ԵՐԵՒԱՆ.- «Ազատութիւն» կը յայտնէ, որ Գիւմրիի «Կալա» հեռատեսիլի կայանի կազմակերպած հանգանակային արշաւի միջոցաւ կարելի եղած է գոյացնել հարկային տեսչութեան նշանակած տուգանքի ամբողջ գումարը՝ քսանվեց միլիոն ինը հարիւր հազար դրամ։
Երեւանի մամուլի ակումբի ղեկավար Պորիս Նաւասարդեան այս առթիւ յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ ոչ մէկ հեռատեսիլի կայան, բացի «Երկիր Միտիա»էն, չէ անդրադարձած «Կալա»ի խնդրին եւ հանգանակային արշաւին, ոչ ալ անոնք անդրադարձած են «Ասպարէզ» ակումբի խորհուրդի նախագահի մեքենայի հրկիզման փաստին։