Տնօրինութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, թեմի եկեղեցիներուն մէջ հանդիսաւորապէս տեղի ունեցան Աւագ Շաբթուան արարողութիւնները: Սրբազանը Ծաղկազարդի եւ Աւագ շաբթուան արարողութիւններուն նախագահեց Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ:
13 Ապրիլին, առաջնորդը հանդիսապետեց Ծաղկազարդի պատարագին, որ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքը: Պատարագը մատուցեց Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւ Խաժակ քհնյ. Շահպազեան։
Հազարաւոր հաւատացեալներ համախմբուած էին ըմբոշխնելու օրուան խորհուրդը եւ մասնակցելու աւանդական թափօրին: Սրբազանը ջերմութեամբ ընդունեց մեծ թիւով մանուկներու ներկայութիւնը եւ ուրախութեամբ ողջունեց Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներուն ու պատասխանատուներու մասնակցութիւնը, իր օրհնութիւնները բաշխելով բոլորին: Պատարագին աւարտին կատարուեցաւ Յիսուսի երկրորդ գալուստը եւ վերջին դատաստանը խորհրդանշող Դռնբացէքի արարողութիւնը։
Աւագ Երեքշաբթի՝ 15 Ապրիլին, կատարուեցան Տասը Կուսանաց յիշատակի ժամերգութիւնները։ Մայր տաճարին մէջ, հոգեւորականներու կողքին արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին տասը կոյսեր, որոնք լապտերներ բռնած՝ Քրիստոսի նկարագրած տասը կոյսերը ներկայացուցին:
Աւագ Հինգշաբթի՝ 17 Ապրիլի յետմիջօրէին, հանդիսապետութեամբ առաջնորդին՝ Ոտնլուայի կարգը կատարուեցաւ Մայր տաճարին մէջ, իսկ երեկոյեան, նոյն տաճարին մէջ, կատարուեցաւ մեր Քրիստոսի չարչարանքներուն՝ Խաւարման Գիշերի յուզումնախառն արարողութիւնը, հոծ հաւատացեալներու ներկայութեամբ:
Աւագ Ուրբաթ՝ 18 Ապրիլի յետմիջօրէին, առաջնորդին հանդիսապետութեամբ եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականներու՝ Մայր տաճարին մէջ կատարուեցաւ Քրիստոսի թաղման կարգը: Հաւատացեալ ժողովուրդին օրուան խորհուրդը փոխանցեց սրբազանը:
Աւագ Շաբաթ՝ 19 Ապրիլի յետմիջօրէին, հանդիսապետութեամբ առաջնորդին՝ մատուցուեցաւ Սուրբ Յարութեան Ճրագալոյցի պատարագը։ Պատարագիչն էր՝ Խաժակ քհնյ. Շահպազեան։ Դպրաց դասը եւ հաւատացեալները քաղցրահունչ երգեցողութեամբ փառաբանեցին Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութիւնը։
Պատարագին աւարտին, սրբազան հօր հանդիսապետութեամբ՝ հաւատացեալները վառած մոմեր իրենց ձեռքին՝ ունկնդրեցին Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան աւետումը կատարող «Այսօր յարեաւ ի մեռելոց» շարականը։
Կիրակի, 20Ապրիլի առաւօտեան, Յիսուսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տօնին առիթով, Մայր տաճարի բերկրալի ղօղանջներուն տակ, առաջնորդը հանդիսաւոր Ս․ պատարագ մատուցեց եւ իր հայրական պատգամը ուղղեց հաւատացեալներուն:
Պատարագին ներկայ գտնուեցան Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Կարէն Իսրայէլեան, Թեմական խորհուրդի անդամներ եւ թեմական զանազան յարակից մարմիններու ներկայացուցիչներ, համայնքային, մշակութային, բարեսիրական, կրթական եւ մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:
Սրբազանին պատգամէն եւ պատարագէն ետք, Դպրաց դասը հոգեկան ցնծութեամբ երգեց «Այսօր յարեաւ ի մեռելոց» շարականը։ Սրբազանը թափօրով ուղղուեցաւ դէպի տաճարին շրջափակը, ուր հազարաւոր հայորդիներ Յարութեան տօնին առիթով բարեմաղթութիւններ փոխանակեցին։
(Քաղուած՝ առաջնորդարանի դիւանին թղթակցութենէն)