Հայաստանեան «Կոլոս Արմենիի» թերթը իր 28 Փետրուար 2008ի կայքէջին վրայ ամփոփ լուրերու բաժնին մէջ կը հաղորդէ՝ «Լեւոն Տէր Պետրոսեան անհրաժեշտ կը նկատէ Ատրպէյճանին վնասուց հատուցում կատարել»:
«Կոլոս Արմենիի»ն իբրեւ աղբիւր յղում կ’ընէ «Եւրոպա Էքսփրէս» հրատարակչութեան, որու յօդուածագիրներէն Պորիս Ռասքին, վկայակոչելով ատրպեճանական «Վիշքա» թերթին մէջ հրատարակուած «Ռեկնում» լրատուական գործակալութեան՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հետ ունեցած հարցազրոյցը, ընդարձակ վերլուծական յօդուած մը ստորագրած է:
Պ. Ռասքին, վերլուծելով Լ. Տ. Պետրոսեանի՝ նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցելու իբրեւ թէ անհրաժեշտ պատճառները, հանգամանօրէն կ’անդրադառնայ Ղարաբաղեան հարցի տարբեր երեսներուն, յուսալով, որ Լ. Տէր Պետրոսեանի նախագահ ընտրուիլը լուծում պիտի բերէ նաեւ այդ «կնճռոտ եւ արդէն տասնամեակէ աւելի անելի մատնուած հարցին»:
Զանց կ’առնենք յօդուածագրին աչառու եւ ապսպրանքով կատարած վերլուծումները Հայաստանի եւ Ղարաբաղեան հիմնախնդրի մասին, աւելցնելով, որ այս պարագային յօդուածագիրը արջի ծառայութիւն մատուցած է Լեւոն Տէր Պետրոսեանին, ուղղակի մէջբերելով վերջինիս պատասխանը «Ռեկնում»ի՝ Արցախի խնդրի մասին հարցումին՝ «… Այո, դժուար եւ անհաճոյ է խոստովանել այսպիսի պարտաւորութիւն… Բայց Ատրպէյճանի հետ ստեղծուած հակամարտութիւնը եւ դրան իբրեւ արդիւնք նրա հողատարածքների բռնակցումը պահանջում է գոնէ նիւթական փոխհատուցում՝ հասցուած վնասի փոխարէն… Դրա չափերը հիմա չեմ կարող որոշել, բայց փաստը, որ անհրաժեշտ է (փոխհատուցում կատարել), անվիճելի է: Եթէ չխօսենք դեռ աւելիի մասին: Իսկ այս մասին կը խօսենք արդէն մօտակայ հեռանկարում»:
Աւելցնենք, որ Անգարան եւ Պաքուն պատրաստակամօրէն արձագանգած են առաջին նախագահի «զեղումներուն»: