ Լքուած այս կալուածները պարզապէս յափշտակուած են։ Ասոնցմէ ամէնէն յատկանշական օրինակները այսօր Պոլսոյ նշանաւոր Պէյօղլու եւ Թարլապաշը շրջաններուն մէջ գտնուող բռնագրաւուած այդ լքեալ շէնքերն են։
ԹՈՒՐՔ ԸԼԼԱԼ ԵՒ ԿԱՄ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԵՆԱԼ
Ամփոփ գիծերու մէջ վերոյիշեալ ճնշումներուն հետեւեալ օրինակները կրնան տրուիլ.-
1920ականներուն ոչ իսլամներուն արգիլուած էր Պոլսոյ նահանգէն դուրս ելլել առանց արտօնութեան։ Զանազան օրէնքներ եւ կանոնագիրներ հրապարակելով՝ նպատակադրուած էր ոչ իսլամները տնտեսական կեանքէն հեռացնել։
1929ին եւ 1932ին հրատարակուած օրէնքներով, սակարաններու սեփականատէրերն ու հոն պաշտօնավարողներուն միմիայն թուրքերուն վերապահուած ըլլալը կը հաստատուէր։
Տեւաբար «Հայրենակի՛ց, թրքական ապրանք գործածէ՛»ի քարոզարշաւներով ոչ իսլամ գործատէրերը խռովայոյզ վիճակի մէջ պահուած են։ Հետագային այս քարոզարշաւներուն անունը պիտի փոխարինուէր՝ «Հայրենակի՛ց, տեղական ապրանք գործածէ՛»ով։
1950ականներու առաջին կիսուն եւ իբրեւ հետեւանք Կիպրոսի հարցին՝ «Թուրք չեղողէն առեւտուր մի՛ ընէք»ի քարոզարշաւներ եղած են։
Մինչեւ 1965 պաշտօնեայ դառնալու պայմանը «թուրք ըլլալ» էր, 1965էն ետք է, որ այդ պայմանը փոխարինուած է «թրքահպատակ ըլլալ»ով։
Մինչեւ 1940ականներու վերջաւորութիւնը, ուսանելու նպատակով Եւրոպա երթալը, Բժշկական համալսարան մուտքը, զինուորական դպրոցներ մուտքի միակ պայմանը «թուրք ըլլալ», «թուրք ցեղէն ըլլալ», «թուրք ազգ»էն ըլլալ էր։
1934ին Թուրքիոյ մէջ բնակող հրեաներու տուներուն եւ գործատեղիներուն դէմ եղած յարձակումներուն իբրեւ հետեւանք՝ այս մարդիկը լքելով իրենց բնակատեղիները Պոլիս փախչելու հարկադրուած են։
1941ին, 20-44 տարիքի միջեւ միայն ոչ իսլամները իբրեւ թէ զինուորութեան առնուած են, սակայն զէնք չէ տրուած անոնց, այլ պարզապէս «աշխատաւորներու վաշտ» անուան տակ շատ դժուար պայմաններու տակ ճամբաներու, օդակայաններու, երկաթուղիներու շինութեան մէջ աշխատելու պարտադրանքին տակ գտնուած են։
ՏԱՐԲԵՐ ԿՐՕՆՆԵՐՈՒ ՊԱՏԿԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԷՊ ԽՏՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
1942ին «Ունեւորութեան տուրք»ը որդեգրուեցաւ։ Այս միջոցառումով Թուրքիոյ մէջ, օրէնքի ուժով, ոչ իսլամներու պատկանող դրամն ու գոյքը գրաւելով եւ զանոնք իսլամ հայրենակիցներուն փոխանցելով՝ դրամագլուխի մեծագոյն փոխանցումը իրականացուցած է։
6-7 Սեպտեմբեր 1955ին Պոլսոյ եւ Իզմիրի մէջ ոչ իսլամներու տուները, գործատեղիները, տաճարները թալանի եւ հրկիզումի ենթարկած են՝ պետութեան գիտակցութեամբ եւ անմիջական աջակցութեամբ։ Իբրեւ հետեւանք՝ մեծ թիւով յոյներ եւ հայեր հեռացած են Թուրքիայէն։
1964ին յունահպատակ պոլսեցի յոյներ բռնի կերպով երկրէն դուրս դրուած են, անոնց հետ ամուսնացած թրքահպատակ յոյներն ալ լքած են երկիրը։ Պոլիսը պարպուած է։
ԴՐԱՄԱԳԼՈՒԽԻ ՓՈԽԱՆՑՈՒՄԻՆ ՎԵՐՉԻՆ ՓՈՒԼԸ
1960ականներու վերջաւորութենէն սկսեալ ոչ իսլամներու պատկանող կալուածներու գրաւումին կարգը եկած է «1936ի յայտարարագիր»ով։ Այս բռնամիջոցը կը կազմէ վերջին օղակը Թուրքիոյ մէջ ոչ իսլամներու պատկանող հարստութեան փոխանցումը իսլամներուն։
Վերոնշեալ բոլոր դէպքերը օրինակներ են պետութեան մը կողմէ գործադրուած բացայայտ խտրականութեան՝ տարբեր կրօններու պատկանող իր հայրենակիցներուն հանդէպ։
Այս բոլորին մէջ մտահան չընելիք կարեւորագոյն կէտը հետեւեալն է. ամէն խտրականութեան իբրեւ բնական արդիւնք տարանջատում է։
«Ռատիքալ»