Հայկական Պոլիսը։ Եթէ պատմութիւն է, ուրեմն անպայմանօրէն՝ ապրուած ու իրական։ Եւ այդ ապրուած ու իրական պատմութիւնը ունի հսկայական աւանդ, որ տարիներու ընթացքին կերտած է ազգային, մշակութային գրական մէկ մեծ իրադարձութիւն։ Իսկ իրադարձութիւնը կերտած է ինքնութիւն մը, որ այսօր լեցուցած է պատմութեան արխիւը։ Բայց այդ արխիւը այսօր ունի նաեւ իր ժառանգը, որ կ՚ապրի եւ կը տրոփէ…։ Այդ ժառանգը կ՚ապրիս, երբ կը քալես հայկական Պոլսոյ թաղերէն…։ Եւ աւելի՛ն, այդ ժառանգը կ՚եռայ իւրաքանչիւր դպրոցի, եկեղեցւոյ եւ հայկական հաստատութեան հետ հանդիպումի ընթացքին։
Ես պատմութիւնը ապրեցայ ու վերապրեցայ Փետրուար 10-17, 2008ին, եօթը օրերու ընթացքին, վերագտնելով հայկական Պոլիսը… Նոյնինքն հայկական Պոլիսը, եթէ մէկ կողմէ տարաւ զիս մեր անցեալի մշակութային եւ ազգային ժառանգին, անպայմանօրէն ան ամրացուց այսօրուան եւ ապագայի տեսլականը՝ հայկական եւ քրիստոնէական ինքնութիւնները պահպանելու ամուր գրաւականը։
Պատմութիւնը…։ Կերտուած պատմութիւնը…։ Հայոց լեզուի, գրականութեան եւ պատմութեան դասապահերու ընթացքին բոլոր սորվածդ կ՚ապրիս դարձեալ, երբ կը քալես հայկական Պոլսոյ փողոցներէն։ Քալած ատենդ կը զգաս սորված բոլոր գիտելիքներուդ արժէքը։ Կ՚անդրադառնաս, թէ որքան իրական եւ հարուստ է։ Այդ իրական եւ հարուստ պատմութիւնը ձեւով մը կերտած է կեանքդ եւ տուած է ինքնութիւն։ Նոյնինքն այդ ինքնութիւնը կը պահես ու կ՚ամրացնես հոգիիդ մէջ՝ իբրեւ մեծ ժառանգ…։ Այդ ժառանգը կ՚ապրիս հայկական Պոլսոյ փողոցներուն մէջ։
Կիրակի, 10 Փետրուար։ Պոլսոյ Կետիկ փաշա շրջանի Հայ Աւետարանական եկեղեցի։ Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցիի հիմնադրութենէ ետք, առաջին եկեղեցիներէն մին է։ Անպայմանօրէն կ՚ապրիս ու կը զգաս պատմութիւնը։ Վեր. Գրիգոր Աղապաօղլու խնդրեց ինձմէ քարոզել…։ Եկեղեցին լեցուն է։ Երիտասարդներ եւ տարեցներ։ Կը դիտեմ իւրաքանչիւրին աչքերը, որոնց մէջ կայ անձնկութիւն, սէր եւ նաեւ՝ հպարտութիւն։ Հայկական հպարտութիւն է, նոյնիսկ երբ լեզուին լման չեն տիրապետեր։ Քարոզէն ետք բեմ կը բարձրանայ Ռաքէլ Տինքը։ Աչքերուն մէջ կայ արցունք։ Իբրեւ վկայութիւն՝ կ՚երգէ հոգեւոր երգարանէն՝ «Երբ այն խաչին ես կը նայիմ» երգը…։ Երկուշաբթի, 11 Փետրուարին, Հրանդի սպանութեան դատավարութեան շարունակութի՛ւնն է։ Երեւի տակաւին կը շարունակուի դատը, եւ հաւանաբար՝ երկար…։ Ռաքէլի վկայութեան ու աչքերուն արցունքին հետ միտքս կը չարչրկէ հարցումը։ Հարցումներ, եւ նոյնինքն՝ եկեղեցւոյ բեմէն…։
«Ինչո՞ւ սպաննեցին Հրանդը»։ Բայց արդեօ՞ք ճշմարտութեան համար խօսած ու ապրած կեանքին համար։
Ռաքէլ Տինք խաչի հաւատքը կը դնէ իբրեւ աղօթք եւ վկայութիւն։ Ճշմարտութեան կեանքն է, որ Ռաքէլ կը շարունակէ առանց Հրանդի։ Իր վկայութիւնը կոչ է բոլորիս՝ շարունակելու ճշմարտութեան կեանքի պայքարը։
Այդ պայքարին մէջ կայ հաւատք, կորով, ջանք, յոգնութիւն եւ անպայմանօրէն… արցունք։ Ռաքէլի արցունքն է, բայց նաեւ՝ բոլորիս։
Կեդրոնական վարժարանը այսօր կը հաշուէ մօտաւորապէս 200 աշակերտ։ Երկրորդական բաժինի վերջին երեք կարգերու համար է այսօր այս վարժարանը։ Սիլվա Գույումճեան տնօրէնուհին է, որուն նուիրական կեանքը կրթական այս հաստատութեան մէկ ապացոյցն է այս վարժարանի շարունակականութեան։ Կեդրոնական վարժարանին շատ բան կը պարտի հայ գրականութիւնը եւ մշակոյթը։ Վարժարանի դասարաններէն անցնելով մինչեւ սրահը եւ մեր մտաւորական սերունդի պատկերներով՝ կ՚ապրիս մեծութիւնը մեր ժառանգին։ Կ՚անդրադառնաս նորէն հայ վարժարանի կարեւոր դերին՝ հայ ժողովուրդի գոյապայքարի մէջ, թէ՝ հայ վարժարանը, պատմութեան տարբեր հոլովոյթին, ստեղծած է տիտաններ։ Պատմութիւնը ինքզինք կրնայ կրկնել։ Կրնայ շարունակել ստեղծել նոյնը։ Բայց անհրաժեշտ է պահել…։ Շարունակականութեանը համար, բայց անպայմանօրէն՝ նորին…։
«Ժամանակ»ը հայ մամուլի հարիւր եւ երկար տարիներու երախտաշատ նուիրեալն է։ Ընտանեկան ձեռնարկ մըն է, որուն հաւատաւոր շարունակողն է երիտասարդ Արա Գոչունեանը։ Ան տակաւին ամուր կառչած է հայ խօսքին ու խօսքին միջոցով «ժառանգ»ի շարունակականութեան։ Նոյնին կը հաւատայ նաեւ Ռոպեր Հատտէճեան՝ «Մարմարա»ի նուիրեալը…։ Եւ այս երկու թերթերը հայատառ մամուլի երկու «հերոսներն» են, որոնք ոչ միայն պոլսահայ իրականութեան համար կ՚աշխատին, այլեւ կը հաւատան միջգաղութային իրականութիւններու ամրապնդման։ Մամուլը այս իմաստով կարեւոր դեր կը խաղայ՝ միացնելու համար հայկական ջանքերը քիչ մը ամէն տեղ, նաեւ՝ Պէյրութի հետ…։
««Ակօս»ը Հրանդին հոգին է, որ պէտք է շարունակուի», կ՚ըսէ Մայտա Սարիս։ «Ակօս»ը այսօր վերածուած է 24 էջերու, որոնց չորսը՝ հայատառ։ «Ընթերցողներու թիւը շատցած է», կը շարունակէ Մայտան։ Իւրաքանչիւր աշխատակից մէկ նուիրեալ մըն է «Ակօս»ի մէջ։ «Հաւատացած են առաքելութեան, եւ կը շարունակեն աշխատիլ ամէն վտանգ եւ սպառնալիք նկատի առնելով», Մայտան է բացատրողը, որ նոյնպէս հաստատ է իր կոչումին մէջ։
Հաստատ է Մայտան՝ որովհետեւ դժուար եղած է իրեն տեսնել Հրանդին «անշարժ» մարմինը՝ նոյնինքն խմբագրատան առջեւ։ «Կարելի չէր հաշտուիլ այն իրականութեան հետ, թէ շարժուն եւ հաղորդական Հրանդը անշարժ է…»։
«Ակօս»ը կը պահեն, որովհետեւ կ՚ուզեն Հրանդին ճշմարտութեան կեանքը շարունակուի…։
Կիրակի, Փետրուար 17ին, կը մտնեմ Պոլսոյ միջազգային օդակայան Պէյրութ ուղղուելու։ Պոլիսը ձիւներու մէջ ծածկուած է…։ Սպասման սրահը նստելով՝ կը դիտեմ դուրսը։ Կը դիտեմ իւրաքանչիւր ապրուած օրը եւ հանդիպումը։ Ամէն մէկ հաստատութիւն՝ իր պատմութեամբ եւ բովանդակութեամբ։ Բոլորին մէջ կը տեսնեմ հայկական «ժառանգը», որ ձիւնին նման ճերմակ է…։ Տակաւին կանգուն եւ խօսուն…։
Դժուարութիւններ կան, անոնք այս կեանքին մէկ մասն են, որ կարելի չէ անտեսել։ Բայց դժուարութիւններու մէջէն հայկական «ժառանգ»ը կը թիավարէ եւ կանգուն է…։ Բայց կանգուն է, որովհետեւ պոլսահայ մեր «գումարտակ»ը, անկախ իր թիւէն՝ «բերդը» ամուր կը պահէ…։
Նոյնիսկ երբ իրենց աչքերուն մէջ արցունք կայ…։
Հայ ժողովուրդի գոյապայքարն է…։ Արցունքէն ետք՝ կերտել նոր կեանքը…։