Քոսովոյի անկախացման հոլովոյթին բարձրացուցած աղմուկին մէջ զանգուածային հաղորդակցութեան միջոցները գրեթէ անտեսեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Պատճառներէն հիմնականը կարելի է նկատել Քոսովոյի անկախութեան ամէնէն աւելի ընդդիմացող Ռուսիոյ ակնբախ լռութիւնը Արցախի մասին։ Լռութիւնը ալ աւելի յատկանշական է այն պատճառով, որ ռուսական դիւանագիտութիւնը, Փութին ինք անձնապէս, լուսարձակի տակ կ’առնէր Աբխազիան եւ հարաւային Օսէթիան, զգուշացնելով որ, պալքանեան տարածաշրջանի անջատումը կրնար խթանել նմանօրինակ գործընթաց հարաւ-կովկասեան այդ երկու տէ ֆաքթօ արդէն անկախ տարածաշրջաններուն համար։
Մոսկուայի զգուշացումը կ’ենթադրէր լուռ սպառնալիք մը ըլլալ ԱՄՆի եւ Եւրոպայի իր դաշնակիցներուն ուղղութեամբ, որոնք փութացած էին ճանչնալ նորանկախ պետութիւնը, չըսելու համար, որ այդ հոլովոյթին մէջ իրենք առաջատար դեր ունեցած էին։ Այդուհանդերձ, Մոսկուայի լուռ սպառնալիքը մասնաւոր մտահոգութիւն չպատճառեց Արեւմուտքին պարզ այն պատճառով, որ ան զերծ էր գործնականացման պատրաստակամութեան որեւէ նախանշանէ։ Այլ խօսքով՝ մեծապէս կասկածելի էր, թէ Մոսկուա իսկապէս Աբխազիոյ կամ հարաւային Օսէթիոյ միակողմանի անկախութեան յայտարարութիւնը ճանչնալու պատրաստ էր։ Իսկ այդ տարածաշրջաններու պարզ եւ մեկին միացումը պիտի արթնցնէր Ռուսիոյ կայսերական ծաւալապաշտութեան ուրուականները։ Մոսկուայի մէջ 22 Փետրուարին հաւաքուած Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան (ԱՊՀ) արտակարգ գագաթաժողովն ալ այս իմաստով նորութիւն չբերաւ։
Արցախեան հիմնահարցի այս «մոռացումը» աւելի աչքառու է, եթէ նկատի ունենանք, որ Քոսովոյի անկախացման յայտարութիւնը գրեթէ կը զուգադիպէր ղարաբաղեան շարժման քսանամեակին։ Տարածաշրջանին քաջածանօթ եւ արցախեան տագնապին մօտէն հետեւած Թոմաս տը Վաալ եղաւ այն հազուագիւտներէն, որոնք Փետրուար 20ին անդրադարձան երկու տասնամեակ առաջ ծնունդ առած գործընթացին։ Աւելի՛ն, «Ուոլ սթրիթ ճըրնըլ իուրոփ»ի օրուան համարին մէջ իր «Անջատման անձկութիւն» վերլուծական ակնարկին մէջ տը Վաալ արդարօրէն կը գրէ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով հայերու եւ ազերիներու միջեւ ծնունդ առած հակամարտութիւնը եղաւ առաջինը Կովկասի եւ Պալքաններուն միջեւ հետագային բռնկելիք նոյնանման տագնապներու շարքին։ Օրին, Կորպաչեւ իմաստուն եղաւ բռնի ուժի գործածութիւնը բացառելով, սակայն «շուտով անդրադարձաւ, որ այլ միջոց չունէր»։
Տը Վաալ չի կողմնորոշուիր եւ հաւասարապէս կը դատապարտէ փոխադարձ անզիջողութիւնը, որ կը շարունակուի ահաւասիկ քսան տարիէ ի վեր։ Սակայն խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ ԱՄՆի եւ Եւրոպական միութեան վարքագիծը, որուն համաձայն Քոսովոյի անկախութիւնը ճանչնալու որոշումը կ’արդարացուի Սլոպոտան Միլոսեւիչի կողմէ քոսովոցիներուն նկատմամբ գործադրուած հալածաքներով։ Անոնց տառապանքը այն ահաւոր աստիճանին է, որ բացառաբար կ’արդարացուի Սերպիայէն անջատուելու իրենց իղձը։ Պարագան, կը հաւատացնեն Արեւմուտքի դաշնակիցները, կրկնելի չէ։ Ընդունելով հանդերձ, որ իւրաքանչիւր հիմնահարց իր իւրայատկութիւնը ունի, տը Վաալ համոզում կը յայտնէ, որ Քոսովոյի անկախութիւնը զօրաւոր անդրադարձ պիտի ունենայ եւ այս իմաստով կը մատնանշէ ոչ միայն աբխազներու կամ արցախցիներու ունենալիք հակազդեցութիւնը՝ վրացական կամ ատրպեճանական գերիշխանութեան վերադարձը աւելի զօրաւոր բացառելու իմաստով, այլ նաեւ Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի հանելիք հետեւումները, որոնք կը թարգմանուին առաջինին պարագային տագնապներու լուծման նախարարութիւնը վերահարկման նախարարութիւն վերանուանելու նախաձեռնութեամբ, իսկ երկրորդին՝ ակրեսիւ ապազինմամբ։
Տը Վաալի համար խաղաղութեան գործընթացները արդէն մեռած են եւ հորիզոնին վրայ չկայ ոչ մէկ լուծում, բացի ինչ որ ձեւի միասնաբար կիրարկուած գերիշխանութիւն մը, որուն հասնելու ուղին յստակ չէ։ Ինչ որ, սակայն, Քոսովոյի «վերահսկուած անկախութեան» մէջ ան ամէնէն աւելի մտահոգիչ կը տեսնէ այն ընկալումը, որ անզիջողութիւնը կը վարձատրուի ամբողջական անկախ ազգային պետութեան մը շնորհումով։ «Կ’ենթադրուէր, որ նոր Եւրոպան նուազ սահմաններ պիտի ունենար, ոչ թէ աւելի»։ Հակառակ իր յոռետեսութեան, տը Վաալ կը գտնէ, որ եթէ Քոսովոյի բնորդին մէջ շեշտը դրուի «վերահսկում»ին աւելի քան «անկախութեան» վրայ, ապա եւ դրական ինչ-որ բան կարելի է քաղել անկէ։ Հիմնականին մէջ, «վերահսկումը» առնուազն տեսականօրէն կ’ապահովէ արեւմտեան բնոյթի պետական հաստատումներու կառուցում եւ միջազգային անվտանգութիւն։ «Բանալի հարցը հոս անվտանգութիւնն է», կը շարունակէ ան, մատնանշելով, որ Կովկասի մէջ երբեմնի ընկերվարական պետութիւնը վստահութիւն չէր ներշնչած անոնց, որոնք բացայայտօրէն կը յայտնէին, թէ զէնք վերցուցած էին, որովհետեւ կը վախնային կրկին «ցեղասպանութեան» ենթարկուելէ։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է անվտանգութեան այնպիսի կառոյց մը, որ այդ վախերը փարատէ։
Այդ նախանձախնդրութիւնը ունեցան արեւմտեան ուժերը Պոսնիոյ եւ Քոսովոյի մէջ անցնող մէկուկէս տասնամեակին եւ հասան յարաբերական յաջողութեան։ «Չեն յաջողած նոյնը ընել Կովկասի մէջ, մասամբ, որովհետեւ միջոցները եւ յանձնառութիւնը չունին, եւ մասամբ ալ, որ նման նախաձեռնութիւն կարելի է միայն Ռուսիոյ համագործակցութեամբ։ Եւրոպական միութիւնը հազիւ թէ ներկայ է հարաւային Կովկասի մէջ, եւ մինչ ԱՄՆ ունի աւելի զգալի ներկայութիւն, միեւնոյն ժամանակ ունի նաեւ տարբեր իրարու մրցակից օրակարգեր, որոնց կարգին ուժանիւթի մարզին մէջ ներդրումներու հարց, տեղական հայկական լոպպի եւ յարաբերութիւններ Ռուսիոյ հետ»։ Այս հաշուարկումները, սակայն, կ’եզրակացնէ տը Վաալ, կրնան փոփոխութեան ենթարկուելու կարիքը զգալ, տրուած ըլլալով, որ վրացական եւ հայ-ազերիական ճակատները սկսած են տաքնալ, եւ անոնք հազիւ 20 քիլոմեթր հեռու են Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան քարիւղատարէն։ «Շահերն են, որ խնդրոյ առարկայ են հոս, ոչ թէ լոկ սովորական կեանքեր»:
Տը Վաալի վերլուծումը անխուսափելիօրէն կը յանգեցնէ հետեւեալ եզրակացութեան. մինչ Արեւմուտքի հզօր պետութիւնները Պոսնիոյ եւ Քոսովոյի պարագային կրցան, կամ կրնան, այնպիսի «վերահսկողութիւն» մը բանեցնել, որ տեղւոյն հակամարտ կողմերու փոխադարձ անվստահութիւնն ու սպառնալիքի ընկալումը կամաց-կամաց փարատին եւ գոյակեցութիւնը ապահովուի պետական նոր կառոյցներու ընդմէջէն, ոչ Խորհրդային Միութիւնը անցեալին, ոչ ալ Ռուսիան ներկայիս նման դեր չի կրնար ստանձնել։ Ձգենք այս վերլուծումին ակնյայտօրէն թերի եւ քննադատելի կողմերը, ի մասնաւորի այն, որ Պալքաններուն մէջ, Քոսովոն վկայ, կան յաղթողներ ու պարտուողներ եւ պարտուողներն են, որ ամէնէն աւելի ծանր գին կը վճարեն։ Ձգենք նաեւ այն, որ այս միջազգային «վերահսկում»ի գաղափարը չես գիտեր ինչու հին գաղութատիրութեան հետ ինչ-որ հեռաւոր ազգակցութեան մը կասկածը կ’արթնցնէ։ Ձգենք նաեւ այն հարցումը, թէ ինչո՞ւ Ռուսիա պիտի ուզէ Կովկասի մէջ համագործակցութեան ձեռք երկարել Արեւմուտքին, երբ Արեւմուտքը Պալքաններուն մէջ միայն հետամուտ եղաւ ռուսական գործօնի անտեսման, չըսելու համար, որ պարզ եւ մեկին ուզեց Մոսկուայի ամէն ազդեցութիւն չէզոքացնել՝ կանգ չառնելով, ընդհուպ մինչեւ արհամարհում։ Բայց միանշանակ ճիշդ է, որ Կովկասի մէջ Ռուսիոյ դերը չի կրնար ձերբազատւիլ իր կայսերական անցեալի ուրուականէն։ Ոչ ալ Մոսկուա մասնաւոր ճիգ կ’ընէ յստակացնելու իր կեցուածքը ի նպաստ իր ռազմավարական դաշնակիցներուն եւ յանձնառու ըլլայ իրենց անվտանգութեան երաշխաւորման։ Քոսովոյի բարձրացուցած աղմուկին մէջ Արցախի մասին Մոսկուայի պահած լռութիւնը բարացուցական է այս վարքագծին։
Հայութեան համար, անշուշտ, արցախեան հիմնախնդիրը հեռու է «մոռցուած» ըլլալէ։ 1994ի զինադադարէն ի վեր ամբողջ ժողովրդային հարցախոյզ եկած է փաստելու, որ ո՛վ որ ալ ըլլայ իշխանութեան վրայ եւ ի՛նչ ալ որ ըլլայ ժողովուրդին վերաբերմունքը անոր նկատմամբ, ազատագրուած հողատարածքներու պահպանման հարցը, անոնց պաշտպանութեան պատրաստակամութիւնը կասկածի տակ չի դրուիր։ Իրողութիւն է նաեւ այն, որ 1998ին իշխանութեան հասնելէ ի վեր Ռոպերթ Քոչարեան հաստատ մնացած է ազգային անվտանգութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնող ամէն զիջումի մերժման կեցուածքին վրայ։ Հետեւաբար, նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կողմէ արցախեան հարցը ընտրապայքարի օրակարգին բերելը աւելի շատ իր ձախողութեան մասին կը խօսի։ Արցախեան հարցով զիջումներու երթալու պատրաստակամութեան պատճառով հրաժարական տալու ստիպուած Տէր Պետրոսեան իր թեկնածութեան առաջադրման եւ իր գլխաւոր մրցակիցին՝ Սերժ Սարգսեանի դէմ քաղաքական ճակատ բանալու քայլը տուաւ նոյն այդ հարցը վերարծարծելով, ոչ թէ պատրաստի ինչ-որ լուծում մը ունենալուն համար, այլ պարզապէս կրկին անգամ վախի մթնոլորտ ստեղծելու հետամուտ։
Լեւոն Տէր Պետրոսեան չյաջողեցաւ ընտրողները համոզել, որ ինք կը մնայ արցախեան հիմնախնդրի լուծումին առաջնորդող ղեկավարը, կամ կրնայ այդ դերը վերստանձնել եթէ իշխանութեան վերադառնայ։ Բայց օրակարգի վրայ բերելով Արցախի հիմնահարցը, դաշտ բացաւ այլ բնոյթի քննարկումի։ Ճիշդ է, ընթացաւարտ իշխանութիւնները զիջումի չգացին Արցախի հարցով, սակայն միաժամանակ հազիւ թէ մտահոգուեցան ազատագրուած հողատարածքներու վերաբնակեցութեամբ՝ անոնց ազատագրումը ամրագրելու համար։ Ազատ շուկայական տնտեսական քաղաքականութեան այն տարբերակը, որ գործադրուած է Հայաստանի մէջ երկարաժամկէտ զարգացման ծրագիրներու մշակման ատակ չէ, եւ թերեւս այս է կառուցային այն պատճառը, որ վերաբնակեցումը ոչ ոքի կը խանդավառէ։ Միւս կողմէ, սակայն, այն բացարձակ գաղտնիութիւնը, որով արցախեան հարցի բանակցային գործընթացը առաջ տարուեցաւ, բացառեց ժողովրդային ամէն բանավէճ, եւ այս իմաստով արցախեան հարցը, այո, «մոռցուեցաւ» հայրենի ոլորտին մէջ մինչեւ անոր հրապարակ գալը ընտրապայքարի ընթացքին։
Տը Վաալի վերլուծումին հետեւելով հետագայ ամիսները կրնան ջրել հակամարտութեան ցարդ «սառած» բնութագրումը, եւ շատ հաւանական է, որ արցախեան հիմնահարցը կրկին հրապարակային բանավէճի նիւթ դառնայ։ Ամէն պարագայի, անհրաժեշտ է, որ դառնայ, նախ որովհետեւ Ատրպէյճան կը շարունակէ սպառազինուիլ, ապա նաեւ որովհետեւ ժամանակը եկած է ազատագրուած հողատարածքներու վերաբնակեցումը ազգային լուրջ ծրագրի վերածելու։