Մարտ 1-4ի արիւնոտ պատահարներուն միջազգային անդրադարձը արդէն զգալի կը դառնայ։ Ճորճ Պուշի վարչամեքենան երբեք այնքան ալ համակրանք չէր ունեցած հայութեան կամ Հայաստանի նկատմամբ, հակառակ անոր, որ 2005ի Յունուարէն ի վեր Քոչարեանի կառավարութիւնը, անտեսելով Միջին Արեւելքի մէջ հայկական համայնքներու անվտանգութեան հարցը, ինչպէս նաեւ համաձայնական կառավարութեան անդամ Հ.Յ.Դաշնակցութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորներու ժխտական քուէն, հայկական զօրագունդով մը ընդառաջեց Ուաշինկթընի դիմումին եւ մաս կազմեց Իրաքի մէջ այսպէս կոչուած Կոալիցիոն ուժերուն։ Բայց հայ-իրանական յարաբերութիւնները, ԱՄՆի հայութեան զօրաշարժը Քոնկրէսէն ներս Հայոց Ցեղասպանութեան օրէնքի ընդունման ուղղութեամբ եւ հայութեան ու Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան հետ առնչակից այլ երեւոյթներ յանգած են զգալի հակակրանքի մը, որ թերեւս ամեէնէն աւելի ակնյայտ է պետական քարտուղարութեան մօտ։
Այնքան ալ պատահական չէ, որ Քանտըլիզա Ռայս ըլլայ Պուշի վարչամեքենայի այն պատասխանատուն, որ Հայաստանի յետընտրական իրավիճակն ու «Հազարամեակի ծրագրի» առընչակից հարցերու վերաբերեալ Ճորճթաուն համալսարանի մէկ վերլուծումին վրայ հիմնուելով առիթը օգրագործէր եւ հրապարակաւ զգուշացնէր, որ Հայաստանի մասնակցութիւնը «Հազարամեակի ծրագրին» կրնար վերատեսութեան ենթարկուիլ։ Ճիշդ է, որպէս առաջին հակազդեցութիւն կարելի է գերադաս համարել ազգային գերիշխանութիւնը եւ Ռայսի յայտարարութիւնը նկատել ներքին գործերու միջամտութիւն։ Աւելի՛ն, Հայաստանի տնտեսութիւնը հազիւ թէ նման ծրագիրներու ենթադրած ներդրումներէն կախեալ ըլլայ, ինչ որ յաւելեալ պատճառ է այնքան չմտահոգուելու «Հազարամեակի ծրագրէն» դուրս բերուելու հեռանկարով։ Սակայն Ռայսի ոչ այնքան քօղարկուած սպառնալիքին իրականացումը կրնայ Հայաստանի քաղաքական այրերու հաշուարկածէն շատ աւելի անբարենպաստ ըլլալ երկրին համար, եւ անոր անդրադարձը զգացուի շատ աւելի շուտ, քան ինչ կը կարծւի ե՛ւ քաղաքական, ե՛ւ տնտեսական ոլորտներուն մէջ։
Այդուհանդերձ, հասկնալի է, որ այսօր Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ քաղաքական շրջանակներուն համար ընդհանրապէս, իրավիճակի կայունացումն ու արտաքին միջամտութիւններու բացառումը առաջնահերթութիւն ունենան։ Վերջին հաշուով, Լեւոն Տէր Պետրոսեանի քաղաքական պայքարի ռազմավարութիւնը կը կայանար ի վերջոյ արտաքին ինչ որ ձեւի միջամտութեան առիթ ստեղծել։ Հետեւելով «Ուաշինկթըն փոսթ»ի 5 Մարտի համարին մէջ իր ստորագրութեամբ լոյս տեսած «Լռութիւն Հայաստանի նկամամբ» յօդուածի տրամաբանութեան, Լեւոն Տէր Պետրոսեանի գլխաւոր խաղաքարտը արցախեան հակամարտութիւնն է։ Հայաստանի մէջ յետընտրական իրադարձութիւններուն նկատմամբ Արեւմուտքի լռութեան գլխաւոր պատճառ ենթադրելով միջազգային շրջանակներու այն համոզումը, որ միայն Քոչարեան-Սարգսեան «կարծր» թեւը կրնայ հակամարտութեան լուծում մը պարտադրել, Տէր Պետրոսեան կ’ուզէ ինքնզինք ներկայացնել որպէս այդ հակամարտութեան լուծում բերելու պատրաստ եւ ատակ ղեկավար։ Պարզ է, որ նախկին նախագահին գրաւը դրուած էր արտաքին ենթադրեալ միջամտութեան մը յառաջացնելիք անկայունութեան, որով եւ նոյնիսկ եթէ չյաջողէր ընտրուիլ, ուժի եւ իրաւականութեան կարեւոր ենթահող մը կրնար ապահովել։ Հարկ է յիշեցնել, որ 1996ին, երբ ընդդիմութիւնը շատ աւելի տոկուն ենթահողի վրայ հարցականի տակ դրաւ իր վերընտրութիւնը եւ ենթարկուեցաւ բռնի ճնշումի, օրին Ազգային դաշինքը բացառեց արտաքին միջամտութեան այլընտրանքը։
Պէտք է ընդգծել, որ նման նախանձախնդրութիւն Տէր Պետրոսեանի կողմէ սադրանքային վարկած մը չ’ենթադրեր, այլ՝ ռազմավարութիւն եւ քաղաքական քայլի վրայ դրուած գրաւ։ Միեւնոյնն է. արտաքին միջամտութեան ամէն հեռանկար, ի մասնաւորի եթէ առնչակից է արցախեան հակամարտութեան, պէտք է բացառուի։ Նման համաձայնութիւն առկայ պէտք է ըլլայ ոչ միայն իշխանութիւններուն մօտ, այլ հայ ազգային քաղաքական ներկայացուցիչ բոլոր շրջանակներու։ Հետեւաբար, արտաքին միջամտութեան բացառման համախոհութիւն մը պէտք է դրսեւորուի որպէս քաղաքական կամք։ Նորընտիր նախագահ Սերժ Սարգսեանի նորագոյն կոալիցիոն կառավարութիւն մը կազմելու հակումը կրնայ մեկնաբանուիլ որպէս ազգային միասնականութիւնն ու երկրին մէջ կայունութիւնը վերահաստատելու կամք։ «Հանրապետական»ը, «Բարգաւաճ»ն ու «Օրինաց երկիր»ը արդէն այդ ուղղութեամբ համաձայնած կը թուին ըլլալ։ Հրաւէր գացած է նաեւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան, որ ընտրութիւններուն իր արձանագրած 6 տոկոսի արդիւնքէն ետք շատ լրջօրէն պէտք է մտածէ հայաստանեան քաղաքական երանգապնակին մէջ իր տեղը ճշդելու մասին։ Հ.Յ.Դաշնակցութեան պարագային մարտահրաւէրը այդ տեղը պահպանելու մէջ չի կայանար, այլ իր գաղափարախօսական գոյնը այնքան յստակ պահելու, որ թէկուզ եւ 6 տոկոսով իր իւրայատկութեամբ ակնյայտ մնայ, չպղտորի։ Եթէ, անշուշտ, կուսակցութիւնը կենդանի պիտի պահէ այն, ինչ նպատակադրած էր. ըլլալ այլընտրանք։ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը իր նախարարները դուրս չբերաւ կառավարութենէն, իսկ, համաձայն Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչի յայտարարութեան, կոալիցիային մաս կազմելու առաջարկը կ’ուսումնասիրուի։
Ազգային ճգնաժամն ըլլայ Հ.Յ.Դաշնակցութեան Հայաստանի կազմակերպութեան այս կեցուածքին հիմնական դրդապատճառը, թէ պարզապէս գործնապաշտ հաշուարկում մը իշխանութենէն բաժին մը որոշ պայմանաւորումներով պահելու, այնքան ալ կարեւոր չէ։ Հայաստանի քաղաքական գործընթացը կարծես թէ կ’ուղղուի դէպի այդ ընդարձակուած կոալիցիոն կառավարութեան մը կազմութիւնը։ Նման իշխանակարգի մը մէջ կոալիցիոնի իւրաքանչիւր անդամ իշխանութեան բաժին մը պիտի ունենայ, համաձայն իր տոկոսային քուէին եւ, միամիտ պէտք չէ ըլլալ, նորընտիր նախագահի ճշդած սահմաններուն։ Սկզբունքով նման իշխանակարգ դրական պէտք է ըլլայ երկրի կայունութեան վերահաստատման համար։ Միաժամանակ, սակայն, քաղաքական գործընթացի այս մասշտաբի կեդրոնացումը գործադիր իշխանութեան մօտ անկարելի կը դարձնէ Ազգային ժողովի մէջ որեւէ ընդդիմութեան կազմաւորումը։ Հետեւաբար, այնքան սխալ չէ թէկուզ եւ չարակամօրէն կասկածիլ այս ընդարձակուած կոալիցիոնի յայտարարած նպատակներուն շուրջ, եւ հարց տալ եթէ օրէնսդիր մարմնի մէջ ներկայացուած բոլոր ուժերուն ներգրաւումը գործադիր իշխանութեան ոլորտին մէջ նորընտիր նախագահին ռազմավարութիւն չէ ընդդիմութեան կարելիութիւնը պարզապէս բացառելու:
Հարցը հոն է, որ նոյնիսկ եթէ նման հեռանկար մը յաջողի եւ Սերժ Սարգսեան հանգիստ մնայ, որ կոալիցիոնը ի վերջոյ զսպաշապիկ պիտի ըլլայ Ազգային ժողովէն ներս իր քաղաքականութեան կարողական ընդդիմադրութեան, այս վերջին երեւոյթը պիտի չվերանայ հասարակութեան մօտ։ Ընդհակառակը, Ազգային ժողովէն ներս վստահելի ընդդիմութեան մը բացակայութիւնը կրնայ հասարակութիւնը մղել իր ձայնը այլ ձեւերով լսելի դարձնելու, սկսելով բողոքի ամէնէն պասիւ ձեւէն, որ արտագաղթն է, հասնելով մինչեւ այդ բողոքի բառացիօրէն փողոցային արտայայտութիւններուն։ Հետեւաբար, եթէ կոալիցիոն կառավարութեան մը կազմութեան մտահոգութիւնը ազգային միասնականութիւնն է, Հայաստանի հասարակական սուր բեւեռացման իրականութեան նկատառմամբ նուազ կարեւոր չէ մտածել ձեւաւորուող կոալիցիոն ժողովրդավարութեան մը հետեւանքներուն մասին։
Կոալիցիոն կառավարութեան մը բնորդը ծնունդ առաւ, ինչպէս ծանօթ է, 2003ին։ Հասկնալի է նման նախանձախնդրութիւն օրուան պայմաններուն մէջ։ Ռոպերթ Քոչարեան ընտրուած էր որպէս անհատ, իր ետին չունէր քաղաքական ուժ մը, հետեւաբար հասկնալի է, որ հետամուտ ըլլար իր շուրջ համախմբելու Ազգային ժողովի մէջ ներկայացուած եւ իրեն համակիր ուժերը։ Օրին, Ազգային ժողովին մէջ կային ընդդիմադիր պատգամաւորներ, որոնց թիւը կը գերազանցէր 2006ի ընտրութիւններուն արդիւնքով օրէսդիր իշխանութեան մէջ տեղ գտած նոր ընդդիմութեան անդամներուն թիւին։ Եթէ այդ ընդդիմութիւնը ունենար քաղաքական անհրաժեշտ հասունութիւնը, կրնար ինքզինք ներկայացնել որպէս այլընտրանք։ Բայց այդ օրերուն իրենք զիրենք ընդդիմադիր հաշուող պատգամաւորներ դիմեցին պոյքոթի, նախընտրեցին իրենց տունը մնալ, փոխանակ իրենց վարքագծով եւ աշխատանքով քաղաքացիներուն ցոյց տալ թէ ատակ են լսելի դարձնել հասարակութեան բողոքի ձայնը։ Արդիւնքով օրուան ընդդիմութիւնը ինքզինք վարկաբեկեց, կորսնցուց ժողովուրդին լման վստահութիւնը, եւ, փաստօրէն, ժողովուրդին քուէներով դուրս մնաց Ազգային ժողովէն։ Բայց հասարակութեան մէջ իշխանութիւններէն խոր դժգոհութիւնը չվերացաւ, եւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի թեկնածութեան ընդմէջէն ինքզինք արտայայտելու առիթ տեսաւ։ Ինչ որ, իր կարգին, ընդդիմութեան ինքնավարկաբեկման անուղղակի բայց թերեւս ամենէն ժխտական հետեւանքը կարելի է համարել։
2006ի Ազգային ժողովի ընտրութիւններու արդիւնքները կոալիցիոն կառավարութիւն կազմելու անհրաժեշտութիւնը չէին ստեղծած։ Ապագայ նախագահական թեկնածու վարչապետ Սերժ Սարգսեան հանրապետականներու մեծամասնութեամբ կրնար իր կառավարութիւնը կազմել, այնպէս, ինչպէս այդ կարելիութիւնը ունի այսօր եւս երբ արդէն նախագահ է։ Բայց Քոչարեան եւ Սարգսեան պնդեցին կոալիցիոն կառավարութեան մը համար, եւ ընդառաջ գացին այդ հեռանկարին նկատմամբ սկիզբը ոչ խանդավառ Հ.Յ.Դաշնակցութեան ամէն պայմանաւորումներուն, ընդհուպ մինչեւ կոալիցիոն առաւել Դաշնակցութիւն ֆորմուլա մը որդեգրելով, որ, պարզ է, այնքան ալ բան չփոխեց նախկին կոալիցիայի բնոյթէն։ Նոյն պնդումով հանդէս կու գայ այսօր եւս Սերժ Սարգսեան, եւ հարցական է, թէ ինչու եթէ ոչ պարզապէս այլընտրանքային ամէն ընդդիմութեան ամէն հեռանկարի առաջքն առնելու համար։ Եթէ Մարտ 1-4 ցուցարարներու բռնի ճնշումը՝ հասարակական բողոքի արտայայտութեան հանդէպ անհանդուրժողութեան յստակ պատգամ մըն էր, ընդարձակուած կոալիցիոնի կազմութեան նախանձախնդրութիւնը ունի շատ յստակ նպատակաուղղուածութիւն. նուազագոյնի, աննշան մակարդակին հասցնել հասարակութեան առջեւ այլընտրանքի առաջարկութեամբ հանդէս գալու հետամուտ ամէն քաղաքական ուժ որ կրնայ հետամուտ ըլլալ ընդդիմութեան դերը ստանձնելու։
Կոալիցիոն կառավարութիւնը յարատեւող աւանդութեան վերածելու, անկէ իւրայատուկ քաղաքական ինստիտուցիոն մը կերտելու այս նախանձախնդրութիւնը, գումարուած հասարակական ամէն բողոքի նկատմամբ անհանդուրժողութեան վճռակամութիւն ցուցաբերելու սկզբունքին, որուն պատգամը տրուեցաւ Մարտ 1-4, բարացուցական է այսպէս կոչուած «լոու ինթէնսիթի» ժողովրդավարութեան մը, որ ի մասնաւորի Հայաստանի պարագային պարզապէս պիտի խորացնէ ազգային խոցելիութիւնը։