ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Կը թուի, թէ Թրամփի դիւանագիտական գրաւը Իրանի խնդրով սկսած է արդիւնաւորուիլ։
Օմանի մայրաքաղաք՝ Մասքաթի բանակցութիւնները, կապուած՝ Իրանի միջուկային ծրագրին, ցարդ յուսադրիչ ընթացքի մէջ կը գտնուին։ Եւ այս մէկը՝ համաձայն Իրանի, Ամերիկայի եւ Օմանի պաշտօնական յայտարարութեա՛նց։ Թրամփի խիստ վերջնագիրը ռազմական լուծում տալու Իրանի միջուկային կարողականութեան հարցին (եթէ բանակցութիւնները մտնեն տեղքայլի բով) զգալիօրէն խթանած կը թուի ըլլալ բանակցութիւններու արագ ընթացքը։ Բանակցութիւններու յաջորդ փուլը, որ կը սկսի Մայիսի 3ին, արդէն կրնայ յանգիլ սկզբնական համաձայնագրի ստորագրման։ Այս է ներկայ խօսոյթը։ Կը գտնուինք զգուշաւոր լաւատեսութեան գօտիին մէջ։ Անշուշտ, երբեք կարելի չէ բացառել խանգարիչ անակնկալներու հաւանականութիւնը։ Տարածաշրջանի խաղատախտակը կը պահանջէ առաւելագոյն շրջահայեցութիւն։
Ամերիկա կրցաւ՝ (ա) յաջողութեամբ կասեցնել իսրայէլեան սպառնալիքը Իրանի դէմ, (բ) չէզոքացնել Մոսկուան Կովկասի եւ Մերձաւոր Արեւելքի ռազմաբեմերուն վրայ, (գ) թուրքեւատրպէյճանական ուժը բերել Իրանի հետ համագործակցութեան եւ վերջապէս (դ) դրական ընդառաջում ապահովել Իրանէն Թրամփի պահանջկոտ պայմանի կապակցութեամբ՝ Իրանի միջուկային կարողականութիւնը սահմանափակելու խնդրով։
Պէտք է ընդունինք, որ ասիկա շրջադարձային յառաջընթաց մըն է, Ուաշինկթընի դիրքերէն դիտած, բանակցութիւններու յաջորդական փուլերու ընթացքը պայմանաւորող։
Թրամփ ցարդ յաջողած կը թուի ըլլալ Իրանի պետական վերնախաւը համոզել, որ ինքն է – Թրա՛մփը – Իրանի լաւագոյն խաղաքարտը տարածաշրջանի բեմին վրայ, առանց պատերազմի եւ նուազագոյն զիջումներով, աշխարհակարգի հաւասարակշռութեան մէջ Իրանի տեղը ապահովելու։ Անշուշտ դեռ շատ կանուխ է նախատեսութիւններ ընելու համար։ Թրամփի գրաւը դեռ շատ լուրջ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուի։ Այնուամենայնիւ այն ինչ, որ կայ գետնի վրայ, իրական է եւ խոստումնալից։ Իրանը «բերել աշխարհակարգ» (միաժամանակ սանձահարելով իսրայէլեան եւ թրքական գործօնները Իրանի շուրջ) հսկայ իրագործում մըն է, որ – եթէ ամրագրուի – Թրամփին կու տայ մեծ առաւելութիւն մը տարածաշրջանի ճակատագիրը վճռելու գործին մէջ։ Այդ մէկը կը նշանակէ կարենալ աշխարհակարգը վերաձեւաւորել Ամերիկայի օրակարգին շուրջ եւ ամբողջ տարածաշրջանին վրայ հաստատել «Ամերիկեան Խաղաղակարգը» (Pax Americana) գէթ ժամանակի մը համար։
Այս կէտին վրայ, հարց պէտք է տալ, թէ արդեօ՞ք հնարաւոր է նման մոգական սէնթէզի (համադրութեան) մը հասնիլ եւ երաշխաւորել անոր երկարակեցութիւնը։ Տարածաշրջանը կրնա՞յ արդեօք ընդունիլ նման իրադարձութիւն։ Կարճաժամկէտ հաւասարակշռութիւններու վրայ հանգչող ամերիկեան ներքաղաքական կառուցակարգը կրնա՞յ դիմանալ նման համաշխարհային յանձնառութիւններու։ Եւ վերջապէս Ռուսաստան եւ Չինաստան մինչեւ ե՞րբ կը մնան ձեռնպահ Ամերիկայի յիշեալ գործարքին դիմաց։ Ասոնք անհանգստացնող հարցեր են, որոնց հետ անխուսափելիօրէն հաշուի պիտի նստի ներկայ բանակցային գործընթացը դիւանագիտութեան յաջորդական փուլերուն մէջ։
Դիւանագիտութեան մէջ երկարաժամկէտ լուծումներ չկան։ Դիւանագիտութիւնը յարափոփոխ եւ դիւրաբեկ իրականութիւններու աշխարհն է։ Բայց միաժամանակ պէտք է յիշել, որ նոյնքան կարեւոր են դիւանագիտութեան կարճաժամկէտ հանգրուանները։ Անոնք այնուամենայնիւ եւ քայլ առ քայլ կը տնօրինեն երկրագունդի ապագան։
Ներկայիս — եւ այնքան ատեն, որ — Թրամփի խաղաքարտը յաջողապէս կը գործէ Կովկասի մէջ, Սիւնիքի օրակարգն ալ ինքնաբերաբար ընդգրկուած պէտք է համարել Թրամփի ընդհանուր փաթեթին մէջ։ Մոսկուա, Ատրպէյճան եւ Թուրքիա առժամաբար դուրս կը մնան Սիւնիքի օրակարգէն։ Բարացուցական է այն պարագան, որ Թեհրան-Պաքու բանակցութիւնները Նախիջեւանի ճանապարհը Իրանի տարածքով տանելու (պահ մը առկախելով Սիւնիքի վրայ եղող ճնշումը…)՝ յանկարծ լուրջ հանգամանք կ՛ընդունին։ Իրանի նախագահը յանկարծ կը հրապարակէ «պայմանագրի թէզերը» յայտարարելով, որ Արցախը ատրպէյճանական է եւ այդպէս ալ պիտի մնայ… որուն լռելեայն փոխարժէքը կը թուի Սիւնիքը ըլլալ այսօր… Պարզ խօսքով, Սիւնիքի հարցը – կողմերու լռին համաձայնութեամբ – սեղանի վրայ չէ գէթ առայժմ։ Այդ խաղաքարտը այժմ կը գտնուի Թրամփի ձեռքերուն մէջ։
Պէտք է ենթադրել, որ Պր. Փեզեշքեանի վերոյիշեալ ձեւակերպումը միայն Թեհրանէն չէ, որ կը բխի։ Այդ բանաձեւին մէջ պէտք է փնտռել յատկապէս Ամերիկայի կամարտայայտութեան յստակ հետքերը։ Պարզ է, որ աշխարհակարգի ուժերը (աշխարհակարգի հաշւո՛յն) փակած են Արցախի հարցը։ Սեւեռակէտը այժմ Սիւնիքն է եւ, ինչպէս ըսի, այսօր Սիւնիքի հարցը կը գտնուի Թրամփի վերին տնօրինման ենթակայ։ Աւելի՛ն։ Բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան, որ Սիւնիքը մաս կը կազմէ իրանեւամերիկեան բանակցութիւններու ընդհանուր տրամաբանութեան։ Պարզ խօսքով, ան այժմ իրանեւամերիկեան սակարկութեանց աւազանին մէջն է։ Դժուար չէ պատկերացնել, որ եթէ Սիւնիքը «փրկուի» եւ շարունակէ մնալ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան մաս, փրկարարը պիտի ըլլայ Իրանը… Իրանի պատմական պնդումը Սիւնիքը պահելու Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան մաս՝ այսօր է, որ իր վճռական (critical) վաւերականութեամբ պիտի գործէ։ Հոս է, որ Իրանի եւ Հայաստանի շահերը պատմականօրէն կը հանդիպին եւ կը բիւրեղանայ երկու երկիրներու բնական դաշնակիցներ ըլլալու պարագան։ Եւ հետեւաբար Մասքաթի ներկայ բանակցութիւններն են Սիւնիքի հարցին այսօրուան փորձագետինը։ Գետի՛ն՝ ուրկէ դուրս կը գտնուի փաշինեանական համակարգով ղեկավարուող Հայաստանը…Այս բանին բոլոր ռիսքերը (վտանգները) բեռնաւորելով մեր ժողովուրդի վզին։
Առակս ի՞նչ ցուցանէ։
Պարզ է վաղուց, որ Հայաստանի անկախ պետականութեան լինելիութեան հիմնահարցը սերտօրէն առընչուած է աշխարհակարգի ընդհանուր իրականութեան։ Քանիցս դիտարկուած փաստ է, որ առանց գործօն եւ ուշիմ դերակատար մը ըլլալու ԱՇԽԱՐՀԱԿԱՐԳԻ ուժային աղիւսակին մէջ եւ առանց ձեւաւորելու լծակային կարողականութիւններու հայկական զինարանը, այս ճակատագրական ժամանակներուն մէջ, Հայաստանը պարտաւորուած է գործելու սնանկ պետութեան դիրքերէ (մենք Խրիմեան Հայրիկը ղրկած ենք Պերլին եւ զինք թողած առանց շերեփի…)։ Դատարկ ձեռքերով կարելի չէ արդիւնք ապահովել այս խաղատախտակին վրայ։ Դատարկ ձեռքերով՝ Հայաստանը միայն իր քաղաքական անատակութիւնն է, որ կը ցուցադրէ եւ ինքզինք կը դնէ լքեալ գոյքի կարգավիճակին մէջ։
Հարցո՛ւմ․ Հայաստան պիտի կրնա՞յ վերականգնել իր ինքնիշխան անհատականութիւնը իրերու այս նուրբ կէտին վրայ։
Փաստը այն է, որ տարածաշրջանի դիւանագիտական ներկայ եռուզեռին մէջ, փաշինեանական համակարգի տնօրինումներուն յանձնուած Հայաստանը գործնականօրէն տեղ չունի։ Ան չունի լինելիութեան յստակ վարդապետութիւն (doctrine), չունի յստակ ռազմավարութիւն, չունի կարմիր գիծեր, չունի ազգային ընդհանուր համախոհութիւն իր գոյութիւնը լիազօրող գերամեծար առաջնահերթութիւններուն շուրջ։ Ունի իշխանութիւն, որ կը յամառի կառչած մնալ իշխանութեան դիրքերուն շնորհիւ իր արտաքին յենարաններուն եւ շնորհիւ հասարակութեան մեծ շերտի մը քաղաքական ինքնուրոյն կամքի պակասին։ Հայաստանը պիտի կրնա՞յ ետ շրջել պատմութեան այս ծուռ դարձած անիւը։ Այս վճռական հարցին պատասխանը ազգն է, որ պիտի տայ այսօր։ Աւելի ճիշդ, ազգին քաղաքական կամքը ներկայացնող արթուն եւ գործօն ուժերն են, որ պիտի կտրեն այս գորդեան հանգոյցը։ Մէկ բան յստակ է։ Քաղաքական կամքի դրօշակիրը կրնայ ըլլալ միայն ան, որ գործնականօրէն եւ խիզախօրէն – ԵՒ ԳԵՏՆԻ ՎՐԱՅ — կը ցուցաբերէ այդ կամքը։ Այդ կամքը վերացական չէ։ Ան ազգին կենդանի մկանն է, որ պէտք է արժեցնէ իր գոյութիւնը։
Ուրիշ Հայաստան եւ ուրիշ հայութիւն գոյութիւն չունին։ Այս Հայաստանն է եւ այս Սփիւռքն է, որ պիտի դուրս գան զիրենք պատուհասող պատմական այս թակարդէն։ Այս ազգն է, որ պիտի կերտէ բանալին համաշխարհային գերոյժին (leverage)։ Այս ազգն է, որ պիտի վերջ տայ իր անվճռականութեան։ Այս ազգն է, որ պիտի յաղթահարէ իր ներքին «դեւ»երը։ Իր ինքնավստահութիւնը ջլատող ներքին եւ արտաքին գործօննե՛րը։ Ինչքան ալ, որ համաշխարհային ներկայ համակարգը փաշինեանական իր գործիքակազմով կը ջանայ մեր ժողովուրդին ներշնչել քաղաքական թերարժէքութեան մտայնութիւնը, հայկական կողմը պիտի կարողանայ կազմակերպել իր պատմական շրջադարձը եւ ինքզինք կրկին պարտադրել աշխարհակարգի կարծեցեալ տէրերուն։ Այլ ելք գոյութիւն չունի։
Հայաստանը անզէն չէ։ Հայաստանը անօգնական չէ։ Հայաստանը անտէր չէ։ Հայաստանը պիտի կարողանայ տէր կանգնիլ իր ռազմաքաղաքական զինարանին։ Ան պիտի կրնայ անմիջապէս դուրս շպրտել իր ներկայ զինաթափ իշխանութիւնը եւ տիրականօրէն տէր կանգնիլ տարածաշրջանի իր պատասխանատուութիւններուն։ Մեր փրկութեան բանալիները ոչ Իրանի, ոչ Ռուսաստանի եւ ոչ Արեւմուտքի մէջ կրնանք փնտռել, եթէ անոնք, առաջին հերթին, մեր իսկ ձեռքերուն մէջ մեր գերագոյն շահերուն չեն ծառայեր։
Այս առումով, Ամերիկայի ներկայ գործարքը կրնայ գործել ի նպաստ մեր գերագոյն շահերուն, եթէ մեր ռազմաքաղաքական զինարանը ինքներս դնենք տարածաշրջանի ընդհանուր հաւասարութեան մէջ եւ կացութիւնը ճիշդ ուղղորդենք։ Այլապէս ան պիտի գործէ միայն մեր լինելիութեան հրամայականներուն դէմ։
Որոշումը մե՛րն է։
Ապրիլ 30, 2025