
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Նոր Վերնատուն մշակութային միութիւնը, ատենապետութեամբ փորձառու ղեկավար Պետրոս Անսրեանի՝ միութիւն մըն է, որ ցարդ մշակութային թէ գեղարուեստական ձեռնակներ չէ կազմակերպած, որովհետեւ մեծ թիւով անդամակցութիւն չունի։ Շուրջ տասը մտաւորականներէ կազմուած այս միութիւնը շաբաթը մէկ անգամ քով քովի կու գայ եւ կը զբաղի ազգային հարցերով։
Նոր Վերնատունը նիւթապէս օգտակար հանդիսացած է կարեւոր նկատուած հայերէն գիրքերու հրատարակութեան եւ օգնութեան հասած է նաեւ հայկական վարժարաններու եւ այլ ազգային հաստատութիւններու։
Այս տարի, Նոր Վերնատունի վարչութիւնը որոշեց 24 Ապրիլին՝ Մեծ Եղեռնի 110ամեակի տարելիցին, այցելել Սոլվենկի Դանիական Լուտերական եկեղեցին եւ ծաղկեպսակ մը զետեղել միսիոնար (missionary) եւ Հայոց Ցեղասպանութեան վկայ՝ Մարիա Եաքոպսոնի կիսանդրիին առջեւ, որ զետեղուած է եկեղեցւոյ մուտքին։ Այդ օրուան հանդիսութեան մասնակից դարձան նաեւ Մարիա Եաքոպսոնի բարեկամներու շրջանակը։
Այդ կիսանդրին զետեղուեցաւ 2016ին, որովհետեւ ինք դանիացի է։ Այդ օրուան տպաւորիչ հանդիսութիւնը կազմակերպուած էր հանգուցեալ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի եւ վերապատուելի Ճօ Մաթոսեանի ջանքերով եւ ներկայ էին Ճիպէյլի «Թռչնոց Բոյն» որբանոցի հայ աշակերտներէն շատեր։ Անոնց համար՝ Եաքոպսոն «Մայրիկ» էր։
Եաքոպսոն ծնած է Դանիա, 1882ին։ Փոքր տարիքին ան տեղեակ կը դառնայ Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած Համիտեան ջարդերուն մասին (1894-96), որուն զոհ կ՛երթան բազմահազար հայեր եւ կը որբանան 50,000 մանուկներ։ Եաքոպսոն կը միանայ Կիներու Աւետարանչական խումբին (Women’s Missionary Workers) եւ 1907ին կը մեկնի Օսմանեան կայսրութիւն ու կը հաստատուի Խարբերդի մէջ։
Եաքոպսոն կ՛աշխատի Ամերիկեան հիւանդանոցին մէջ եւ իր հոգատարութեան կը յանձնուին հազարաւոր հայ որբեր։ 1919ին, Ա. Համաշխարհային պատերազմի աւարտին, Եաքոպսոն կը վերադառնայ իր հայրենիքը։ Ան բծատենդէ (typhus) վարակուած ըլլալով՝ բուժման համար կը մեկնի Ամերիկա։
Եաքոպսոն 1922ին կը մենի Լիբանան եւ ծովեզերեայ Ճիպէյլ (Byblos) քաղաքին մէջ հիմը կը դնէ «Թռչնոց Բոյն» որբանոցին, ուր իր հոգատարութեան կը յանձնուին 208 մանուկներ։ Ան կը մահանայ 1960նին եւ իր փափաքին ընդառաջելով՝ զինք կը թաղեն որբանոցի պարտէզին մէջ։
Վերադառնալով 24 Ապրիլի հանդիսութեան՝ ամփոփ բայց տպաւորիչ յայտագիր մը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Գէորգ Քէօշկէրեանի։ Ան նախ խնդրեց, որ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգենք յիշատակը 1.5 միլիոն սրբադասուած նահատակներուն։ Ան յիշեց, որ պէտք է յարգենք նաեւ յիշատաըկ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի, որ մղիչ ուժը հանդիսացած էր Եաքոպսոնի կիսանդրիին զետեղման։
Ապա, գաղութիս ծանօթ եւ սիրուած սոփրանօ Մարալ Բարսեղեան երգեց ամերիկեան եւ հայկական քայերգները, իսկ օրուան պատգամը անգլերէնով փոխանցեց վերապատուելի Ճօ Մաթոսեան։ Ան դիտել տուաւ, որ մեր այսօրուան առաքելութիւնը երկու սրբազան նպատակ կը հետապնդէ, նախ՝ յարգել յիշատակը Ցեղասպանութեան զոհերուն, ապա՝ Ցեղասպանութենէն մազապուրծ ազատած որբերուն խնամք տարած Եաքոպսոնին։
Լուտերական եկեղեցւոյ կորովի հոգեւոր հովիւ Քրիս Պրաուն փոխանցեց իր սրտի խօսքը։ Ան նշեց, որ երկու տեսակ այցելուներ կու գան հոն. անոնք, որոնք տեղեակ են Եաքոպսոնի սխրագործութեան. անոնք ընդհանրապէս հայեր են եւ ուրիշներ, որոնք տեղեակ չեն, սակայն այդ առիթով տեղեակ կը դառնան եւ մեծապէս կը գնահատեն անոր սրբազան առաքելութիւնը։
Նոր Վերնատուն մշակութային միութեան կողմէ խօսք առաւ տոքթ. Վարդան Թաշճեան։ Ան վեր առաւ Եաքոպսոնի տարած անգնահատելի աշխատանքը։ Յարգելի բժիշկը նշեց, թէ 1970ականներուն, երջանկայիշատակ Խորէն Ա. կաթողիկոսը զինք իր մօտ կանչեց եւ խնդրեց, որ ստանձնէ «Թռչնոց Բոյն»ի ուսանողներուն բժշկական խնամքը։ Պատիւ մը՝ որ զինք առաջնորդած է մօտէն ծանօթանալու միսիոնարուհիի գործին։
Սաներուն կողմէ խօսք առաւ ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան երկրորդական վարժարանի նախկին երկարամեայ գիտական դասերու ուսուցիչ Գէորգ Յակոբեան։ Ան յուզումով արտայայտուեցաւ «Մայրիկ»ին մասին եւ բարձր գնահատեց անոր, իր քրոջ՝ Աննային, եւ միւս օտար միսիոնարներու տարած աստուածահաճոյ գործը։
Յակոբեան յատկապէս յիշեց Կիրակի երեկոները, երբ բոլոր սան-սանուհիները կը հաւաքուէին սրահը՝ աթոռին վրայ տեղաւորուած «Մայրիկ»ի շուրջ եւ լուռ ու խոր հետաքրքրութեամբ կը հետեւէին անոր պատմած առակներուն։
Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Տէրունական աղօթքին եւ «Կիլիկիա» երգին խմբային երգեցողութեամբը։ Հուսկ, վերապատուելի Մաթոսեան օրհնութեան աղօթքով փակեց խիստ տպաւորիչ ուխտագնացութեան այդ հանդիսութիւնը։
Յիշեմ, որ վերապատուելի Մաթոսեան հրաւիրեց ընտանիքի մը երկու մանչ փոքր մանուկները, որ նկարուին իրեն հետ, Եաքոպսոնի կիսանդրիին առջեւ։ Այդ յուզիչ պահուն էր, որ մտովին տեսայ պահանջատիրութեան ջահը, որ կը փոխանցուէր մեր մատղաշ սերունդի ներկայացուցիչներուն։
Վերապատուելի Մաթոսեան հրաւիրեց ներկաները, որ պահ մը մտնեն եկեղեցի եւ լուռ աղօթքով մը եզրափակեն իրենց այցելութիւնը։